Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան (APS) կրթանպաստի յանձնախումբի ատենապետուհի Սիլվա Մանուկեան կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19ին կայանալիք ընկերակցութեան տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին, կրթանպաստներ պիտի յատկացուին հինգ հայ համալսարանականներու:
Կրթանպաստներ ստացող ուսանողներն են՝ Մեղեդի Բաբախանլու, Նարէ Ղարիբեան, Անտրէ Ղարիպեան, Տարա Հուրտաճեան եւ Սահականոյշ Սարգսեան:
Յայտնենք, թէ «Sheraton Universal» պանդոկին մէջ կայանալիք ճաշկերոյթին ընթացքին նաեւ «Տարուան արհեստավարժը» մրցանակը պիտի յանձնուի Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզի, իսկ ձեռնարկին հանդիսավարն է՝ յայտնի իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեան: