«Ուիքիլիքս»ի կողմէ հրապարակուած Սեպտեմբեր 18, 2009 թուակիր փաստաթուղթին մէջ, զոր Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու դեսպանը ուղարկած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, Ալիեւներու ընտանիքը կը նմանցուի Մարիօ Փուցոյի հռչակաւոր «Կնքահայրը» գիրքի կերպարներուն։
Ամերիկացի դիւանագէտը Հայտար Ալիեւը կը նմանցնէ տոն Քորլէոնէին, այսինքն՝ Վիթօ Քորլէոնէին, որ կը գլխաւորէր Քորլէոնէ ընտանիքը։ Իսկ Իլհամ Ալիեւի մասին կը նշուի, թէ ան երեւութապէս Մայքըլ Քորլէոնէն է, իսկ ներքնապէս՝ Սանի Քորլէոնէն։ Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, Իլհամ Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւան, ուզած է Ատրպէյճանի նախագահ ընտրուիլ, սակայն անոր ամուսնոյն կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք, (2009ին Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ մը, որուն արդիւնքով ան ընտրուելու անսահմանափակ իրաւունք ստացաւ), Մեհրիպանի երազները յօդս ցնդած են։