
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հոկտեմբեր 24ին կայանալիք յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Ժառանգութիւն» մրցանակը պիտի շնորհուի համայնքային գործիչ եւ բարերար Չարլի Կալեանին, ամերիկահայ համայնքին անոր մատուցած երկարամեայ սպասարկութեանց համար:
Արժանթին ծնած Կալեանի մեծ հայրն ու մեծ մայրը վանեցիներ էին, որոնք Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուելով՝ Երեւան հասած էին, իսկ այդտեղէն՝ Թեհրան անցած, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք: Կալեանի ծնողքը Իրանէն Արժանթին փոխադրուած էր ու դարձած տեղւոյն համայնքի գործունեայ անդամներէն՝ իրենց զաւակին մօտ արմատացնելով հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւն:
1959ին, Կալեանները Պուենոս Այրեսէն Լոս Անճելըս կը փոխադրուին ու երիտասարդ Չարլին կ՛անդամակցի «Ռաֆֆի» հայրենասիրական կազմակերպութեան սկաուտական շարժումին, որուն հիմնադիրներէն մէկն էր Չարլիի մայրը: Սոյն կազմակերպութիւնը աւելի ուշ՝ 1968ին, վերածուեցաւ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: Չարլի Կալեան նաեւ անդամ էր ՀԵԴի ու «Ռաֆֆի» երգչախումբին:
1971ին, Կալեան կը փոխադրուի Տենվըր, ուր հագուստեղէնի առուծախի իր ընկերութիւնը կը հաստատէ՝ աշխատելով շրջանի 7 նահանգներուն մէջ: 1973ին ան կ՛ամուսնանայ Ճուլիային հետ ու կարճ ժամանակ ետք կը փոխադրուի Լոս Անճելըս, ուր զոյգը կը բախտաւորուի երեք զաւակներով՝ Քարլօ, Անճելօ եւ Մոնիքա, որոնք շրջանաւարտ կ՛ըլլան «Ֆերահեան»էն ու համալսարանական ուսումը կը շարունակեն Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, միաժամանակ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայկական մշակութային հիմնարկութեան եւ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան միջոցաւ սպասարկութիւններ մատուցելով իրենց համայնքին: Չարլի եւ Ճուլիա ամոլը նաեւ բախտաւորուած է հինգ թոռներով:
Կալեան յաջողած գործարար մըն է հագուստեղէնի արտադրութեան եւ տարածման մարզին մէջ, ու միշտ առիթներ գտած է իր յաջողութիւնները բաժնեկցելու հայ համայնքին հետ: Ան նաեւ եղած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան փոխատենապետ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ եւ իր կնոջ հետ՝ ՀՄԸՄի 29րդ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահ: Ներկայիս, ան ատենապետն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 24ին, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկին մէջ:
Տոմսերու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին: