ՆԱՅԻՐԻ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մանուկներ կը հասնին Լիբանանի Քեսրուան շրջանի Այնթուրա գիւղի Սեն Ժոզէֆ քոլեճը։ Ֆրանսացի Լազարեան հայրերուն պատկանող այս քոլեճը Ա. Համաշխարհային պատերազմին կ՛իյնայ թրքական տիրապետութեան տակ։ Ճեմալ փաշա քոլեճը կը վերածէ որբանոցի եւ հոն տնօրէնուհի կը նշանակէ Հալիտէ Էտիպ Ատիվարը, որպէսզի իրագործէ ծրագրուած թրքացման քաղաքականութիւնը, իբրեւ նախաքայլ, երեխաներուն անունները փոխելով։ 1200 որբ երեխաներ, մեծամասնութեամբ՝ հայեր, ենթարկուած են զանազան չարչարանքներու եւ ֆալախայի (ոտքերու ներբաններու գանակոծում երկաթեայ ձողով) հարուածներու տակ շատեր նոյնիսկ՝ մահացած, պարզապէս որովհետեւ անուշադրութեամբ հայերէն խօսած կամ իրարու կանչած են իրենց իսկական, հայկական անուններով։ Մօտաւորապէս 300 երեխաներ սովէն ու քոլերայէն մահացած են։
1993ին, երբ Այնթուրայի Սեն Ժոզէֆ քոլեճը նոր դասարաններ աւելցնելու նպատակով շինարարական աշխատանքներ կը կատարէր եկեղեցիին կից տարածքին վրայ, ի յայտ կու գան աճիւններ։ Անոնք նահատակ հայ որբերուն կը պատկանէին…
Վարժարանին պատասխանատու կղերականները հայ որբուկներուն մասունքներէն բաժին մը կը տեղաւորեն իրենց բարձրաստիճան հայրերու գերեզմանատան մէկ անկիւնը։
Հինգ տարիներ անցած են այն օրէն, երբ պատմական արխիւներ ուսումնասիրող եւ հետազօտական աշխատանքներու ձեռնարկող Միսաք Քելեշեան լուսարձակի տակ կը բերէր Թուրքիոյ կատարած Ցեղասպանութեան անյայտ մնացած այս բաժինը։ Ան, 2005էն սկսեալ, տարբեր միջոցներով կոչ ուղղած էր հայ համայնքի ներկայացուցիչ ու ղեկավար զանազան տարրերու։ Յարութ Խաչատուրեանը եղած է միակը, որ Միսաք Քելեշեանի յայտարարութենէն քանի մը օր ետք գրաւոր նամակով իր ինքնայօժար ու ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ տրամադրելու ամէն ինչ, որ պէտք է այս ազգային պարտականութիւնը իր նպատակին հասցնելու համար։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2010։ Ա՛լ սպասելու կարիքը չկար…։ Հասած էր պահը, որ մեր նահատակ որբերը վերջապէս գտնէին իրենց հանգիստը։
Այդ օրը, երեկոյեան ժամը 5ին, «Գոհար»ի մեծ ընտանիքին եւ անոր հիմնադիր ու մեկենաս Յարութ Խաչատուրեանին նախաձեռնութեամբ ու տիկին Գոհար Խաչատուրեանին ձեռամբ կատարուեցաւ յուշակոթողին բացումը։ Յուշակոթողը իր մէջ կ՛ամփոփէ մշակոյթ ու պատմութիւն։ Անոր գագաթին տեղադրուած է Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորի թագին կրկնօրինակը։ Խաչքար-կոթողին վրայ քանդակուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշը եւ հինգ որբուկներու պատկերներ։ Իսկ անոր վահանին մէջ խիզախօրէն դրոշմուած է մեր փառապանծ ԱԲԳ-ը եւ հաղորդակցութեան խորհրդանիշ քնարը։ Պատուանդանին վրայ չորս լեզուներով գրուած է հետեւեալը. «Ի յիշատակ հայ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին օսմանեան իշխանութեան գործադրած ցեղասպանութեան»։ Յիշատակարանին սանդխամատին վրայ նստած է պրոնզէ որբուկ մը, ձեռքին մէջ բռնած՝ ոսկեզօծ երկրագունդը, որ կը մարմնաւորէ թէեւ տառապած, բայց միշտ դէպի կեանք ձգտող ու կեանքին յաղթող մեր ժողովուրդը։ Որբուկը երկրագունդին յառելով նայուածքը՝ կարծէք կ՛ըսէ. «Ո՞ւր էիք…»։
Յաւուր պատշաճի խօսքեր արտասանուեցան։ Յաջորդաբար խօսք առին՝ Միսաք Քելեշեան, Սեպուհ Մխճեան, Սեն Ժոզէֆ քոլեճի ընդհանուր պատասխանատու հայր Անթուան Նաքատ, Խաչատուրեան ընտանիքին կողմէ՝ Շահէ Խաչատուրեան եւ «Գոհար»ի գեղարուեստական ղեկավար Սեպուհ Աբգարեան։ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, մասնաւորաբար՝ Այնթուրայի մէջ թաղուած հայ որբերու հոգիներուն հանգստեան համար աղօթք մատուցեցին Նարեկ եպս. Ալեէմեզեան, Նարեկ վրդ. Լուիզեան եւ պատ. Հրայր Չոլաքեան։
«Աստ հանգչին հայ որբուկներ» արձանագրուած է անոնց գերեզմանի տապանաքարին վրայ։ Եւ հոն կը կանգնի հայկական խաչ մը՝ անոնց յաւիտենական հանգիստը վկայող։ «Գոհար» իր ամբողջ երգչախումբով եւ նուագախումբի փողայինի մասով կատարեց «Կիլիկիա»ն։ Որբուկներուն հոգիները կարծէք թեւածելով՝ այցելեցին պապենական Կիլիկիան վերջին անգամ ըլլալով եւ վերադառնալով՝ եկան հանգչելու իրենց վախճանական հանգրուանը եղած այս գերեզմանին մէջ, որ արդէն դարձաւ ուխտավայր, ուր հայ ժողովուրդի մասնիկ մը կու գար այսօր իր յարգանքը մատուցելու, աղօթելու, մոմ վառելու եւ ծաղիկներ զետեղելու։ Հարիւրաւոր հայորդիներու յոտնկայս մասնակցութեամբ, «Գոհար» կատարեց Տէրունական աղօթքը։
Այդ պահուն արդեօք մե՞նք կ՛աղօթէինք հոն հանգչած որբուկներուն հոգիներուն համար, թէ՞ անոնք մեզի զգաստութեան ու զարթնումի կոչ կ՚ուղղէին։