
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ լրատուական միջոցները Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14-15ին անդրադարձած են ՀԵԴի գլխաւորութեամբ տարուող այն արշաւին, որ կոչ կ՛ընէ Լոս Անճելըսի «Լէքըրզ» խումբի աստղ Քոպի Պրայընթի կասեցնելու Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութեան հետ գործակցութիւնը:
Պրայընթ երկամեայ պայմանագիր ստորագրած է թրքական ընկերութեան հետ՝ հանդիսանալով անոր «դեսպան»ը:
Պայմանագիրին համաձայն, Պրայընթի ծանուցումը 2011ին պիտի ցուցադրուի աշխարհի աւելի քան 80 երկիրներու մէջ:
ՀԵԴն կը շեշտէ, թէ Պրայընթ նման քայլերով կը սատարէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ փորձերուն: