ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան հրաւէրով, գրասէր հասարակութիւն մը փութացած էր Կլենտէյլի Կեդրոնական Հանրային գրադարանի հանդիսասրահը, Ուրբաթ 5 Նոյեմբերի երեկոյեան։ Ձեռնարկը նուիրուած էր վաստակաւոր արձակագիր Ստեփան Ալաջաջեանէն հրատարակուած վերջին երեք հատորներուն ներկայացումին։
Մասնաճիւղի վարչութեան երկարամեայ ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանի բացման խօսքով սկսաւ ձեռնարկը. ան յայտնեց որ գրասէր հասարակութիւնը տակաւին շատ ակնկալելիքներ ունի Ալաջաջեանէն, որու յուշագրութիւնը խորհրդային ժամանակաշրջանին մասին՝ հասած է մինչեւ 70ական թուականները եւ «Վերջին Հունձք» չի նշանակեր գրական արտադրութեան աւարտ։ Հանդիսութիւնը նուիրուած էր նաեւ Ալաջաջեանի շուրջ եօթանասուն տարիներու գրական գործունէութեան, երբ նկատի ունենանք, որ իր առաջին գործը՝ 47 էջ «Վշտի Ծաղիկներ» խորագիրով բանաստեղծութեանց հաւաքածոն լոյս տեսած է 1942ին՝ Հալէպի մէջ, իսկ վերջինը՝ 2009ին Կլենտէյլի մէջ։ Գրողին առաջին բանաստեղծութիւնը տպագրուած է 1939ին Պէյրութի «Պատանեկան Արձագանգ» պարբերականին մէջ։ Ստեփան Ալաջաջեանի հարուստ վաստակին մաս կը կազմեն ցարդ հրատարակուած 27 անուն գիրք. իսկ ան հայերէնի թարգմանած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրէն, Ուիլիըմ Սարոյեանէն եւ Ժան Փօլ Սարթրէն առանձին կտորներ։ Ստեփան Ալաջաջեանի գործերէն վիպակներ եւ պատմուածքներ թարգմանուած են անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, չեխերէն, պուլկարերէն, էսթոներէն, իւզպէքերէն, լեհերէն, արաբերէն եւ պելոռուս լեզուներու։
«Պատմուածքներ» հատորը մեկնաբանելու հրաւիրուեցաւ բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու միութեան վարչական անդամ Գէորգ Քրիստինեան։ 2005 թուականին լոյս տեսած «Պատմուածքներ» գործը Ալաջաջեանի լաւագոյն հաւաքածոներէն մէկը նկատեց մեկնաբանը իսկ գիրքին վերջին պատմուածքը՝ «Արծիւն ու Հովիւ»ը նոր օրերու գոհար մը հռչակեց՝ անոր կառոյցը, լեզուի գեղեցկութիւնը եւ պատկերաւոր ոճը մէջբերումներով նկատել տալէ ետք։ Մեկնաբանութեան աւարտին, Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հայերէնի դասատու Ալվարդ Ուզունեան սքանչելի առոգանութեամբ ու որակեալ ոճով ընթերցումը ըրաւ «Արծիւն եւ Հովիւը» պատմուածքին։
Ալաջաջեանէն վերջին հրատարակութիւն «Յորձանուտը» յուշագրական գործը, որ լոյս տեսած է 2009 թուականին, շաբաթական յաճախականութեամբ տպագրուած էր «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ։ Գիրքը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ լրագրող, գրականագէտ եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի քաղաքական մեկնաբան Սարգիս Մահսերեճեան։ Վերջինս, Խորհրդային Հայաստանի կեանքի բաժանումները ներկայացնելէ ետք, կեդրոնացաւ ստալինականութեան գործած աւերին եւ 60ական թուականներու ձիւնահալի տարիներու զարգացումին վրայ։ Հայաստանի մտաւորականութեան ապրումները, գրողին կենսագրութիւնը եւ մանաւա՛նդ Պարոյր Սեւակի կեանքին ու «Եղիցի Լոյս» գործին լոյս ընծայման հետ առնչուած տագնապները նկարագրելով, Ալաջաջեանի յուշագրութիւնը՝ 1968-70 տարիներու լաւագոյն եւ հարազատ վաւերագրութիւնը նկատեց։
Յայտագիրի երաժշտական ընդմիջումին ընթացքին մասնակցութիւն բերին դաշնամուրային կատարումներով՝ ինն տարեկան Նանորն ու տաս տարեկան եղբայրը՝ Փիթըր Տէր Պետրոսեանները, որոնք ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան-Մանուկեան վարժարանի աշակերտներ են։ Անոնք նուագեցին Կոմիտասի «Շուշիկ» եւ Արամ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն Աղջիկներու Պարը»երկու կտորները։
Երրորդ եւ վերջին ներկայացուող գործն էր «Հայ Մամուլի Էջերում» հրապարակագրական յօդուածներու հաւաքածոն, որ լոյս տեսած է 2008 թուականին։ Մեկնաբանողն էր Տեմիրճեան-Մանուկեան վարժարանի հայագիտական նիւթերու դասատու, գրականագէտ եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի աշխատակից Հրաչ Սեփեթճեան։ Հատորը կը պարփակէ յօդուածներ, ակնարկներ, ուսումնասիրութիւններ եւ հարցազրոյցներ՝ խորհրդային եւ յետխորհրդային ժամանակներուն մամուլին մէջ հրապարակուած։ Ստեփան Ալաջաջեանի աշխատակցութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլին՝ 1957-2005 թուականներուն, կ՛ընդգրկէ նաեւ նիւթեր որոնք անտիպ մնացած են, խորհրդային գրաքննիչներու որոշումներով։ Սեփեթճեան հետաքրքրական ձեւով ներկացացուց Ալաջաջեանի քաղաքական ու գրական զգայուն հարցերու նուիրուած յօդուածներու ոգին ու բովանդակութիւնը։
Յայտագիրի աւարտին, երգիչ Խաչիկ Նահապետեան ապրումով երգեց Արմէն Մանդակունեանի «Մեր Հայոց Լեզուն» սիրուած երգը։ Հանդիսավար Սեմերճեան յայտագիրը փակելու հրաւիրեց թեմիս երէց հոգեւորականներէն դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանը, որ իր կարգին, դրուատեց Ալաջաջեանի գրական վաստակը. ապա՝ օրհնութեամբ փակեց հանդիսութիւնը։