ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ցնցուած էր փոխնախագահ Ճօ Պայտընի բացայայտումէն, թէ՝ նախագահ Սարգսեանը իրեն ըսած է. «Այժմ մի արծարծէք այս խնդիրը (Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը), քանի տակաւին մենք բանակցութիւններու մէջ ենք (թուրքերու հետ)»:
«YouTube»ի կայքին վրայ նոյն օրը տեղադրուած Պայտընի յայտարարութիւնը (www.youtube.com/watch?v=C-vVX2B1H3k) այնքա՛ն ցնցիչ էր, որ հայերուն մեծ մասը կը մերժէր հաւատալ, թէ նախագահ Սարգսեան կրնայ տարհամոզել Միացեալ Նահանգներու նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Ոմանք, աւելի հեռուն խորհելով՝ կասկածեցան, թէ արդեօ՞ք տեսանիւթին մէջ յայտնուածը իրապէս Պայտընն է, եւ արդեօ՞ք անոր խօսքերը խեղաթիւրուած են: Ուրիշներ ալ հետաքրքրուած էին Պայտընի հետ զրուցող երիտասարդին ինքնութեամբ՝ կասկածելով, որ ան ըլլայ ծպտուած կամ օտարերկրեայ գործակալ:
Նկատի ունենալով նախագահ Սարգսեանի վերագրուող խօսքերուն լուրջ հետեւանքները՝ նախագահի մամլոյ քարտուղարը անմիջապէս կտրուկ հերքում տարածեց: Իսկ երկու օր ետք, պարզաբանում-հերքում հնչեց Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն: Հաշուի առնելով շփոթեցնող ու հակասական այս յայտարարութիւնները՝ այսու կը փորձեմ որոշ լոյս մը սփռել այս դրուագի նուազ յայտնի կէտերուն վրայ.
1. Փոխնախագահ Պայտընի հետ «YouTube»ի վրայ զրուցող երիտասարդը ծպտուած անձնաւորութիւն մը չէ, այլ՝ ամերիկահայ գործիչ:
2. Մեր ժողովուրդը տեղեակ չէ, թէ նախագահ Օպամայի՝ 2009ի Ապրիլ 24ի ուղերձէն անմիջապէս ետք, Պայտըն հեռաձայնած էր երեք յայտնի ամերիկահայերու:
Փոխնախագահը անոնց յայտնած էր, թէ նախագահ Օպամա «ցեղասպանութիւն» բառը իր ուղերձին մէջ չէր յիշած՝ փոխնախագահին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախագահ Սարգսեանի համաձայնութեամբ: Յայտնի է, որ Պայտըն Սարգսեանի հետ ունեցած իր խօսակցութիւնը օգտագործած էր՝ արդարացնելու համար նախագահ Օպամայի՝ ամերիկահայերուն տուած նախընտրական խոստումի դրժումը:
3. Անցեալ շաբաթ Պայտըն կրկնեց նոյն յայտարարութիւնը, այս անգամ՝ տեսանիւթով: Ան կը փորձէր գրաւել ամերիկահայերը, որպէսզի Նոյեմբեր 2ի թէժ ընտրութիւններուն ընթացքին անոնք աջակցին դեմոկրատ թեկնածուներուն: Երբ երիտասարդը հարցուց, թէ ի՞նչ ուղերձ կը փոխանցէ ան հայկական համայնքին, որ «վիրաւորուած» կամ խաբուած էր նախագահ Օպամայէն, փոխնախագահը անոր վստահեցուց, թէ վարչակարգը «ետ չի քաշեր» Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր տուած խոստումը՝ աւելցնելով. «Թուրքերը պէտք է գիտակցին, թէ ի՛նչ է իրականութիւնը»: Այնուհետեւ, օգտուելով առիթէն՝ Պայտըն մեղադրեց Սարգսեանը՝ Օպամային կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու հարցով: Փոխնախագահը իր մեկնաբանութիւնները աւարտեց՝ հեգնական ծիծաղով մը յայտարարելով. «Իրականութիւնը ձեւով մը ինքզինք կը պարտադրէ»:
4. Նախագահ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեանը, անմիջապէս հանդէս եկաւ հերքող յայտարարութեամբ մը, թէ՝ նախագահը «չէ կատարած տեսանիւթով իրեն վերագրուած արտայայտութիւնը՝ ոչ ուղղակի, ոչ ալ անուղղակի ձեւով»: Արզումանեանը համարձակօրէն կոչ ուղղեց Սպիտակ տան հրապարակելու նախագահ Սարգսեանի եւ փոխնախագահ Պայտընի միջեւ 2009 թուականի Ապրիլին կայացած երկու հեռախօսազրոյցներուն սղագրութիւնները:
