
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի բարեկամներու կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Կարին Յովհաննէսեանի հրատարակած «Family of Shadows» հատորին ներկայացումը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հեղինակը: Ծրագիրը անգլերէնով պիտի ներկայացուի:
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ (818) 548-3288 թիւով, կամ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէին: