Երբ Որ Մեծանամ Ի՞նչ Պիտի Դառնամ…

Ես իմ կարծիքով շատ բաներ կ՛ուզեմ դառնալ: Երբ փոքր էի, ծնողներս միշտ կ՛ըսէին «Անճելիքա ջան դուն որ մեծանաս բժիշկ դարձիր կամ ատամնաբոյժ»: Ես ալ լաւ մտածելէ ետք կը հարցնէի՝ անոնք մարդկանց կ՛օգնե՞ն: Այո, պատասխանը առնելով, ուրախութեամբ կ՛ըսէի՝ «Ես պիտի բժիշկ դառնամ կամ ատամնաբոյժ»:
Մի քանի տարի անցաւ: Աւելի բարձր դասարան հասնելով, աւելի ծանօթացայ աշխատանքային տարբեր ճիւղերուն: Հետաքրքրուելով տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին ես վերջապէս հասկցայ, թէ ի՞նչ մասնագիտութեամբ եմ հետաքրքրուած: Մայրս միշտ կ՛ըսէր, որ դեռ շատ ժամանակ ունիմ ու «պէտք չէ ուղեղդ յոգնեցնես այդ ուղղութեամբ»:
Բայց նորէն ես հետաքրքրուած էի նոր մասնագիտութիւններով եւ միշտ կը մտածէի իմ ապագայիս մասին: Մայրս տեսնելով որ շատ կը մտածեմ, մեղքցաւ ինծի եւ հետս լուրջ զրոյց ունեցաւ: Ան բացատրեց որ յաջողակ ըլլալու համար կեանքի մէջ պէտք է շատ աշխատասէր, ջանասէր եւ փայլուն աշակերտուհի ըլլամ դպրոցի մէջ: Ես շատ լուրջ մտածելով մօրս խօսքերուն մասին, սկսայ աւելի լրջօրէն վերաբերիլ դասերուս:
Արդէն եօթերորդ դասարան եմ եւ հիմա կը մտածեմ որ երբ մեծնամ պէտք է ըլլամ իրաւաբան, կամ դատաւոր: Շատ հետաքրքրուած եմ այդ աշխատանքով, որովհետեւ կը սիրեմ օրէնքով շարժիլ եւ պաշտպանել անձս: Դեռեւս չեմ գիտեր եթէ միտքս նորէն կը փոխեմ:
ԱՆՃԵԼԻՔԱ ԳԵՒՕՔԼԱՆԵԱՆ
7րդ դասարան
——————————————————————————————————–
Ինքնաշարժներու Հայ Ճարտարապետը

Աշխատասէր աշակերտ, լաւ նիշեր, բարձր ուսում եւ փայլուն ապագայ: Այսպէս կ՛ուզեմ սկսիլ իմ ապագայիս պատրաստուիլ: Այո գիտեմ, որ շատ կը սիրեմ ոտնագնդակը, կողովագնդակը եւ այլ մարզանքներ: Բայց որքան մեծանամ իմ հայ տղու երազս աւելի կը զօրանայ մտքիս մէջ եւ ինծի կը դարձնէ աւելի ուշադիր աշակերտ մը:
Լաւագոյնս կուզեմ ընել, որ բարձր նիշերով աւարտեմ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգային Վարժարանս, որպէսզի դիւրին ըլլայ ճարտարապետական համալսարան ընդունուիլս: Միշտ սիրած եմ ու հետաքրքրուած ինքնաշարժներով, եւ երազած գծելու եւ ստեղծելու նոր ինքնաշարժ մը: Գիտեմ, որ պարզ կամ սովորական չէ իմ որոշումս, բայց կուզեմ փաստել, որ հայը ունի եւ կրնայ իր խելքով լաւ նորութիւններ բերել աշխարհին:
Երեք տարեկանէս կրցած եմ զանազանել ինքնաշարժները իրարմէ: Այս կարողութիւնս զարգացնելով եւ ուսումիս միացնելով կ՛ուզեմ հնարել նոր ինքնաշարժներ: Ինծի համար կարեւոր են ինքնքշարժի մը ուժը, ապահովութիւնը, տեսքը եւ հանգստութիւնը: Օրէ օր կը շատանան լաւ մտածուած, քիչ վառելանիւթով կամ ելեկտրական ուժով աշխատող ինքնաշարժներ որոնց մասին կը մտածեմ նաեւ որպէս ապագայ ճարտարապետ:
Եթէ յաջողիմ եւ իրականացնեմ իմ փոքրիկ հայ հոգիիս երազը, կ՛ուզեմ յատուկ ձեւով ուրախացնել ընտանիքս, ընկերներս եւ զարմիկներս նուիրելով իրենց իմ ստեղծած նոր ինքնաշարժներէս որքան, որ կրնամ: Այս բոլորէն առաջ որոշած եմ անպայման հայկական անունով կնքել ինքնաշարժները, որուն մասին կը մտածեմ միշտ: Ինչքա~ն գեղեցիկ պիտի ըլլայ ճամբան տեսնել «Արարատ» կամ «Կայծակ» անունով ինքնաշարժ:
ՊԵՏԻԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
7րդ դասարան
—————————————————————————————————————
Հայ Լեզու

Հայոց լեզու, ախ ինչքա՜ն
անուշ ես դու,
Արեգակն ես դու մեր ազգի
Ճառագայթներդ շողշողան
բառերն են հայոց լեզուի:
Հաղորդակցման միջոցն ես դու,
Սփիւռքահայ ժողովրդի:
ԱԴԵԼԻՆԱ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
7րդ դասարան