ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մինչ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչները ոգի ի բռին կ՛աշխատին ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 252 բանաձեւի հաստատման, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այս անգամ տհաճ անակնկալ մը չպարգեւեց բոլորիս եւ ՄԱԿի բարձր ամպիոնէն առնուազն հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին:
Վերջին տարիներուն, մանաւանդ այն օրերէն, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները շփոթելով՝ սկսան աշխատելու ի վնաս յատկապէս Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգերուն, մենք վարժուեցանք վատագոյնը ակնկալելով՝ ամէն անգամ, երբ յուսալի պահ մը հասնի՝ Հայաստանի պետական գործիչներէն տուեալ պահը ականահարող յայտարարութիւն մը սպասել:
Այս անգամ, Հայաստանի արտաքին գործոց ղեկավարողները շարժեցան որոշ անկախութեամբ՝ միայն մասնակիօրէն հաշուարկելով Թուրքիոյ զգայնութիւնները, եւ իրենց նման կեցուածքով՝ առնուազն չվնասեցին Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Նալբանդեանի անդրադարձը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան, վստահաբար աւելի օգտակար պիտի ըլլար թիւ 252 բանաձեւի օգտին տարուող աշխատանքներուն, եթէ նախարարը աւելի յստակ կերպով խօսէր Ցեղասպանութեան իրողութեան, անոր ուրացման անընդունելի ըլլալուն եւ միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին:
Այս պահը իրապէս կարեւոր է եւ այդ գիտակցումով է, որ Հայ Դատի նուիրեալները իրենց կարելին կ՛ընեն՝ բանաձեւին հաստատումը իրականացնելու համար:
Յաջողութիւնը բոլորիս յաղթանակը պիտի ըլլայ: Պարտութիւնն ալ բոլորիս է, բայց այդ մասին մտածելն իսկ կրնայ թուլացնել աշխատանքին թափը: