
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 7ին, լուսաւորուեցաւ առաջնորդարանի «Թր-բանճեան» հրապարակին վրայ գտնուող տօնածառը, որուն շուրջ հաւաքուած էին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, հոգեւորականներ եւ հիւրեր: Ապա «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տարեկան խրախճանքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ 330 հոգի:
Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան: Խրախճանքի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան ի սրտէ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հիւրերուն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ ներկաներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք անձնուիրաբար կատարած էին իրենց վստահուած պարտականութիւնները:
Տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ներկայացում, ուր տօնական այս ուրախ առիթով իրենց ասպարէզներուն մէջ մասնագիտացած հայորդիներ, հակիրճ կերպով, իրենց սրտի խօսքը կը կատարէին: Անոնք էին՝ տոքթ. Հէրի Պալեան, տոքթ. Արպի Ղազարեան, տոքթ. Արմէն Չերիք, իրաւաբան Էտվին Մինասեան, իրաւաբան Վիգէն Սոնենց Փափազեան, Սոնիա Պոյաճեան, Այտա Ղարախանի, Վաչէ Մանկրեան, Աւետիս Մարգարեան եւ Փիթըր Ապաճեան:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ Արմէն Համբար իր ողջոյնի խօսքը կատարեց եւ հաճելի ժամանց մաղթեց, նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը՝ նորանոր յաջողութիւններով: Տարեկան սոյն խրախճանքին ներկայ էին Վաչէ արք. Յովսէփեան, Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներ, Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, դատաւոր Զաւէն Սինանեան եւ հանգստեան կոչուած դատաւոր Արմանտ Արապեան:
Առաջնորդը խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս տօնախմբութիւնը յարմար առիթը կը դատենք մեր գնահատութեան ու երախտիքի խօսքը յղելու երիտասարդներուն, որոնք Աստուծոյ կողմէ իրենց շնորհուած կեանքը իմաստաւորած եւ հարստացուցած են մասնագիտական գիտելիքներու ձեռքբերումով, եւ գործնականացումովը՝ համայնքի կեանքին մէջ: Յատուկ շնորհակալութիւն Ս. Ծննդեան խրախճանքի յանձնախումբին»:
Ապա ան իր շնորհաւորական եւ գնահատական ջերմ խօսքերով յատուկ վկայագիր յանձնեց պատուի արժանացած իւրաքանչիւր հայորդիի, եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Այս առիթով նաեւ նշուեցաւ սրբազան հօր տարեդարձը: Խրախճանքը խանդավառեց Գօգօ Հայիթեանը՝ իր նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
