Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տեղական, քաղաքային, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու ընտրութիւններուն ամերիկահայ ընտրազանգուածի մասնակցութիւնը աւելցնելու մարտահրաւէրը, անշուշտ, միայն մէկ երեսն է հայկական քուէի գործօնը քաղաքականապէս դերակատար դարձնելու ազգային մեր մտահոգութեան: Իւրաքանչիւր ամերիկահայու կողմէ քուէարկելու պաշտօնական ձեւակերպման ապահովումը կը նկատենք հայկական համայնքի քաղաքական ազդեցութիւնը մեծցնելու կոչուած քայլ:
Միւս երեսը՝ հայութեան քուէները կարեւորագոյն հարցերու շուրջ կեդրոնացնելու խնդիրն է, որուն շնորհիւ ազգային շահեկանութիւն ունեցող դատեր կամ թեկնածութիւններ պաշտպանելու համար մեր բոլորին անունով հանդէս եկողներուն բանակցելու, սակարկելու հնարաւորութիւններն են, որոնք կը մեծնան:
Ամերիկայի տարածքին հայկական համայնքային ու ազգային շահերու պաշտպանութեան ամէնէն արդիւնաւէտ, ամէնէն հետեւողական ազդու ձայնը անվիճելիօրէն եղած է ու կը մնայ Հայ Դատի յանձնախումբինը:
Այս օրերուն դարձեալ ընտրութիւններու սեմին կանգնած ենք: «Ասպարէզ», վերջին շաբաթներուն լայն տեղ տուաւ Նոյեմբեր 2ին կայանալիք այս ընտրութիւններուն մասին Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութիւններուն, ուր կը հրապարակուէին հայութեան համար նպաստաւոր նկատուած, ու ըստ այնմ՝ պաշտպանելու ու ջատագովելու արժանի թեկնածուներուն անունները:
Անցնող ամիսներուն, Հայ Դատի յանձնախումբի տարածուն կառոյցի բոլոր օղակները իրենց ճիգերը կեդրոնացուցին Նոյեմբեր երկուքի քուէարկութեանց հայկական գործօնը զգալի դարձնելու ուղղութեամբ: Յարաբերական բուռն աշխատանքներու ընթացքը, ինքնին, ընտրութիւններուն ամերիկահայ քաղաքացիներու գործօն մասնակցութեան ապացոյցն էր, որ արդէն արձանագրուած է բոլոր թեկնածուներուն մօտ, իբրեւ հաշուի առնուելիք ուժ իրենց քաղաքական ասպարէզին մէջ:
Հիմա արդէն հերթը ձերն է. քուէատուփին առջեւ կանգնած՝ դուք էք, որ ամիսներու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան վկայութիւնը պիտի տաք՝ ձեր քուէն տալով Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ պաշտպանուած թեկնածուներուն, որոնց բոլորին անունները չենք ուզեր կրկնել այստեղ, սակայն կ՛արժէ յիշել կարեւորագոյններէն՝ ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրը, նահանգապետութեան թեկնածու Ճերի Պրաունը ու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը: