ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ շաբթուան ամէնէն զգայացունց իրադարձութիւնը՝ մեր ազգային նախապատուութիւններու տեսակէտէն, պէտք է ըլլար Աստրախանի եռակողմ հանդիպումը ու անոր նշանակութեան ճշգրիտ գնահատումը՝ Արցախի ապագայի կապակցութեամբ:
Մեզի համար այդպէս ալ եղաւ: Սակայն, չենք կրնար անտեսել այն տխուր փաստը, որ մեր ուշադրութիւնը շեղելու, մեզ նաեւ այլօրէն տագնապեցնելու դուռ մը բացաւ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի այն վերագրումը, թէ Հայաստանի նախագահը անձամբ դիմած է իրեն, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին թիկունք չկանգնի:
Հայաստանի նախագահի խօսնակին կողմէ այս վերագրումին անմիջական հերքումը ողջունելի է, անշուշտ: Այսուհանդերձ, այս տհաճ միջադէպին առթած նոյնիսկ կարճատեւ ցնցումը իր բացասական հետքերը պիտի թողու մեր վրայ:
Ամէնէն տխուր փաստը այս անախորժ փորձառութեան մէջ այն իրողութիւնն է, որ մեզմէ շատերուն համար Պայտընի վերագրումը հաւատալի էր: Ինչո՞ւ. որովհետեւ մեզի համար մինչեւ այսօր առեղծուածային մնացած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ի՞նչ նկատառումներով ռմբահարեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող ճիգերը:
Պէտք է շեշտել, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն առնչուող դէպքերուն ամբողջ շղթան ու այդ գործընթացին կապուած թղթածրարը վերջին ժամանակաշրջանի ամէնէն ցաւալի յիշատակները կ՛արթնցնեն մեր մէջ, եւ Պայտընի սպրդասացութեան առթած ընդվզումը, պարզապէս յաւելեալ վկայութիւն մըն է մեր ներաշխարհէն ներս ստեղծուած աւերին:
Նման անիմաստ միջադէպերու կրկնութիւնը կասեցնելու ու մեր ուժերու մսխման նոր առիթներ չստեղծելու համար, Հայ-թրքական արձանագրութիւններ կոչուած քաղաքական թատերախաղին պարզապէս վերջակէտ մը պէտք է դնել՝ սոյն արձանագրութիւններէն ջնջելով Հայաստանի ստորագրութիւնը: