ԱՍԹԱՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, Ասթանայի մէջ աւարտեցաւ վերջին 11 տարիներու ընթացքին ԵԱՀԿի գումարած առաջին վեհաժողովը։ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ողջունեց ԵԱՀԿի 56 մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու աշխատանքը, եւ անոնց կողմէ Ասթանայի հռչակագիրի որդեգրումը: «Ասթանայի ամփոփիչ հռչակագիր՝ դէպի ապահով հանրութիւն»ը կը վերահաստատէ անդամ երկիրներու պարտաւորութիւնները՝ ԵԱՀԿի սկզբունքներուն հանդէպ։ Հռչակագիրին մէջ կը նշուի. «Շատ աւելի ջանք պէտք է տարուի ԵԱՀԿի գօտիին մէջ հակամարտութիւնները խաղաղ ճանապարհով եւ բանակցային գործելաձեւով լուծելու համար՝ ամբողջովին յարգելով միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ սկզբունքները։ Նոր ճգնաժամները պէտք է կանխարգիլուին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.