
Ուրախութեամբ դարձեալ կը ներկայանանք մեր ընթերցողներուն առողջապահական այս երկրոդ յաւելուածով:
Այո, չկրցանք պահել եռամսեայ պարբերականութիւն ունենալու մեր խոստումը, սակայն, կը մնանք հաստատ այս յաւելուածին շարունակականութիւնը ապահովելու մեր որոշումին մէջ, համոզուած ըլլալով, որ ընթերցողներու լայն զանգուած մը հետաքրքրութեամբ կը սպասէ անոր:
Առաջին յաւելուածի հրատարակութեան ստեղծած խանդավառութիւնը մեզ ալ վարակեց ու բաւարար լիցք ներարկեց, որպէսզի կարենանք օրաթերթը պատրաստելու ծանր գործին հետ այս աշխատանքն ալ գլուխ հանել:
Այս առթիւ, մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք «Ասպարէզ»ի անձնակազմին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութենէն շատ աւելին կ՛ընէ, ու հնարաւոր կը դարձնէ այսպիսի յանձնառութիւններու իրականացումը:
Այս առթիւ նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր աշխատակիցներուն, որոնք կամաւոր կերպով յանձն կ՛առնեն ահագին ժամանակ տրամադրել ու հարցազրոյցներով մեզի ու հանրութեան ներկայացնել մեր միջավայրին մէջ աշխատող բժիշկները, առողջապահութեան ոլորտէն ներս աշխատողները:
Այս առթիւ, կ՛արժէ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել գանատաբնակ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին, որ տարիներ շարունակ, անօրինակ յարատեւութեամբ ու հետեւողականութեամբ, «Ասպարէզ»ի բժշկական էջին համար նիւթ մատակարարեց ու կը շարունակէ մատչելի հայերէնով ամէնէն խրթին ախտանշաններն ու բուժման միջոցները բացատրել մեր ընթերցողներուն:
Ուրեմն, դարձեալ կը վստահեցնենք, որ այս յաւելուածները պիտի շարունակուին ու պիտի տարածուին հայկական բոլոր կեդրոններուն, հաստատութիւններուն ու մեծ թիւով խանութներու մէջ: Կը տեսնուինք Փետրուարին: