ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Պէյազկազեթէ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Հզօր Թուրքիա» կուսակցութեան ղեկավար Թունա Պեքլիեւիչ յայտարարած է, թէ ինքն ու իր կուսակցութեան անդամները կը պատրաստուին Հոկտեմբեր 28ին Հայաստան այցելելու։ «Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպենք մամլոյ ասուլիս մը եւ մեր առաջարկները պիտի ներկայացնենք հայ հանրութեան։ Հանդիպում պիտի խնդրենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանէն, եւ անկէ պիտի խնդրենք արձագանգել մեր առաջարկին։ Ապա, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուին պիտի ներկայացնենք հայ հանրութեան տեսակէտները։ Պիտի հանդիպինք նաեւ Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին հետ», ըսած է ան։ Նշելէ ետք, թէ իրենց գործողութեան ծրագիրը կազմուած է հայաստանեան քառասուն հասարակական կազմակերպութիւններու հետ բանակցութիւններէ եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովէն ետք, Պեքլեւիչ յայտարարած է, թէ «Ցիւրիխ 2»ի մեկնարկին ազդանշանը տրուած է։
Նշենք, որ Թունա Պեքլեւիչ վերջերս յայտարարած էր, որ իր կուսակցութիւնը կը պատրաստուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման առնչութեամբ՝ Կարսի մէջ հանրաքուէ կատարելու։ Ան նախապէս նաեւ յայտարարած էր, որ իր կուսակիցներուն հետ Ախուրեան գէտը կտրելով՝ Թուրքիայէն Հայաստան անցած է, սակայն սահմանապահ ուժերը հերքած էին այդ տեղեկութիւնը։