ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ իրաւաբաններու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 9:30 կայանալիք ընթրիքի մը ընթացքին պիտի մեծարէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանն ու Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանի դատաւորներէն Չարլըս «Թիմ» ՄըքՔոյը:
Մեծարեալները պիտի ներկայացուին միութեան նախկին ատենապետներէն՝ դատաւոր Զաւէն Սինանեանի կողմէ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Phoenicia» ճաշարանին մէջ (343 N. Central Ave. Glendale), իսկ մուտքի սակը 45 տոլար է միութեան անդամներուն համար, եւ 55 տոլար՝ ոչ անդամներուն, իսկ ուսանողներու մուտքի սակը՝ 35 տոլար է: Տոմսեր ապահովելու համար, այցելել www.armenianbar.org կայքը: