ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 17ին, հայ կնոջ դերակատարութեան նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ յաւարտ Ս. պատարագի:
Հայ կնոջ տարուան նուիրուած ձեռնարկներուն շարքին մաս կազմող սոյն ձեռնարկին ընթացքին, «Անձնականն ու ազգայինը՝ հայ կնոջ ժառանգին մէ»ջ նիւթը պիտի ներկայացնէ Սօնա Սիմոնեան-Զէյթլեանը:
Երգով եւ երաժշտութեամբ, ձեռնարկին պիտի մասնակցին նաեւ տէր եւ տիկին Նորայր եւ Սալբի Էտկարեանները:
Մուտքը ազատ է, իսկ Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 303-5566 թիւին, կամ aacocv@gmail.com հասցէին: