Ս.Ռ.Ս.

«Գոհար» սիմֆոնիք նուագախումբն ու երգչախումբը, որ միջազգայնօրէն ծանօթ է աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ իր ունեցած ելոյթներով, ութ տարուան ընդմիջումէ ետք հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ, 24, 25 եւ 26 Սեպտեմբեր 2010ին: Տոմսերը ելոյթի թուականներէն շատ առաջ արդէն սպառած էին, ներգրաւելով աշխարհի տարբեր անկիւններէ եկած հանդիսատեսներ եւ երկրպագուներ, որոնց թէ՛ սիրտը, թէ՛ միտքը հմայուած էին Լիբանանի, Զուք Միքայէլի հռոմէական ամփիթատրոնի մէջ տեղի ունեցած «Գոհար»ի կատարումներով:
Ներկայացումներուն աստղն էր կիպրահայ մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը, որ սիմֆոնիք նուագախումբն ու երգչախումբը կը ղեկավարէր նրբազգաց ճաշակով ու հանճարով: Ծրագրի առաջին մասը կ՛ընդգրկէր դասական, սիրային, ժամանակակից եւ ժողովրդական երգեր, ինչպէս նաեւ՝ գործիքային կտորներ, որոնք յատուկ մշակուած էին «Գոհար»ին համար, շեշտը դնելով հայկական աւանդական գործիքներուն վրայ, ինչպիսիք են՝ տուտուկը, քանոնը եւ տհոլը:
Յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ համաձոյլ ճազով, որ ոգեւորեց երիտասարդ եւ տարեց հանդիսատեսները՝ իւրայատուկ կատարումով, զանազան գործիքներու օգտագործումով՝ ներառեալ հայկական զուռնայ: Հանդիսատեսը ոգեւորուեցաւ ու որոտացին ծափահարութիւնները, որոնք ազդանշան էին նուագախումբին դարձեալ նոր թրթիռ մը հաղորդելու ամփիթատրոնին մէջ: Կենսախինդ մթնոլորտէն ետք, յայտագիրը ուղղուեցաւ դէպի հայրենասիրական երգեր: Մինչ տրտում մեղեդիները վերյուշ էին հայ ժողովուրդին կրած տառապանքին, վիշտին ու ցաւին, «Գոհար»ի կենսուրախ եւ կորովի երաժշտութեան կշռոյթով, որ տողանցային արշաւ մը կը թուէր ըլլալ, տեղափոխեց հանդիսատեսը դէպի հայկական հերոսական անցեալը: Ելոյթներուն մէջ առանցքային նշանակութիւն ունէին նաեւ պարողներուն շնորհալի կատարումները՝ նազելաշուք կեցուածքով եւ հրապուրիչ ժպիտով՝ հայկական անեղծ մեղեդիներու ընկերակցութեամբ:
«Վերականգնիր Կիլիկիա» երգը, որ ստեղծագործուած էր «Գոհար»ի համար, դարձաւ յայտագրի նախընտրանին, որ խանդավառեց հանդիսատեսները, մասնաւորաբար երբ անոնք հպարտութեամբ եւ պատուով սկսան ծածանել «Գոհար»ի կողմէ տրամադրուած Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշները: Յիշարժան երեւոյթ էր նաեւ հանդիսատեսին խանդավառ մասնակցութիւնը խումբին կատարումներուն. բեմն ու հանդիսատեսը միաձուլուեցան իրարու՝ անձկութեամբ վկայելու Կիլիկիոյ թագաւորութեան վերականգնման մասին:
Հանդիսատեսը պարտադրեց նուագախումբին՝ հրամցնելու առաւել եւս վեց կտորներ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ելոյթներուն հոյակապ աւարտը՝ հրավառութեամբ եւ գունազարդ շողարձակումներով:
«Գոհար»ը հիմնուեցաւ 1997ին, հայ մշակոյթի մեկենաս, լիբանանահայ Յարութ Խաչատուրեանի կողմէ, որ «Գոհար»ի ընդհանուր գործունէութեան հոգատարն է: Համոյթի անուանումը կատարուած է ի պատիւ իր մօր՝ Գոհար Խաչատուեանի եւ ի յիշատակ իր հօր՝ Արամ Խաչատուրեանի: