ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սեպտեմբեր 30ը ժամկէտ է: Մինչ այդ, պէտք է հնարաւոր ըլլայ ապահովել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներու մեծամասնութեան դրական քուէն՝ թիւ 252 բանաձեւին համար: Սեպտեմբեր 30էն ետք, քոնկրեսականները կը մեկնին արձակուրդի ու ամբողջութեամբ կը կլանուին իրենց ընտրարշաւի աշխատանքներուն մէջ:
Արձակուրդէն ետք, արդէն նոր կազմով աշխատանքի վերսկսող Քոնկրեսը ի՞նչ պատկեր պիտի ներկայացնէ՝ չենք կրնար կանխատեսել: Նկատի ունենալով այս կազմի ղեկավարութեան հայամէտ կեցուածքները՝ պէտք է առիթը չփախցնել ու մինչեւ արձակուրդի մեկնումը՝ բանաձեւը անցնել օրակարգին:
Այս կարճ ժամանակամիջոցին անկարելին կարելի դարձնելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները շղթայազերծած են արշաւ մը, որուն հզօր թափն ու լայն տարողութիւնը չեն նկատուիր հանրութեան կողմէ, որովհետեւ անհնար է անոնց տեղեկագրութիւնը ամբողջութեամբ կամ նոյնիսկ մասնակիօրէն հրապարակելը:
Հայ Դատի յանձնախումբի ամերիկատարած ցանցն է, որ գործի լծուած է, ու մեքենան իսկապէս լարուած կ՛աշխատի: Ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մէջ նուազագոյն ազդեցութիւն ունեցող հայորդիներն ու հայերու բարեկամները զօրաշարժի ենթարկուած են, ու ամէն րոպէ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին, ցուցմունքներ ու թելադրանքներ կը տրուին:
Եթէ մէկն էք, որ ունիք ծանօթ քոնկրեսական կամ կը ճանչնաք հայորդի մը, որ կապեր կրնայ ունենալ դեմոկրատ կամ հանրապետական ոեւէ քոնկրեսականի հետ, կրնաք տեղեկացնել Հայ Դատի որեւէ գրասենեակ, կամ կրնաք կապուիլ մեզի, այստեղ՝ «Ասպարէզ»:
Ցարդ ապահովուած քուէներուն թիւը խիստ քաջալերական ըլլալով հանդերձ, տակաւին բաւական ճամբայ ունինք կտրելու: