
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24ին լոյս տեսած խմբագրականով մը, ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը խստօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Մեթիու Պրայզան նշանակելու փորձին դէմ ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրի եւ Ռապըրթ Մենենտեզի դրած արգելքը՝ զայն ամերիկեան շահերուն դէմ առնուած եւ Կովկասի մէջ պատերազմը աւելի հաւանական դարձնող քայլ մը նկատելով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը «սրտխառնուք պատճառող» լոպիական կազմակերպութիւն մը համարելով՝ թերթը կը պնդէ, թէ Պրայզա առաջին կարգի դիւանագէտ մըն է, որուն նշանակման ի նպաստ արտայայտուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները:
Թերթը նաեւ անհիմն կը համարէ Պաքսըրի եւ Մենենտեզի ընդդիմութեան պատճառները՝ միաժամանակ պնդելով, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը վնաս կը հասցնէ թէ՛ Հայաստան-Թուրքիա եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքներուն: