ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ, ատամնաբոյժ տոքթ. Եղիա Տաղլեանի անակնկալ մահը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 8ին:
Հանգուցեալը ծնած է Հայաստան, Փետրուար 26, 1950ին, եւ զաւակն է Յակոբ ու Արմէնուհի Տաղլեաններու: 1980ին ընտանեօք փոխադրուած են Լոս Անճելըս: Ան ունեցած է եկեղեցական, ազգային, կրթական եւ բարեսիրական բեղուն ծառայութիւն:
Հանգուցեալը երկար տարիներէ ի վեր անձնուէր ծառայութիւն կը մատուցանէր Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին միջոցաւ: Անդամ էր նաեւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի հոգաբարձութեան: Եղած է նաեւ առաջնորդարանի շատ յանձնախումբերու անդամ եւ իր օգտակար ծառայութիւնները մատուցած՝ շնորհիւ իր կարողութիւններուն եւ աստուածատուր իմաստութեան:
Տոքթ. Եղիա Տաղլեան, առ ի գնահատութիւն իր մատուցած երկարամեայ ծառայութիւններուն, 2006ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի կողմէ պարգեւատրուած էր «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով:
Հանգուցեալի թաղման արարողութեան «Տան Կարգ»ը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ղրկած ցաւակցագիրը կարդաց ծուխին հոգեւոր հովիւը: Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին, գլխաւորութեամբ առաջնորդին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Եկեղեցւոյ կարգ»ը, ապա «Hollywood Hills Forest Lawn» գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ թաղման արարողութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.