ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մայքըլ Պոպելեան, իր «Հայաստանի երեխաները. մոռցուած Ցեղասպանութիւն եւ դարաւոր պայքար յանուն արդարութեան» տեղեկատուական հարուստ գիրքին մէջ երեւան հանած է կարեւոր, սակայն ոչ այնքան յայտնի փաստեր՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փորձերու երկարատեւ պատմութեան մասին:
Պոպելեանի ամէնէն ուշագրաւ բացայայտումներէն մէկը փոխնախագահ Ճորճ Պուշ աւագին կողմէ ամերիկահայ համայնքին տրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախընտրական խոստումին եւ այդ ճանաչումը խափանելու համար Թուրքիոյ հետ անոր վարչակազմին ունեցած համաձայնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցած ակնյայտ հակասութիւնն է:
Մինչեւ 1988 թուական իր նախագահ առաջադրուիլը, փոխնախագահ Ճորճ Պուշ հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է ճանչնալ հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն իրագործած Ցեղասպանութիւնը՝ վերապրողներու, գիտնականներու, ինչպէս նաեւ այն ժամանակուան մեր ներկայացուցիչներու վկայութիւններուն հիման վրայ, եթէ մենք ուզենք երաշխաւորել, որ նման սարսափներ այլեւս չկրկնուին»: Պուշ միակ փոխնախագահն էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նման խոստում տուած է:
Սակայն 1989ի Յունուարին, նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք, նախագահ Պուշ անտեսեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր յանձնառութիւնը եւ աշխուժօրէն փորձեց համոզել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը, որ չճանչնայ զայն: Ընտրուելէն քանի մը ամիս ետք, Պուշ գրութիւն յղեց ծերակուտականներ Պապ Տոլի եւ Ճորճ Միտչըլի, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Թամ Ֆոլիի, Ռիչըրտ Միշելի, Ռիչըրտ Կեփհարտթի, Ժանէթ Մոլինզի եւ Ռիչըրտ Լեհմընի, զանոնք տեղեկացնելով Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ սպասուող բանաձեւին իր ընդդիմութեան մասին:
Նախագահ Պուշ 1990ի Ապրիլ 20ին՝ «Հայոց յիշատակութեան օրը», հանդէս եկաւ իր միակ «նախագահական ուղերձով», սակայն առանց օգտագործելու «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Ան խօսեցաւ այն մասին, որ հայերը «1915-1923 թուականներու սարսափելի կոտորածներէն տառապած են՝ Օսմանեան կայսրութեան իշխանաւորներուն ձեռքով: Միացեալ Նահանգները մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութեան զոհերուն արձագանգած է՝ ցուցաբերելով միջազգային դիւանագիտական եւ անձնական օգնութեան ջանքեր… æարդերուն 75ամեակին առթիւ կը ցանկամ միանալ հայ ժողովուրդին եւ բոլոր ժողովուրդներուն՝ 1990 թուականի Ապրիլ 24ը նշելով իբրեւ հայ ժողովուրդի աւելի քան մէկ միլիոն զոհերու յիշատակի օր: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն կոչ կ՛ընեմ աշխատելու հետագայի դաժան կանխել բոլոր գործողութիւնները ընդդէմ մարդկութեան: 1988ի Յունիսի տեսակէտներս, իմ խոր զգացումներու արտայայտութիւնն են հայ ժողովուրդին եւ անոր կրած տառապանքներուն հանդէպ»:
Տարիներու ընթացքին, վերլուծաբանները տարբեր բացատրութիւններ կը ներկայացնէին այն բանի մասին, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու վերջին նախագահները (բացառութեամբ Ռոնալտ Ռիկընին) դրժած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին իրենց խոստումները: Պոպելեանը բացայայտած է, թէ 1987ին, Ամերիկայի հայկական համայնքին փոխնախագահ Պուշի տուած խոստումէն մէկ տարի առաջ, Միացեալ Նահանգները ու Թուրքիան կնքած էին ռազմական եւ տնտեսական համակողմանի համաձայնագիր մը, ըստ որուն, ամերիկեան կառավարութիւնը պարտաւոր էր ընդդիմանալ որեւէ «անտեղի գործողութիւններու», օրինակ՝ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին սպասուող բանաձեւին:
1987ի Մարտ 16ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստորագրման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Ճորճ Շուլց եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Վահիթ Հալեֆօղլու նամակներ փոխանակեցին 1980ի Մարտ 29էն ի վեր գործող պաշտպանութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան երկկողմանի պայմանագիրը մինչեւ 1990ի Դեկտեմբեր երկարաձգելու մասին: Ըստ այդ պայմանագիրին, Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր էր ռազմական եւ տնտեսական բարձր մակարդակի աջակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ: Առաւել նշանակալից էր, որ Ուաշինկթըն համաձայնած էր՝ «վճռականօրէն ընդդիմանալ անտեղի գործողութիւններու, որոնք կը վնասեն ԱՄՆ-Թուրքիա առողջ յարաբերութիւններուն, ամերիկա-թրքական ռազմական համագործակցութեան կամ Թուրքիոյ անվտանգութեան ապահովման աջակցելու մեր ջանքերուն՝ հիմնուած թրքական զինուած ուժերու կարիքներուն վրայ»:
Երբ 1985ին աւարտեցաւ 1980 թուականին կնքուած պայմանագիրին ժամկէտը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը խորամանկօրէն երկարաձգեց անոր նորոգման բանակցութիւնները՝ անընդհատ աւելցնելով իր պահանջքները Միացեալ Նահանգներէն: Երկու տարի տեւած դիւանագիտական շարք մը փոխանակումներէ ետք, թրքական կողմը յաջողեցաւ Միացեալ Նահանգներէն յաւելեալ զիջումներ կորզել, անոնց շարքին՝ պարտաւորութիւն՝ խափանելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող Քոնկրեսի բանաձեւերը:
1988 թուականին, երբ փոխնախագահ Պուշ կեղծ խոստում կու տար Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, պէտք է քաջատեղեակ ըլլար, որ 1987ին Միացեալ Նահանգները պայմանագիր կնքած էր արդէն Թուրքիոյ հետ՝ պարտաւորուելով «վճռականօրէն հակազդել անտեղի գործողութիւններուն», որոնք կը վնասեն ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:
1981ի Ապրիլ 22ին նախագահ Ռիկընի «Հռչակագիր»էն եւ 1975 ու 1984 թուականներուն Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին ընդունուած երկու բանաձեւերէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը լուրջ հիմքեր ունէր պնդելու, որ 1987ի պայմանագիրին մէջ պէտք է նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան հետագայ ճանաչումը խափանելու մասին:
Թրքական խաղը յաջողեցաւ: Դրժելով հայկական համայնքին տուած իր խոստումը՝ 1990ին նախագահ Պուշ կրցաւ համոզել Ծերակոյտը եւ կանխել Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր