Ամերիկայի հայ մշակութային միութեան Հայկական աւանդական նաւապտոյտը (Armenian Heritage Cruise) կազմակերպողները կը տեղեկացնեն, թէ կազմակերպութիւններ կրնան նաւապտոյտը օգտագործել հանդիպումներ կազմակերպելու նպատակով, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ նիւթապէս աւելի յարմար պիտի ըլլայ միջկազմակերպական նման հադիպումներ կամ խորհրդաժողովներ իրականացնել նաւուն վրայ, քան պանդոկներու կամ այլ վայրերու մէջ:
Անցեալին, «Վարդանի ասպետներ»ը, «Մելքոնեան» վարժարանի շրջանաւարտները, «Համազային»ը, Լիբանանի «Ճեմարան»ը, ՀՕՄը եւ այլ կազմակերպութիւններ յաջող հաւաքներ կազմակերպած են մէկ շաբաթեայ նաւապտոյտին ընթացքին. նաւապտոյտը կազմակերպողները պատրաստ են օժանդակելու բոլոր այն կազմակերպութեանց, որոնք կ՛ուզեն նման իւրայատուկ հաւաքներ իրականացնել:
Հետաքրքրուողները կրնան կապուիլ Մարկօ Քաֆթաճեանին՝ (214) 235-9123 թիւով, կամ «TravelGroup International» ընկերութեան՝ (866) 447-0750 թիւով:
Յիշեցնենք, թէ յառաջիկայ տարուան նաւապտոյտը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 21-28, 2011ին, «Քոսթա Աթլանթիքա» նաւուն վրայ: