ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Ս. Խաչը Դարձեալ Աղբիւսներով Ծածկուած է
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Յիսուսի Խաչափայտին նուիրուած համաքրիստոնէական տօներուն երրորդը նուիրուած է անոր գտնուելուն երջանիկ առիթին: Հոկտեմբեր 26ին նշանակուած է այդ տօնը, զոր մեր եկեղեցին կը կատարէ անոր ամէնէն մօտիկ Կիրակի օրը, առաւել հանդիսաւորութիւն տալու անոր, եւ մեծարելու Փրկչական սուրբ Նշանը:
327 թուականին, Կոստանդիանոս կայսեր բարեպաշտ մօր՝ Հեղինէ թագուհիին պնդումներով, Յուդա անունով հրեայ մէկը, որ ծանօթ էր քաղաքի տարբեր մասերուն, ցոյց կու տայ Քրիստոսի խաչին գտնուած տեղը, որովհետեւ Յիսուսի խաչելութենէն ետք, խաչը Գողգոթայի բարձունքին մօտիկ ձորակի մէջ նետուած էր, եւ ժամանակի ընթացքին ծածկուած աղբիւսներով:
Մինչեւ այսօր Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ կը ցուցուի պատուհանի այն բացուածքը, ուր կանգնած էր Հեղինէ թագուհին, եւ լեռնակուտակ աղբիւսները փորող գործաւորներուն վրայ ոսկեդրամներ կը նետէր, քաջալերելով Տիրոջ խաչափայտը գտնելու համար աշխատող քրիստոնեաները: Ի վերջոյ կը յայտնուին երեք խաչեր, որոնցմէ մէկը Փրկչական խաչը պիտի ըլլար: Ուստի, իմանալու համար թէ ո՞ր մէկն է Տիրոջ իսկական խաչափայտը, հերթաբար անոնց վրայ կը դնեն մեռած պատանիի մարմինը, որուն յուղարկաւորութեան թափօրը ճիշդ այդ պահուն այդտեղէն կ՛անցնէր: Երրորդ խաչին հազիւ դպած մարմինը, հրաշքով կենդանութեան շունչը կը վերադառնայ անոր, ու պատանին դարձեալ կեանք կը ստանայ:
Աւելի քան երեք դարեր աղբիւսներու տակ մնացած հրաշագործ Խաչը այնուհետեւ Երուսաղէմի Կիւրեղ հայրապետին ձեռամբ կը բարձրացուի ի տես հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ կ՛երկրպագեն անոր: Այս դէպքին յիշատակն է որ մեր օրացոյցներուն մէջ արձանագրուած է իբրեւ տօն Գիւտ Խաչի:
Ձեզմէ շատեր խաչ կը կախեն իրենց վիզէն: Ուրիշներ կը սիրեն զանազան առիթներով, յատկապէս մկրտութեան կամ այլ եկեղեցական խորհուրդներու առիթով որպէս յիշատակ, խաչ նուիրել իրենց հարազատներուն: Խաչը այլեւս միախառնուած է քրիստոնէական մեր կեանքին ե՛ւ իբրեւ բառ ե՛ւ իբրեւ գաղափար ե՛ւ իբրեւ նիւթ:
Խաչին մեծագոյն խորհուրդը սակայն, անոր տառապանքի խորհրդանշան ըլլալուն մէջ կը կայանայ: Այնպէս ինչպէս Քրիստոս համայն մարդկութեան մեղքերուն խաչը կրեց իր ուսերուն, ինք առանց մեղք ունենալու, նոյնպէս ալ մենք՝ իրեն հետեւողներս, տարբեր տեսակի խաչեր պիտի կրենք այս կեանքի մէջ, հասնելու համար այն փառքին, որով փառաւորուեցաւ մեր Տէրը ի՛նք, Հօր արքայութեան մէջ:
Դժուարութիւններ, կամ «խա»չեր, ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէ ըսել, բոլորս ալ ունինք, եւ զանոնք կրելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք, որովհետեւ կեանքէն փախուստ չենք կրնար տալ: Սակայն, կեանքի այս պայքարին մէջ, յաղթանակ տանելու օրինակը Քրիստոս ի՛նք տուաւ, տառապանքին տոկալու իր քաջութեամբ: Եթէ մարդուն փրկութեան համար տառապանքէն աւելի լաւ եւ աւելի օգտակար ճամբայ ըլլար, Յիսուս անպատճառ զայն մեզի պիտի սորվեցնէր իր վարդապետութեամբ եւ իր կեանքին օրինակով:
Բոլորս ալ գիտենք, որ մարդուն բնութեան համաձայն չէ խաչ կրել, խաչը սիրել, մարմինը չարչարել, ուրիշին ծառայել, պատիւներէ փախչիլ, նախատինքները սիրով տանիլ, իր անձը արհամարհել եւ ուրիշներէ արհամարհուիլ, սիրով հանդուրժել վիշտերուն ու կորուստներուն եւ ոչ մէկ յաջողութիւն փնտռել երկրի վրայ: Մարդու բնութեան հակադիր վիճակներ են ասոնք, որոնք սակայն իբրեւ խաչեր կը դրուին մեր ուսերուն եւ զորս պէտք է տանինք արիութեամբ: Բոլորս ալ մեր փորձառութեամբ գիտենք, որ երբ մերժենք խաչ մը, իսկոյն կը հասնի երկրորդը, երբեմն աւելի ծանր քան առաջինը: Կեանքը ի՛նք ցաւագին է, եւ ամենուրեք է տառապանքը, սուր, փշոտ, որ մեր հետ կը ծնի, աշխատանքի թէ հաճոյքի մէջ մեզի կ՛ընկերանայ, անզգալաբար կը մտնէ նոյնիսկ սիրոյ ու բարեկամութեան մէջ, կը վիրաւորէ մեր հոգին ու կը բզքտէ մեր սիրտը:
Ի զուր կը տքնին այն քրիստոնեաները, որոնք առանց խաչի կեանք կը փնտռեն այս աշխարհի վրայ: Որքան կ՛ուզես վեր բարձրացիր, կամ՝ վար իջիր, արտաքին աշխարհի մէջ, թէ հոգեկան խաղաղ թուացող ներաշխարհիդ մէջ, ամէն տեղ խաչ պիտի տեսնես: Ուրեմն, քրիստոնէական արիութեամբ համբերէ՛ խաչին, որովհետեւ Փրկիչդ ի՛նք, իր աստուածային բարձրութենէն խոնարհեցաւ, ինչպէս առաքեալը իր փիլիպպեցի նորադարձները խրախուսելով կ՛ըսէ՝ «Իր անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով, մարդոց նման ըլլալով եւ կերպարանքով իբրեւ մարդ ճանչցուելով, խոնարհեցուց ինքզինք, հնազանդ ըլլալով մինչեւ մահ եւ նոյնիսկ խաչի մահուան» (Փլպ 2.7-8):
Հետաքրքրական է, որ մարդիկ ընդհանրապէս կ՛ուզեն բարձր տեղեր հասնիլ ու հոն ապրիլ: Սակայն քիչեր կ՛անդրադառնան, որ իսկական հաճոյքը, այդ բարձր տեղը հասնելու ճիգին մէջ է, երբ տառապանքով, նեղութիւններով, մացառուտ ու տատասկապատ գետիններէ անցնելով, վեր կը բարձրանայ մարդ, հեռաւոր նպատակ ունենալով բարձունքը: Իսկ երբ մնայուն բնակութիւն հաստատէ այնտեղ, այլեւս վայրը կը կորսնցնէ հետաքրքրութիւնը իրեն համար, ու կեանքը կը դառնայ սովորական ու միապաղաղ:
Մեր ժողովուրդին բաժին ինկած կեանքն ալ այս աշխարհի պատմութեան ընթացքին, տարբեր չեղաւ քրիստոնէական տառապալից կեանքէն: Իրենց տարած բարոյական յաղթանակներով նշանաւոր եղած են այն ժողովուրդները, որոնք շատ տառապած են արդարութեան ու ճշմարտութեան համար: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ալ այս կամ այն չափով զգացած կրնան ըլլալ այս հոգեբանական վիճակը, բայց ո՛չ այնքան, որքան մեր ժողովուրդը: Քրիստոնէութեան լոյսին մեր հոգիէն ներս թափանցումին հետ, երբ մեր ցեղի հեթանոսական բարքերով սնած զգացումը փոխակերպուեցաւ քրիստոնէական ազգային գիտակցութեան, խաչը՝ ցաւը, վիշտը, տառապանքը, անբաժան դարձան մեր կեանքէն: Գրեթէ չանցաւ մէկ դար իսկ, երբ տարբեր տեսակի խաչեր՝ հալածանք, արշաւանք ու կոտորած, ամբողջութեամբ չվտանգէին մեր գոյութիւնը: Բայց վիշտը երբեք չկրցաւ քանդել ու կործանել մեզ, եւ աշխարհի տարբեր հորիզոններուն վրայ թէ հայրենիքի մէջ, հարաւէն, հիւսիսէն, արեւմուտքէն թէ արեւելքէն փչող քամիներուն մէջէն կրցանք հաւաքել նշխարացեալ մասունքները մեր ազգային բարոյական հարստութիւններուն, եւ անկորնչելի գանձերուն մասնիկները քով-քովի բերելով դարձեալ դրինք զանոնք հայապահպանման պայքարի, ու մեր ինքնութեան պահպանումի տառապագին ծրարին մէջ: Կեանքի խաչերը բնաւ չյաջողեցան ընկճել մեզ, որովհետեւ մենք մե՛զ խաչած էինք մեր մտատիպարին՝ Քրիստոսի հետ, ի՛ր խաչին վրայ…: Այդ իսկ պատճառաւ մեր ցաւին մէջ իսկ բնաւ չաղաղակեցինք, բողոքի ձայն չբարձրացուցինք Աստուծոյ դէմ, այլ՝ քաջաբար փորձանքները ընդունեցինք իբրեւ փորձառութեան դարբնոցներ, ուր մեր ազգային ոգին դարբնուեցաւ յառաջիկայ դարերու հարուածներուն տոկալու երկաթեայ կամքով:
327 թուականին աղբիւսներուն մէջէն գտնուած խաչը, այսօր սակայն մեր քրիստոնէական թէ ազգային թոյլ ու հեշտասէր կեանքին պատճառով, մեր հոգիին մէջ սկսած է աղօտանալ, եւ բարոյական քաջութեան երաշխիք եղող այս խորհրդանշանը, սկսած է մակերեսային արժէքներու ու աշխարհայնութեա՛ն աղբիւսներուն մէջ թաղուիլ, մոռացութեան տալով անոր տառապանքի մեծ խորհուրդը:
Քրիստոսի խաչը գտնելու աշխատող բանուորներուն վրայ ոսկեդրամ կը տեղացնէր Հեղինէ թագուհին: Մենք ալ մեր սրտի խորերէն, մեր առաքինութիւններուն ամէնէն ընտիրները դուրս բերենք ու իբրեւ աննիւթեղէն ոսկի ցանենք այս կեանքին մէջ, որպէսզի յուսահատութեան, տկարութեան, մեղքի ու աշխարհիկ զանազան ցանկութիւններու ու մոլութիւններու աղբիւսներուն տակէն դարձեալ յայտնուի Քրիստոսի խաչը, տառապանքին դիմաց մեր դիմադրողականութիւնը զօրացնող իր բացառիկ յատկութեամբ:
Hello there, just became aware of your blog through Google, and found that it’s truly informative. I’m going to watch out for brussels. I’ll be grateful if you continue this in future. Lots of people will be benefited from your writing. Cheers!