(ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2010ին «Սիփան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ պատմաբան եւ վաստակաւոր կրթական մշակ Զաւէն Մսըրլեանի «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկական հարցը» (1900-2009) խորագրեալ հատորը, հրատարակութեամբ Կարպիս Լ. Նազարեան Հիմնադրամի, թիւ 13: Սոյն հատորը կ՛ընդգրկէ 160 էջ եւ կը բաղկանայ 12 բաժիններէ, որոնց կցուած է անձնանուններու, տեղանուններու եւ յատուկ անուններու ցանկը:
Պէտք է ըսել, որ ժամանակ խլող պատմագրական լուրջ աշխատանք մըն է վերոյիշեալ գործը, զոր Զաւէն Մսըրլեան կատարած է բծախնդրութեամբ, համբերութեամբ եւ դիպուկ վերլուծումներով:
Սոյն ուսումնասիրութեամբ, Զաւէն Մսըրլեան կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, թէ ամերիկեան պետութիւնը 20րդ դարու սկիզբէն մինչեւ այսօր կը վարէ երկդիմի քաղաքականութիւն:
Իբրեւ վկայութիւն այս իրողութեան՝ հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ (1901-1909) 13 Յունուար 1906 թուակիր խնդրագիր մը կը ստանայ նիւեորքաբնակ Ճէյմս Ռէյնոլտէն: Սոյն խնդրագիրը կը ստորագրեն եւրոպական բազմաթիւ քաղաքագէտներ՝ խնդ-րելով, որ նախագահ Ռուզվելթ անձամբ միջամտէ ու երաշխաւորէ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու կեանքի ապահովութիւնը: Սակայն, նախագահին տեղ արտաքին գործոց նախարար Էլիհու Ռութ կը պատասխանէ Ճէյմս Ռէյնոլտի՝ յայտնելով, թէ հայկական ջարդերու կապակցութեամբ նախագահ Ռուզվելթ չի կրնար միջամուխ ըլլալ Թուրքիոյ ներքին գործերուն, տրուած ըլլալով, որ՝ «Միացեալ Նահանգներու ջանքերը, որոնք անհրաժեշտօրէն օրինաւոր եւ հզօր միջամտութեան ուժ չունին, աննշան կամ ոչ մէկ արդիւնք կը բերեն՝ նկատի առնելով ուրիշ պետութեան մը գործերուն եւ շարժառիթներուն դատապարտութիւնը, որ անխուսափելիօրէն պիտի յայտնուի աւելի վնասակար, քան օգտակար պիտի հանդիսանայ այն անբախտ արարածներուն համար, որոնց նպաստելը ցանկալի կ՛ըլլար»:
Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մինչեւ 1917 կը վարէին չէզոք քաղաքականութիւն, ունէին դիւանագիտական կապեր Օսմանեան կայսրութեան հետ եւ, այս հանգամանքով, Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի դեսպան Մորկընթաուի միջոցով կը հետեւէին 1915 թուականի հայկական ջարդերուն: Այս շրջանին Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 1920 թուականի Նոյեմբեր 22ին հրապարակեց «Ուիլսընեան սահմաններով Հայաստանի քարտէսը»՝ որոշելով 68,500 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն հայ ժողովուրդին: Սակայն այս ծրագիրը չգործադրուեցաւ երբեք:
1921ին Ուորըն Հարտինկ եղաւ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը, որ շարունակեց Ուիլսընի հայանպաստ քաղաքականութիւնը: Բայց իր իշխանութեան շրջանին երեւան եկան ամերիկացի թրքասէր անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ դեր-ծովակալ Քոլպի Մ. Չեսթըր, որ 1922 թուականի սեպտեմբերին ամերիկեան «Քըրրենթ Հիսթըրի» թերթին մէջ լոյս տեսած թրքանպաստ իր գրութեամբ նենգափոխեց ժամանակակից պատմութիւնը՝ չարափոխելով թուրքերու կողմէ կատարուած հայոց զանգուածային տեղահանութիւնը:
Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ թէեւ 12 Դեկտեմբեր 1922ին Լոզանի խորհրդաժողովի ԺԳ. նիստի ընթացքին քննարկուեցաւ Հայկական հարցը, բայց սոյն ժողովը ընդմիջուեցաւ թուրքերու անզիջող կեցուածքին պատճառով: Եւ թէեւ նախագահ Հարտինկ հայութեան ի նպաստ կը ստանար դիմումնագիրներ, որ չգործակցի Թուրքիոյ հետ, սակայն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը յեղաշրջում արձանագրեց, երբ Իսմեթ փաշայի եւ դեսպան Կրինի ջանքերով 1923 թուականի Օգոստոս 6ին կնքուեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա առեւտրական գործակցութեան դաշինքը: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի յարաբերութեանց սերտացման գործնապէս նպաստեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական տագնապը:
Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ 1974ի Յուլիսին Կիպրոսի վրայ թրքական զօրքերու ներխուժումը ունեցաւ իր ժխտական անդրադարձը Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց վրայ: Այս պատճառով ամերիկեան Քոնկրեսը դադրեցուց Թուրքիոյ տրամադրուելիք զինամթերքը, իսկ Թուրքիա փակել տուաւ իր հողերուն վրայ ամերիկեան ռազմախարիսխներուն մեծ մասը: Օգտուելով այս առիթէն՝ 1975 Ապրիլ 8ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը, Եղեռնի վաթսունամեակին առիթով Ապրիլ 24ը հռչակեց «Մարդու դէմ մարդու անմարդկայնութիւնը յիշատակող ազգային օր»: Սակայն արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութեամբ, թուրք-ամերիկեան լարուած յարաբերութիւնները բարելաւուեցան:
Ներկայ ուսումնասիրութեամբ, Զաւէն Մսըրլեան կը հաստատէ, թէ Ամերիկայի նախագահական թեկնածուները ընտրապայքարի օրերուն, ամերիկահայերու քուէներուն առաւելագոյն բաժինը ձեռք ձգելու ցանկութեամբ, կը բանաձեւեն նպաստաւոր կարծիքներ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի մասին: Սակայն նախագահ ընտրուելէ ետք մոռացութեան կը յանձնեն իրենց հայանպաստ խոստումները:
Այս պարագան բացայայտելու դիտաւորութեամբ, Զաւէն Մսըրլեան կը ներկայացնէ հանգրուան առ հանգրուան ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը՝ նախագահ Ճիմի Քարթըրի նստաշրջանէն մինչեւ Պարաք Օպամայի ժամանակաշրջանը:
Արդարեւ, Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ նախագահական աթոռի թեկնածու ընտրուելէ ետք, Ճիմի Քարթըր, վայելելու համար ամերիկահայերու բարոյական զօրակցութիւնը, նպաստաւոր կարծիքներ արտայայտեց հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատին մասին: Այս յղացքով, Մսըրլեան կ՛ըսէ, թէ Ճիմի Քարթըր, «հայերուն հետ ունեցած իր կապերուն շնորհիւ՝ հասկացողութիւն ցուցաբերեց 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ առանց ցեղասպանութիւն բառը նշելու»:
Ամերիկայի նախագահական աթոռի թեկնածու Ռոնալտ Ռիկըն (1981-1989) ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ին կը ղրկէ 15 Ապրիլ 1980 թուակիր նամակը, ուր ի միջի այլոց կ՛ըսէ. «Ես կը միանամ ամերիկահայ համայնքին՝ հանդիսաւոր յիշատակութեանը համար 1915ի նահատակներուն»: Դժբախտաբար, հակառակ հայերու հանդէպ իր ցուցաբերած համակրանքին, Ռոնալտ Ռիկըն Ամերիկայի նախագահ ընտրուելէ ետք չի յիշեր ցեղասպանութիւն բառը:
Ամերիկայի նախագահական աթոռի յաջորդ թեկնածու Ճորճ Պուշ (1989-1993) ընտրապայքարի հրատապ օրերուն կը թելադրէ ամերիկեան պետութեան, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ճորճ Պուշի յիշեալ արտայայտութիւնը, կ՛ըսէ Մսըրլեան, կը ձգտէր քուէ ապահովելու միայն, որովհետեւ նախագահ ընտրուելէ ետք ան չյիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Իր կարգին, Պիլ Քլինթըն (1993-2001) 13 Օգոստոս 1992ին, նախընտրական հաւաքոյթի մը ընթացքին, ամերիկահայերը սիրաշահելու նպատակով, կը կատարէ հետեւեալ յայտարարութիւնը. «1915ի ցեղասպանութիւնը, տարիներու համայնավարական բռնատիրութիւնը եւ 1988ի աւերիչ երկրաշարժը մեծ տանջանքներու ենթարկեցին Հայաստանը այս դարու ընթացքին»: Մսըրլեան կ՛ըսէ, թէ Քլինթըն խոստացաւ զօրավիգ կանգնիլ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, սակայն նախագահ ընտրուելէ ետք եղաւ խոստումնադրուժ:
Ճորճ Ուոքըր Պուշ (2001-2009) նախագահ ընտրուելէ առաջ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ դրական կեցուածք որդեգրեց: Բայց երբ ընտրապայքարէն յաղթական դուրս եկաւ, չյիշեց ցեղասպանութիւն բառը՝ հետեւելով արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրանքին:
Պարաք Օպամա նախագահական աթոռ բարձրանալէ առաջ խոստացաւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց երբ ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ, զինք նախորդող քաղաքական առաջնորդներուն նման, ի՛նք եւս չյարգեց իր խոստումը՝ չգործածելով երբեք ցեղասպանութիւն բառը:
Արդարեւ, ուշագրաւ գործ մըն է Զաւէն Մսըրլեանի «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկական հարցը» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը, ուր հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ հնարամտութեամբ ամերիկեան վարչակարգի ղեկավարները, քաղաքական մութ հաշիւներէ թելադրուած, կը փորձեն նսեմացնել պատմական անհերքելի իրողութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցին…:
«Ազդակ»