5. Հոկտեմբեր 29ին, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատունը արձագանգեց այդ հարցին՝ յայտարարելով, որ 2009ի Ապրիլին, Պայտընի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին «նախագահ Սարգսեան վեր չէ առած Հայոց Յիշատակի օրուան մասին նախագահ Օպամայի ուղերձի բովանդակութեան հարցը, եւ չէ փորձած յետաձգել Ներկայացուցիչներու տան 252 բանաձեւին քննարկումը»: Զգուշօրէն շարադրուած այս յայտարարութեամբ, Ուաշինկթըն կը փորձէր հանդարտեցնել Պայտընի անսպասելի բացայայտումներուն պատճառով՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն խիստ ջղագրգռութիւնը:
Սակայն ա՛լ աւելի իմաստալից կ՛ըլլար, եթէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը հրապարակէր նախագահ Սարգսեանի եւ փոխնախագահ Պայտընի միջեւ կայացած երկու հեռախօսազրոյցներուն սղագրութիւննները: Հայկական կողմն ալ կրնար հարցերը յստակացնել՝ հեռախօսազրոյցներուն իր սղագրութեանց հրապարակումով, եթէ անոնք արձանագրուած էին օրին, կամ ալ տալով այդ խօսակցութիւններուն ամփոփումը: Բացի ատկէ, քանի որ հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին երկու ղեկավարները թարգմանիչի օգնութեան դիմած են, ապա հետաքրքրական կ՛ըլլար համեմատել նախագահ Սարգսեանի հայերէն խօսքերը՝ անոնց անգլերէնի թարգմանութեան հետ, զոր լսած էր Պայտըն:
Սղագրութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ, այլ կողմերը անտեղեակ են, թէ իրականութեան մէջ ինչ ըսուած է այս հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին: Միայն յայտնի է, որ 2009ի սկիզբը, Օպամայի վարչակարգի պաշտօնեաները ճնշում կը բանեցնէին Հայաստանի կառավարութեան վրայ՝ Թուրքիոյ հետ համաձայնագիր կնքելու համար, ինչ որ կրնային անոնք իբրեւ արդարացում օգտագործել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարելու համար: Եւ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ, երբ 2009ի Ապրիլ 24ի նախօրէին, Հայաստանն ու Թուրքիան նախնական համաձայնագիր՝ «ճանապարհային քարտէս» ստորագրեցին: Օպաման անմիջապէս շահագործեց այդ մէկը: «Հայոց յիշատակի օրուան» առթիւ իր տուած ուղերձին մէջ ան խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ՝ պնդելով, որ Հայաստանն ու Թուրքիան «համաձայնած են կանոնաւորման նախագիծի մը եւ ճանապարհային քարտէսի մը շուրջ»:
Այն վէճը, թէ նախագահ Սարգսեան ի՞նչ ըսած էր փոխնախագահ Պայտընին՝ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու մէկ այլ անցանկալի հետեւանքն է: Սակայն, տեսանիւթը անսպասելի հետեւանք մը ունեցաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Միացեալ Նահանգներու վերնախաւին մէջ բարձրացնելու եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներով զայն լուսաբանելու կապակցութեամբ: Փոխնախագահ Պայտընի հետ հայ երիտասարդ գործիչի զրոյցէն մէկ շաբաթ առաջ, Լոս Անճելըսէն Արմինէ Պապայեանը ունեցաւ նոյնքան կարեւոր մէկ այլ հանդիպում մը. ան ունեցաւ այն հազուադէպ առիթը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ուղղակի զրուցելու նախագահ Օպամայի հետ, Լաս Վեկասի մէջ վերջինիս տարած քարոզարշաւին ընթացքին: Թուրք ուրացողները պէտք է շատ ալ գոհ չըլլան այն բանէն, որ մէկ շաբաթուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու փոխնախագահին յիշեցում կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոնց անաւարտ օրակարգին մասին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր