
ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, ձայներու մեծամասնութեամբ, Լոնտոնի հայաշատ թաղամասերէն Իլինկի քաղաքապետարանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Բանաձեւը քուէարկութեան ներկայացուած էր քաղաքապետարանի Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներուն կողմէ, որոնց շարքին է նաեւ հայազգի Արա Իսքէնդէրեան, որ ունեցաւ իր կարեւոր դերակատարութիւնը։

Քուէարկութեան իբրեւ դիտորդ ներկայ եղած են նաեւ գաղութի համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Արա Փալամուտեան եւ շրջանի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սեւան Արթին, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղաւ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս որոշումը իրականացնել։
Այս որոշումով կարելի եղաւ նաեւ ճշդել Եղեռնին նուիրուած, Հայաստանէն բերուած ու արդէն իսկ Իլինկ թաղամասի մէկ հրապարակին մէջ տնկուած ծիրանի յուշածառին տակ զետեղուելիք գրութեան բնագիրը, որ Ապրիլ 2009ին արգիլուած էր՝ այդ օրերու քաղաքապետարանի թրքամէտ պաշտօնեաներուն կողմէ։ Բնագիրին մէջ յստակօրէն կը յիշուի Ցեղասպանութիւն բառը։