
Օրինակելի եւ ողջունելի քայլով մը, «Գոհար»ի մեծ ընտանիքը Գոհարի լիբանանեան հիւրախաղերուն (Սեպտեմբեր 24-26) ամբողջ հասոյթը համահաւասար կը նուիրէ ազգային չորս վարժարաններու՝ «Սրբոց Քառասնից մանկանց», «Աբգարեան», «Ռուբինեան» եւ «Աքսոր Գասարճեան»:
«Գոհար»ը իր տեսլականին հաւատարիմ՝ ԱԲԳի պահպանում եւ պապենական Կիլիկիոյ կառչած, տնտեսական տագնապալի ներկայ օրերուն, այս քայլով կը զօրակցի հայկական դպրոցին, այբուբենի տարածման համար զինուորագրուած տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղորդող գիտակից ծնողներուն, վառ պահելու համար հայեցի կրթութիւնը, կազմաւորումը, առ ի պատրաստութիւն՝ հայ կազմակերպ կեանքին իր ներդրումը ունենալու համապատասխան կարողականութեամբ օժտուած վաղուան լիբանանահայ անհատին: