ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀԵԴի 14 ուխտերէն մօտաւորապէս 60 պատգամաւորներ մասնակցեցան Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17էն Կիրակի, Սեպտեմբեր 19 երկարած Ընդհանուր ժողովի նիստերուն, որոնց ընթացքին քննուեցաւ անցեալ տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ մշակուեցան յառաջիկայ տարեշրջանին ծրագիրները:
Քննարկումի գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ համայնքային սպասարկութիւնը ընդարձակելու կարելիութիւնը: Այս ծիրէն ներս, նկատի առնուեցան ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջաններէն ներս, այլ նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ տարուող ու տարուելիք գործունէութիւնը: Քննուեցան նաեւ այլ նահանգներու կամ շրջաններու մէջ նոր ուխտերու հիմերը դնելու կարելիութիւնները:
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրը. որոշուեցաւ յառաջիկայ տարի ծրագիրին գործունէութիւնը ընդարձակել եւ զայն շարունակել ոչ միայն Գիւմրիի մէջ, այլ նաեւ այլ շրջանի մը մէջ եւս:
Ընդհանուր ժողովին ներկայ էին նաեւ շրջանի ՀՅԴ Պատանեկան միութեան ընդհանուր վարիչ մարմինէն, ՀԵԴի ճամբարի վարչութենէն եւ ՀՅԴ Երիտասարդական խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴի կեդրոնական կոմիտէի ՀԵԴի նորանշանակ ներկայացուցիչ Շանթ Պապուճեան ու նախկին ներկայացուցիչ Արամ Գալուստեան:
Աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2010-2011 տարեշրջանի կեդրոնական վարչութիւնը, որուն անդամներն են՝ Արեգ Սանդիկեան, Գասպար Ճիւելեկեան, Փաթիլ Ասլանեան, Դաւիթ Առաքելեան, Անիա Յակոբեան, Պերճ Բարսեղեան, Վաչէ Թովմասեան: