ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, 4 եւ Կիրակի, 5 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար»
պարախումբի միաւորին, տեղի ունեցաւ հայրենի երգիչներ Քրիստինէ Պեպելեանի եւ Մարտին Մկրտչեանի միացեալ համերգը, որուն քանի մը պարերով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Քնար» պարախումբը։ Զոյգ ելոյթներուն ալ լիբանանահայ հանդիսատեսը մեծաթիւ ներկայութիւն էր, ինչ որ գնահատելի երեւոյթ է։
Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին Քրիստինէ Պեպելեանի եւ Մարտին Մկրտչեանի երգերով ու «Քնար» պարախումբի պարերով հանդիսատեսը հայաշունչ մթնոլորտի մէջ ունեցաւ գեղարուեստական հաճոյք եւ ճոխ մթնոլորտ։
«Քնար»ի գեղարուեստական ղեկավարն ու պարուսոյցն է Ֆելիքս Յարութիւնեան։ Պեպելեան երգեց «Չէ՛ Չէ՛ Չէ՛»ն, «Ների՛ր Ինձ»ը, «Մայրիկ»ը, «Չեմ Թողնի»ն եւ այլ երգեր, իսկ Մկրտչեանը՝ «Ճան»ը, «Ես քեզ հետ»ը, «Եար արի»ն, «Ների՛ր-Ների՛ր»ը, մինչ պարախումբը պարեց «Քոչարի»ն, «Շիրակի Տղաներ»ը, «Անուրջներ»ը, «Հայկական Շարան»ը, արաբական պար մը եւ այլ պարեր։
Յատուկ գնահատանքի արժանացան զոյգ երգիչներու զուգերգն ու կարգ մը երգերուն պարախումբին մասնակցութիւնը, որոնք յառաջացուցին մեծ խանդավառութիւն։
Այս ելոյթին առիթով, Համազգայինի պարարուեստի միաւորին վարչութիւնը, հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնած էր գրքոյկներ, որոնց «Մեր խօսքը» բաժինին մէջ նշուած էր, որ այս երգահանդէսին նպատակն է արուեստին ընդմէջէն քաջալեր հանդիսանալ հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.