ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Մետիքէր»էն (Medicare) միլիոնաւոր տոլարներ շորթելու համար մեղադրուող քանի մը հայերու մասին լայնօրէն շրջանառուող հաղորդումներուն առնչութեամբ, առաջին խնդիրն այն է, որ այդ անձերը անմեղ կը համարուին, քանի դեռ ապացուցուած չէ անոնց մեղաւոր ըլլալը: Միայն դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուելու պարագային, զանոնք կարելի է կեղծարարներ կամ յանցագործներ որակել:
Իսկ աւելի վիրաւորականն այն է, որ լրատուամիջոցները իրենց յախուռն ընդհանրացումներով կ՛արատաւորեն ամբողջ հայութեան բարի համբաւը՝ ամօթի խոր զգացում յառաջացնելով միլիոնաւոր օրինապաշտ հայերու մօտ, որոնք չափազանց զգայուն են իրենց վարքին նկատմամբ: Անցեալ շաբաթուան զգայացունց վերնագիրները՝ «Հայկական ոճրագործութեան սենտիքա»ի կամ «Հայ ոճրագործներ»ու մասին, ամբողջութեամբ ցնցեցին ամերիկահայ համայնքը: Շահագործելով լրատուամիջոցներուն բարձրացուցած աղմուկը՝ ի յայտ եկան տարաբնոյթ օտարատեացներ, հայատեացներ եւ բնականաբար որոշ թուրքեր, որոնք համացանցի զանազան կայքերու վրայ հակահայկական լկտի մեկնաբանութիւններ տեղադրեցին:
Այս ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ ամէնէն վարկաբեկիչ ակնարկներէն մէկը կատարուեցաւ «Երիտթուրքեր» կոչուած ամերիկեան ձայնասփիւռային/համացանցային «շօու»ին ժամանակ: Կարծէք թէ «շօու»ին խորագիրը բաւարար նախատական չէր հայութեան համար, տակաւին հաղորդավարները՝ ամերիկահայ Աննա Գասպարեանը եւ թրքական ծագումով ամերիկացի Գենկ Ույկուր, անցեալ շաբաթ կրկնակի անգամ հարուածեցին ամբաստանեալները, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայութիւնը:
Գասպարեանի հայ ըլլալուն իրողութիւնը ա՛լ աւելի վիրաւորական դարձուց անոր մեկնաբանութիւնները: Զուարճալի կամ հետաքրքրական անձնաւորութիւն մը երեւնալու ձգտումը անոր իրաւունք չէր տար լուտանքներ թափելու այնպիսի անձանց հասցէին, որոնք պարզապէս մեղադրուած են, սակայն որեւէ յանցագործութեան համար տակաւին չեն դատապարտուած, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջ համայնքի մը հասցէին՝ քանի մը անձերու ենթադրեալ յանցագործութեանց համար: Ստորեւ՝ որոշ հատուածներ հաղորդավարներուն վարկաբեկիչ դիտողութիւններէն.
Գասպարեան.- Վերջերս տասնեակ հայեր ձերբակալուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, «Մետիքէր»ի հետ կապուած խարդախութիւններու համար: Ասիկա հայերու՝ հինէն ընդունուած հնարքն է: Այս է, ինչ կ՛ընեն հայերը յաճախ: Եւ ասիկա մեծ ընդհանրացում է: Այդ կեղծարարներուն մեծ մասը կ՛ապրի Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա: Ես չեմ կատակեր: Ասիկա ընդունուած փաստ է:
Ույկուր.- Ճիշդ է՝ բառին բուն իմաստով (ծիծաղ): Բայց, կը զարմանամ… Կլենտէյլի հայ համայնքին՝ «Մետիքէր»ի հարցով կատարած խարդախութեան համար: (կապկելով հայկական առոգանութիւնը). «Դուք բժշկական խարդախութի՞ւն կատարած էք: Անշուշտ: Ո՞վ «Մետիքէր»ին հետ խարդախութիւն չէ գործած: Տէ՜…»: Կը նմանի՞ հայկական առոգանութեան (հարցում ուղղելով):
Գասպարեան.- Այո՛, մօտ է: Ուրեմն, այս մարդիկ կ՛ընէին հետեւեալը. անոնք կը գողնային Միացեալ Նահանգներու մէջ իրական բժիշկներու ու հարիւր հազարաւոր մարդկանց անձնական տուեալները, ապա կեղծ պահանջներ կը ներկայացնէին: Անոնք կը ստեղծէին բժշկական շինծու դարմանատուներ (clinic), որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունէին, ապա վճարումներու հաշիւներ կը ներկայացնէին «Մետիքէր»ին՝ օգտուելու համար բուժումներէ, որոնք, իրականութեան մէջ, երբեք չեն պատահած, իսկ «Մետիքէր»ը, անշուշտ, գումարներ կը փոխանցէր այդ «կեղծ» բժիշկներուն կամ այն բժիշկներուն, որոնց տուեալները գողցուած էին…
Ույկուր.- Թոյլ տուր աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնեմ այդ գործունէութեան ընթացքը: Ատիկա շատ հետաքրքրական է: Այսպիսով, անոնք գողցած են բժիշկներու անուններու ցանկ մը…
Գասպարեան.- …Ասիկա ամօթալի արարք է երկու կողմերու համար: Ամօ՛թ է հայերուն եւ ամօ՛թ՝ կառավարութեան, որովհետեւ մինչեւ օրս չէր նշմարած, թէ այդ հայերը 163 միլիոն տոլար գողցած են «Մետիքէր»էն: (Իրական թիւը 35 միլիոն տոլար է):
Ույկուր.- Գիտե՞ս ինչ: Ասիկա բաւական լուրջ խաբեբայութիւն է: Պէտք է հայերուն շնորհաւորել: Անոնք իսկապէս լաւ կ՛աշխատին Կլենտէյլի մէջ… (ծիծաղ):
Գասպարեան.- Եւ ոչ միայն Կլենտէյլի մէջ: Այդ հայերը ամբողջ երկրի տարածքին կը գտնուին: Օրինակ, հայեր կը գտնենք Նիւ Եորքի ու Քալիֆորնիոյ մէջ, ուրիշներ՝ Օհայոյի մէջ, ոմանք՝ Նիւ Մեքսիքոյի, ոմանք ալ՝ Ֆլորիտայի մէջ եւ ամէնուր: Ասիկա զանգուածային գործարք է: Անոնք բոլորը կապուած են իրարու հետ: Անոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ընեն: Ասիկա խելագարութիւն է: Փաստօրէն, իշխանութիւնները այս մէկը կը հաւասարեցնեն «մաֆիա»ին: Այնպէս մը կը թուի, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական մաֆիա կը գործէ: Ինծմէ մաս մը կը զգայ, որ պէտք է հպարտ ըլլայ եղածով, որովհետեւ ես ձեւով մը «գէշ» եմ, սակայն միւս մասը՝ անշուշտ նուաստացած էր: Ես շատ վատ կը զգամ այն մարդկանց համար, որոնք այս բոլորին զոհը դարձան, որովհետեւ այս յանցաւորները ոչ միայն կառավարութենէն միլիոններ գողցան, այլ նաեւ գողցան այդ մարդկանց անձնական տուեալները: Այսպիսով, այդ հայերը կրնան նստիլ իրենց տուները, վարել իրենց «Ռոլզ Ռոյս»ները եւ որեւէ բան չընել:
Ույկուր.- Ես աւելի հակասական կարծիք ունիմ այս բոլորին մասին: Փաստօրէն, անոնք աւելի սխալական չէին կրնան ըլլալ… ձերբակալուեցան ու բանտարկուեցան եւ այլն: Ասոր մասին խօսք անգամ չկայ: Բայց միւս կողմէ, ասիկա որոշ չափով ճարտարութիւն ցոյց կու տայ… Գիտես ի՞նչ է կատարուածը: Մարդիկ ագահ դարձած են: Մէկ անգամ խարդախութիւն ընելէ ետք, երբ երկար ժամանակ չես ձերբակալուիր, կը սկսիս մտածել այդ խարդախութիւնը ալ աւելի մեծ թափով կատարելու մասին: Իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ, որ բաժին մըն ալ իրեն հասնի: Յանկարծ Կլենտէյլի մէջ ամէն մարդ կը գիտնայ եւ բոլորն ալ իրենց բաժինը կ՛ուզեն: Անշունտ, այս մէկը իր տգեղ կողմն ալ ունի: Կը կարծեմ բոլորդ տեսաք, թէ պատկերին մէջ երեւցողներէն մէկը «vor»ն էր:
Գասպարեան.- Իմիջիայլոց, «vor» հայերէնով կը նշանակէ «յետոյք»: Հետաքրքրական է, թէ ինչո՛ւ լուրերուն եւ բոլոր յօդուածներուն մէջ զայն «vor» կ՛անուանեն:
Ույկուր.- Լուրերը եւ յօդուածները կը պնդեն, թէ «vor» կը նշանակէ «օրէնքով գող», ինչ որ շատ տարօրինակ բան մըն է…:
Իրաւական եւ լրագրողական բոլոր չափանիշները խախտելով՝ «շօու»ին հաղորդավարները երբեք չօգտագործեցին «կասկածելի» կամ «մեղադրուող» բառերը՝ ամբաստանեալներուն մասին խօսելու ընթացքին: Եթէ այս անձերէն ոմանց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքները կասեցուին, ապա անոնք Գասպարեանի եւ Ույկուրի դէմ դատական գործ կրնան բարձրացնել՝ զրպարտութեան մեղադրանքով:
Մինչ օրս, տասնեակ հազարաւորներ համացանցի զանազան կայքերէ դիտեցին այս դրուագը, իսկ շատ ուրիշներ՝ ձայնասփիւռէն լսեցին: Միայն «YouTube»ի վրայ 800է աւելի մեկնաբանութիւն կատարուած է: Դուք ալ կրնաք այս «շօու»ն դիտել եւ մեկնաբանութիւններ տեղադրել հետեւեալ կայքէջով. http://www.youtube.com/watch?v=qUrFaecJOqE.
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր