
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 2ին, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան ընդունած է Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան Արցախի ներկայացուցչութեան տնօրէն Սոֆի Պաքսլին ու անոր հետ քննարկած է ռազմագերիներուն, պատանդներուն, ինչպէս նաեւ շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած գործողութեանց հետեւանքով սպաննուած ատրպէյճանցի երկու զինուորներուն դիակները վերադարձնելու հարցերը:
Կողմերը միաժամանակ շօշափած են երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարած են հետագայ փոխհամագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը:
Ռազմագերիներու, անհետք կորածներու եւ պատանդներու հարցերով ԼՂՀ պետական յանձնաժողովի երէկ հրապարակած հաղորդագրութենէն կ՛իմանանք, որ Արցախի իշխանութիւնները, մէկ անգամ եւս հանդէս բերելով բարի կամք եւ առաջնորդուելով միջազգային մարդասիրական չափանիշներով, պատրաստակամութիւն յայտնած են արդէն վերադարձնելու ատրպէյճանցի զինուորներու դիակները եւ յոյս յայտնած, որ Ատրպէյճանը եւս կը վերադարձնէ հայ ռազմագերիներն ու 72ամեայ հայ բնակիչին դիակը: