
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս Պոլիս այցելած էր Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժինի վարիչ տնօրէն փրոֆ. Զաւէն Եկաւեան:
Այս առիթով, «Մարմարա» օրաթերթը Եկաւեանի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը՝ հիմնարկի գործունէութեան եւ յատկացումներուն մասին։
Պատասխանելով հարցումներուն՝ Եկաւեան առաջին հերթին հաստատած է, թէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եկամուտները խիստ սահմանափակ պիտի ըլլան այսուհետեւ, որովհետեւ, ամբողջ աշխարհի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, «Կիւլպէնկեան»ն ալ նիւթական գետնի վրայ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։ Ուստի կրթաթոշակի համար դիմող թեկնածուները խիստ զտումի պիտի ենթարկուին։ Այսուհետեւ, կրթաթոշակի հարցին մէջ առաջնահերթութիւն պիտի տրուի գլխաւորաբար բժշկութեան եւ ճարտարագիտութեան ճիւղերու ուսանողներուն, նաեւ դոկտորա պատրաստողներուն, քանի որ հիմնարկը ճգնաժամային այս պայմաններուն տակ ստիպուած է սահմանափակումներ ընել։
Եկաւեան, իբրեւ հմուտ մասնագէտ մը կրթական հարցերու եւ այս ուղղութեամբ տրամադրելի գումարներուն՝ պաշտպանած է այն տեսակէտը, թէ պոլսահայ վարժարաններն ալ տնտեսական ներկայ կացութեան պայմաններուն տակ, որպէսզի կարենան որակեալ ուսուցում ջամբել նորահաս սերունդին, պէտք է իրենց ամավարկերը միացնեն։ «Ուսումնական այժմու աշխարհը ուսանողներուն կը պարտադրէ հետեւիլ գիտական ամենաարդիական պայմաններու։ Ուսանողը, որպէսզի կատարեալ ուսում ստանայ եւ միջազգային չափանիշներու հիման վրայ հետեւի նոր զարգացումներու, պէտք ունի համակարգիչի, տեսա-լսողական արդիական սարքերու, հեռատեսիլային ցանցերու, որոնք ուսման սուղ միջոցներ են։ 30-40 տարի առաջ թեքնիք միջոցները թիւով քիչ էին, իսկ ներկայիս դարաշրջանը փոխուած է, անցած է գրատախտակի ու կաւիճի շրջանը, բացուած է համակարգիչի շրջանը։ Այս դարաշրջանին հետ քայլ յարմարցնելու համար պէտք է ապահովել արդիական պայմաններ, որոնք չափազանց կը բարձրացնեն իւրաքանչիւր ուսանողի ուսման արժեգինը պետութեան կամ հաստատութեան պիւտճէէն ներս։ Պէտք է ստեղծել ուսուցման կատարելութեան հասած նախանձելի դասարաններ եւ պէտք է թափ տալ որակաւոր ուսուցիչներու պատրաստութեան։ Ամբողջ աշխարհը կը գտնուի ճգնաժամային հսկայ պատերազմի մը մէջ։ Տնտեսական ներկայ պայմաններու մէջ կա՛մ որոշ ցեղեր պիտի ոչնչանան, եւ կամ պիտի ստրկանան», աւելցուցած է ան։
Միւս կողմէ, Եկաւեան կարեւորութեամբ դիտել տուած է, թէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ալ որոշած է աւելի միջազգային դառնալ։ «Դուրս պիտի գանք փորթուկալեան շրջանակներէ։ Լիզպոնի մէջ փակեցինք երկու բաժիններ՝ թանգարանագիտութեան եւ գեղարուեստից բաժինները, ուր ունինք 6000 կտոր հնութիւն։ Այսուհետեւ պիտի փնտռենք միջազգային գործակիցներ», ըսած է Եկաւեան։
««Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ներկայ նախագահը՝ Էմիլիօ Րուի Վիլար, նաեւ համաեւրոպական բարեսիրական հաստատութիւններու նախագահ է։ Հիմնարկը այսուհետեւ պէտք է միջազգայնօրէն շարժի եւ գործընկերներ գտնէ։ Եթէ մենք չկարենանք մեր ռազմավարութիւնը փոխել, կորուստի պիտի դատապարտուինք։ Պէտք է ներկայ պայմաններուն քայլ յարմարցնենք եւ ներկայ պահանջներուն համակերպինք։ Պարագան նոյնն է, անշուշտ, մեր բոլոր գաղութներուն համար», ըսած է ան։
Իսկ այն հարցումին, թէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը քանի՞ երկիրներէ ներս նիւթական օժանդակութիւն կը կատարէ, Եկաւեան պատասխանած է, թէ օժանդակութիւն կը կատարուին 75 երկիրներէ ներս։
Եկաւեան, որ հայ մշակոյթի երկրպագուներէն ու մասնագէտներէն մէկն է, հաստատած է, որ իր գաղափարախօսութիւնը կը շարունակէ մնալ ձախակողմեան գաղափարախօսութիւն։ Նոյն մերձեցումը կայ հիմնարկին մօտ։ Հիմնարկը անկախ է, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ հիմնարկը բոլորովին ազատ է իր նախաձեռնութիւններուն մէջ։
Վերջին շրջանին հրատարակչական իրագործումներու մասին հարցումի մը, Եկաւեան տուած է սպառիչ պատասխաններ՝ ըսելով, որ հաստատութիւնը տարեկան 350 հազար տոլար յատկացում կը կատարէ հայերէն եւ օտարալեզու գիրքերու հրատարակութեան համար։ Հրատարակչական մարզին մէջ հիմնարկը կը գործակցի բարեսիրական եւ արուեստի որոշ հիմնարկներու հետ։ Այս ուղղութեամբ վերջերս շատ առողջ յարաբերութիւններ հաստատուած են Թուրքիոյ նշանաւոր «Սապանճը» հիմնարկին հետ։ Նոյնը՝ ուրիշ երկիրներու պարագային։ Հիմնարկին հրատարակչական յատկացումները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, այսինքն՝ 90 առ հարիւր տոկոսով, հայերէնով գրուած հատորներու կը տրամադրուին։ Հայաստանէն ներս ուսումնասիրութիւններու հրատարակութիւնը գործ կ՛ապահովէ մօտաւորապէս 400 ընտանիքներու եւ զանազան տպարաններու։
Այն հարցումին, թէ այս տարի հայերէն ո՞ր գիրքերու հրատարակութեան հիմնարկը բերած է իր նպաստը, Եկաւեան ներկայացուցած է գիրքերու երկար ցանկ մը, որուն մէջ են՝
– Մալխասեան բառարաններու չորս հատորները՝ Երեւանի մէջ.
– 15 արժէքաւոր հատորներ՝ Ադոնցի, Մանանդեանի, Իսահակեանի հերթական հատորները.
– «Մատենագիրք Հայոց»ի ամբողջական հատորները, որոնք խիստ կարեւոր են.
– Երեւանի մէջ Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութեան հատորները.
– Նարեկեան դպրոցին պատկանող բոլոր ձեռագիրները, որուն հրատարակչական աշխատանքին մէջ մեծ ծառայութիւն բերած է հայաստանցի մտաւորական Հրաչ Թամրազեան.
– Կը շարունակուի հրատարակութիւնը Հալէպի մէջ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Կիլիկիա» տպարանէն՝ Լեւոն Շառոյեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» հատորները.
– Որոշուած է տպել Լուսինեանի Ֆրանսերէն-Հայերէն ընդարձակ բառարանը, Գույումճեանի բառարանի զոյգ հատորները՝ Անգլերէն-Հայերէն՝ Եգիպտոս տպուած, ու Թորամանեանի հայ ճարտարապետական պատմութեան նուիրուած զոյգ հատորները՝ Երեւան.
– Նախատեսուած է տպել Ադոնցի եւ Յակոբ Մանանդեանի գործերը ու Աւետիք Իսահակեանի ամբողջական գործերը.
– Երեւանի մէջ, «Սարգիս Խաչենց» հրատարակչատան հետ միասնաբար, պիտի վերահրատարակուի Գրիգոր Պլըտեանի ամբողջական գործերը, նոյնպէս Կոստան Զարեանի ու Կոմիտաս վարդապետի արձակ գործերը։
Եկաւեան մատնանշած է, թէ «Խաչենց»ի հրատարակութիւնները հայ ընթերցողին կը մատուցանեն արեւմտաեւրոպական փիլիսոփայութեան միտքը՝ նորագոյն թարգմանութեամբ։