ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նախիջեւանի Սադարակ քաղաքի դպրոցներէն մէկուն բացման ընթացքին խօսք առնելով՝ յայտնած է. «Այսօր մենք կ՛ապրինք զինադադարի պայմաններու մէջ։ Պատերազմը դեռ չէ աւարտած։ Աւարտած է միայն անոր առաջին փուլը»։
Ան աւելցուցած է, որ պատերազմը պիտի աւարտի այն ատեն, «երբ կնքուի խաղաղութեան պայմանագիր. իսկ խաղաղութեան պայմանագիր կրնայ կնքուիլ այն ժամանակ, երբ վերադարձուին Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները»։
«Ատրպէյճան այսօր ի վիճակի է լուծելու որեւէ հարց, որեւէ ճանապարհով», ըսած է Իլհամ Ալիեւ, ապա իր հօրը գովքը հիւսելով՝ աւելցուցած է. «90ականներու սկիզբը մենք ոչ բանակ ունէինք, ոչ ղեկավարութիւն։ Կատարուած էր դաւաճանութիւն։ Եթէ 1993ին Հայտար Ալիեւը չվերադառնար Ատրպէյճանի իշխանութեան, մեր գլխուն աւելի շատ դժբախտութիւններ պիտի թափէին։ Ատրպէյճանը ընդհանրապէս պիտի քանդուէր, եւ մենք պիտի կորսնցնէինք մեր անկախութիւնը»։