ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ լրագրողներու վերջին համաժողովէն արդէն անցած է տասը օր, եւ այս քիչ մը ուշացած ակնարկը չի յաւակնիր արժեւորում մը ներկայացնել այդ նշանակալի իրադարձութեան:
Յաւերժութիւն թուացող երեքամեայ բացակայութենէ ետք Արցախ վերադառնալը արդէն իսկ լիցքաւորող ապրումներու առիթ էր ինծի համար: Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած միջոցառումը պատեհութիւնը ստեղծած էր այս այցելութեան, որուն համար կ՛արժէ շնորհակալութիւն յայտնել:
Խորհրդաժողովի արդիւնաւէտութեան մասին ընդհանրացումներ չեմ ուզեր կատարել: Ինծի համար, այս միջոցառումը հրաշալի պատեհութիւնը ստեղծեց ծանօթանալու մամուլի ասպարէզ նոր մուտք գործած թէ արդէն մեծ վաստակի տէր խմբագիրներու ու լրագրողներու: Խորհրդաժողովը առիթ ընծայեց նաեւ նախկին ծանօթութիւններ՝ մտերմութեան մակարդակի բերելու:
Թէ ինչպէ՞ս «Նոր Յառա»ջի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանին ծանօթանալը, Գանձասարի վանքի խորանին առջեւ անոր սրտաշարժ աղօթքը ունկնդրելը, Փրակայի մէջ լոյս տեսնող «Օրեր» ամսագիրի խմբագիր Յակոբ Ասատրեանի աշխոյժ հարցադրումները կամ ամերիկաբնակ Արմէն Հարեանի հետաքրքրական առաջարկներն ու խորհուրդները պիտի նպաստեն իմ գործի ասպարէզին՝ դեռ դժուար է յստակ բանաձեւով մը ներկայացնել, բայց որ ամբողջ խորհրդաժողովի ընթացքին իւրաքանչիւր հանդիպում, քուլիսային իւրաքանչիւր քննարկում իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հետագայ իմ ընելիքներուս ու աշխատանքներուս վրայ՝ այդքանը վստահօրէն կրնամ հաստատել:
Խորհրդաժողովը գումարուեցաւ ու պատմութեան անցաւ: Անոր արդիւնաւէտութիւնը կասկածի ենթարկելը կրնայ ճիշդ ըլլալ միայն, եթէ գնահատականի չափանիշները մեր ազգային սահմանափակ միջոցներու առաւելագոյնս օգտագործման ճամբաներու որոնումն է: Մնացեալը մեզմէ կախեալ է, մե՛ր պատրաստակամութենէն: