ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ուիքիլիքս»ը հրապարակած է Սթոքհոլմի մօտ ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Լորա Քիրքոնելի զեկոյցը՝ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտներու եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի հետ 2009ին կայացած հանդիպման մասին: Սոյն հանդիպման Կորտըն անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման:
«Ղարաբաղեան հիմնախնդիրին լուծումը նոյնպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանալի է: Կը կարծեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին լուծումը նաեւ կը նպաստէ ուժանիւթի առաքումներուն վերաբերող տարածաշրջանային ծրագիրներու իրականացման: Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումը կը նպաստէ կազի արտահանման հարաւային միջանցքի ձեւաւորման», յայտարարած է Կորտըն:
Գաղտնազերծուած զեկոյցին համաձայն, Կորտըն նաեւ շեշտած է Մոսկուայի դերը՝ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ. «Ռուսերը արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանին, սակայն առայժմս յայտնի չէ, թէ անոնք ձեւակա՞ն քայլեր կ՛ընեն, թէ իսկապէ՛ս կ՛ուզեն լուծել խնդիրը», ըսած է պետական քարտուղարին տեղակալը:
Զեկոյցին համաձայն, եւրոպացի դիւանագէտները ղարաբաղեան հարցով ռուսերու դերակատարութեան մօտեցած են լուրջ վերապահումներով: Եւրոխորհուրդի քարտուղարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ, բրիտանացի դիւանագէտ Ռապըրթ Քուփեր, դիմելով Կորտընի՝ ըսած է. «Եթէ ռուսերը ուզէին լուծել այս խնդիրը, վաղուց ըրած կ՛ըլլային»:
Սթոքհոլմեան հանդիպման ընթացքին, Ֆիլիփ Կորտըն անդրադարձած է նաեւ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Վրաստանի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ: