ԹԻՖԼԻՍ, «Նիուզ».- Ըստ վրացական «Քոմերսանթ» թերթի տուեալներուն, իւրանիոմի մաքսանենգութեան համար Վրաստանի մէջ ձերբակալուած Հայաստանի քաղաքացիներէն մէկը պատրաստ է զիրենք առաքողներուն անունները բացայայտելու, եթէ իր պատիժը մեղմացուի:
«Թիֆլիսի մէջ արդէն վստահ են մաքսանենգուած իւրանիոմի ռուսական ծագումէն», գրած է թերթը: Առայժմս, սակայն, յայտնի չէ եթէ Վրաստանի իրաւապահները համաձայն են մաքսանենգի առաջարկին:
Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Շօթա Ուտիաշվիլի յայտարարած է, թէ իր գերատեսչութիւնը արդէն գիտէ, թէ ո՛վ յանձնած է իւրանիոմը մաքսանենգներուն, թէեւ՝ «առաջին աղբիւրը տակաւին յայտնի չէ»: Միեւնոյն ժամանակ ան յայտնած է, թէ իւրանիոմը արտադրուած է Ռուսիոյ մէջ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի երկու քաղաքացիներ անցեալ Մարտին փորձած էին հարստացուած իւրանիոմ վաճառել այնպիսի մարդոց, որոնք ահաբեկիչներ կը համարուին: Յանցագործութեան փաստը բացայայտուած է Նոյեմբեր 8ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.