ՕՐՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Լուսը բացուեց, բարին բացուեց,
Հօ, եզօ ջան, հորովել, հօ, եզօ ջան,
Քաշիր, քաշիր, ուսիդ մատաղ,
Հորի լորի, լորօ,
լորի լորի հորովել, հօ,
Վար-վար արա, ակօս արա,
եզօ ջան, ախպէր ջան,
Ցորենն ինծի, դարմանը՝ քեզ,
եզօ ջան, ախպէր ջան…
ԿՈՄԻՏԱՍ
Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան առաջին ալիքը ժամանակէ մը ի վեր կը սփռէ «Երգ երգոց» անունով հաղորդում մը, որ արդէն արժանացած է հեռուստադիտողներու ջերմ ընդունելութեան ոչ միայն իր պարգեւած գեղարուեստական մեծ վայելքի պահերով, այլեւ իր ստեղծած հայաշունչ ու հայրենասիրական մթնոլորտով եւ փոխանցած համահունչ պատգամով։
«Երգ երգոց»ի վերջին հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին, Կոմիտասեան «Հորովել»ին («Կալի Երգ») նորօրեայ կատարում մը առիթ տուաւ լսարանին մասնակից երգիչ Ներսիկ Իսպիրեանին, որպէսզի իր անդրադարձ–ելոյթին մէջ հպանցիկ ակնարկութիւն մը կատարէ գաղափարական ամբողջ աշխարհ մը խտացնող զուգահեռի մը։
Ակնարկուած զուգահեռը կը վերաբերէր մէկ կողմէ Կոմիտասեան երգի «Եզօ ջան, ախպէր ջան» բառերով վերծանուած հայ հողագործի հոգեխառնութեան, իսկ միւս կողմէ Դաշնակցութեան քայլերգով հնչող «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր ախպէր, արիք միանանք, յառաջ գնանք» պատգամին միջեւ առկայ գաղափարական պորտակապին։
Կոմիտասի երգով անմահացած «եղբայրութիւնը»՝ հայ գեղջուկին եւ անոր հետ վարուցան կատարող եզին միջեւ, յատուկ շեշտադրումի եւ խորհրդածութեան կ՛արժանանար ժամանակին, տասնըվեց–քսան տարի առաջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, ողբացեալ Հրայր Մարուխեանի կողմէ։ Տարբեր առիթներով՝ հանդիսաւոր բեմերէ, մամուլի էջերէն թէ դաշնակցական ժողովներու ընթացքին, ընկեր Հրայրը յաճախակի կը դիմէր այդ զուգահեռին՝ Դաշնակցութեան ընկերվարական աշխարհայեացքը հիմնաւորելու, բացատրելու կամ պաշտպանելու համար։
Ինչպէս ատենին, նաեւ այսօր հայ քաղաքական միտքը ընդհանրապէս ամբողջական եւ արժանի ընկալումը չէ ունեցած եւ դեռ չունի այս՝ Օրուան Մտածումի լուսարձակին տակ բերուած զուգահեռին։
Աւելի՛ն. հայ յեղափոխական շարժման եւ ազգային–ազատագրական պայքարի կուսակցութիւններու կազմաւորման շրջանէն իսկ, հայ քաղաքական միտքը դիմագրաւած է սեփական ժողովուրդին, հայրենի հողին եւ ազգային հոգեխառնութեան ակունքէն բխող՝ հարազա՛տ գաղափարական ուղի եւ աշխարհայեացք ընտրելու եւ զարգացնելու դժուարութիւնը։
Ռուսական թէ եւրոպական նոյնիսկ ամէնէն յառաջադէմ մտածողներէն կամ գաղափարական հոսանքներէն ընդօրինակուած կարգախօսներով եւ ծրագիրներով անհնար էր լուսաւորել ու հունաւորել միտքն ու հոգին դարաւոր գերութեան տակ կքած, իր քրտնաջան աշխատանքին արդիւնքէն դաժանօրէն իրաւազրկուած Հայուն։
Հարկ էր ճանչնալ եւ զգալ տառապագին կեցութիւնը Հայուն, որ իր ազատութեան կողքին զրկուած էր նաեւ սեփական ճակտի քրտինքին արգասիքէն նուազագոյն բաժինն իսկ վայելելու մարդկային տարրական իրաւունքէն։
Հայուն մնացած էր միայն իր ճակատագրակից լծկան եզը, որուն մէջ հայ գեղջուկը կը գտնէր տառապանքի եւ աշխատանքի «եղբայր»ը, տրտունջի եւ բողոքի «ընկերը»։
Հայուն այդ ընդհանուր կեցութեան բարեշրջումին համար էր ծառացած հայկական յեղափոխութիւնը եւ ազատութեան ու արդարութեան համապատասխան գաղափարաբանութեան պէտք ունէր հայ ազգային–ազատագրական պայքարը։
Ա՛յդ էր պատճառը, որ հայ յեղափոխականները ի մի խմբելու եւ դաշնադրելու դրօշով յառաջ եկած գաղափարական շարժումը՝ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը իր անդրանիկ ծրագիրը չմշակեց ռուս թէ եւրոպացի յեղափոխականներու առաջադրած ծրագիրներէն մեկնելով։
Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միացեալ գրիչով սկսած եւ Ռոստոմի ստորագրութեամբ ամբողջացած Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագրի մշակումը ընկերվարութիւն չքարոզեց՝ թէեւ իր էութեամբ ամէնէն արմատական ընկալումը ունէր ընկերվարութեան։
Քարոզեց հայ գեղջուկն ու բանուորը, հայ պանդուխտն ու արհեստաւորը իր ժառանգած ու զարգացուցած քաղաքակրթական նուաճումներուն լիարժէք տէր դարձնելու պայքար մը՝ ամէն կարգի ազգային թէ ընկերային կեղեքումներուն, չարաշահումներուն եւ իրաւազրկումներուն դէմ։
Այն աստիճան, որ ի տարբերութիւն «յաւելեալ արժէք»ի դէմ դասակարգային պայքար քարոզող ռուս, եւրոպացի թէ հայ ընկերվարականներուն՝ Քրիստափորները յարատեւ կռիւ յայտարարեցին հայ ժողովուրդին պարտադրուած «յաւելեալ արեան» դէմ։
Գաղափարական այդ աշխարհայեացքը չեկաւ տեսաբանական գիրքերէ, ոչ ալ յառաջադէմ մտածողներու արդէն պատրաստի ծրագրային… դեղատոմսերէն։ Եկաւ ու հիմնաւորուեցաւ հայրենի հողին՝ իր եզան ու արօրին արեան գնով կառչած հայ գեղջուկի, պանդուխտի եւ ընդհանրապէս աշխատաւորի հոգեխառնութենէն։
Այդ առումով ալ գաղափարական ուժեղ պորտակապով զիրար կը սնուցանեն հայ մշակին, բանուորին եւ ռենչպէրին միջեւ եղբայրութիւնը ազատագրական պայքարի մղող քայլերգն ու հայ հողամշակին եւ անոր աշխատանքի «եղբօր» եզան հոգեհարազատութիւնը վերծանող Կոմիտասեան երգը։
Առանց այդ գաղափարական պորտակապի լիիմաստ ընկալումին եւ ամրապնդումին՝ ո՛չ ազատականութիւնը, ո՛չ ցեղակրօնութիւնը եւ ոչ ալ ընկերվարութիւնը կրնան ուղի հարթել հայ ժողովուրդի կեցութեան ընդհանուր բարեշրջումին առջեւ։
Տարբեր չէ պատճառը այն դժուարութեան, որ այսօր ալ, ազատ ու անկախ պետականութեան պայմաններուն մէջ անգամ, իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր դիրքերէ, հայ քաղաքական մտքի նորօրեայ գաղափարախօսներէն շատեր աջ ու ձախ կը զարնեն իրենց գլուխը, բայց չեն կրնար գտնել հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ ազգային գաղափարաբանութիւնը։
Եւ դժուարութիւն պիտի ունենանք ապահովելու ազգային մեր երթին յաղթարշաւը, պետականութեամբ եւ հանրութեամբ, այնքան ատեն որ չենք ուզեր հասկնալ, թէ ինչո՛ւ հայը հարազատ «ախպէր» կը նկատէ իր աշխատանքի ընկեր եզը…
Մանաւանդ ի վիճակի պիտի չըլլանք տեսնելու, թէ յանուն արդարութեան ինչպիսի՜ զոհաբերութեանց եւ յանդգնութեանց ընդունակ է մեր ժողովուրդը։