
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Ուրկուէյի «Կոմիտաս» ռատիօժամէն Կարօ Հեքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանէն հրաւիրուած Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, Հարաւային Ամերիկայի հայ գաղութները այցելած է՝ իբրեւ գլխաւոր պատգամաբեր ՀՅԴի 120ամեակի տօնախմբութիւններուն:
Դեկտեմբեր 8ին եւ 9ին, Յովհաննիսեան քաղաքական կարեւոր հանդիպումներ ունեցած է երկրի ղեկավար անձնաւորութիւններու հետ: Ան նախ հանդիպած է Ուրուկուէյի փոխնախագահ Տանիլօ Ասթորիի հետ: æերմ ընդունելութեան ընթացքին, Վահան Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ուրուկուէյի ժողովուրդին եւ պետութեան, Հայ Դատի իրենց մնայուն զօրակցութեան համար, եւ բարձր գնահատած է Հայաստան-Ուրուկուէյ բարեկամական խումբերու ստեղծումը՝ միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները նման բարեկամական խումբերու ընդմէջէն զարգացնելու քայլը յոյժ կարեւոր նկատելով:
Յովհաննիսեանի ընկերակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, Հարաւային Ամերիկայի ԿԿի անդամ Տիանա Պոյաճեան եւ «Վռամեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արփին Հօճաճանեան:
Նոյն պատուիրակութեան անդամներուն հետ, Վահան Յովհաննիսեան այցելած է նաեւ Ուրուկուէյի Ընկերվարական կուսակցութեան կեդրոնատեղին՝ հանդիպում ունենալով կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Լալօ Ֆերնանտեզի հետ: Շուրջ մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին խօսուած է երկու կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութեան աշխուժացման կարելիութիւններուն մասին:
Այս հանդիպումներու շարքը աւարտած է Ուրուկուէյի խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռուպեն Մարթինես Ուելմոյի հետ ունեցած ջերմ հանդիպումով: Հոն եւս Վահան Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուրուկուէյի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 45ամեակին առթիւ: Խօսակցութեան նիւթ դարձած է երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ճամբուն վրայ տարուող աշխատանքները: Վահան Յովհաննիսեան շեշտած է, թէ իր այս այցելութիւնը պէտք է նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութեանց խորացման եւ զարգացման: Քննուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ շարք մը հակամարտութիւններու առնչուող հարցեր: