Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, նախորդ տարիներու նման, Յունուար 6, 2011ին, Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան ընդունելութիւն՝ երեկոյեան ժամը 6ին: Ընդունելութիւնը առիթ մը պիտի ստեղծէ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին՝ իր օրհնութիւնները բաշխելու եւ միեւնոյն ատեն գնահատելու համար թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականները, ծխական խորհուրդներու ատենապետները, առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ շինարարական եւ հանգանակիչ յանձնախումբերը, առաջնորդարանի խնամակալները, թեմական կազմակերպութիւններու ատենապետները, հայ մամուլը, հայ կազմակերպութեանց վարչական մարմինները, բարերարները եւ առաջնորդարանի մասնաւոր հիւրերուն ջանքերն ու աշխատանքները՝ անցնող տարուան ընթացքին:
Նուիրական այս երեկոն պիտի սկսի առաջնորդին գլխաւորութեամբ, հոգեւորականներու կողմէ կատարուող աւանդական «Տնօրհնէք»ի արարողութեամբ: Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: