
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին հրապարակուած Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի այն որոշումը, որ ժամանակաւորապէս կը սառեցնէ Սանթա Մոնիքայի քաղաքապետական խորհուրդին այն որոշումին գործադրութիւնը, որուն հետեւանքով, Սանթա Մոնիքայի մէջ թաքսիի հայ վարորդներ պիտի կորսնցնէին աշխատելու իրենց իրաւունքը: Օրէնքը ի զօրու պիտի դառնար Յունուար, 2011ին:
Ատեանին վճիռը հետեւանք է հայ վարորդներուն նոր կազմած Թաքսի վարորդներու միութեան կողմէ Սանթա Մոնիքա քաղաքին դէմ բացուած դատին, ուր կը պնդուի, թէ քաղաքը խտրական միջոցառումներու դիմած էր՝ արգիլելով թաքսի վարորդներու հայկական բոլոր ընկերութեանց գործունէութիւնը քաղաքի սահմաններէն ներս:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանրային յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան քաղաքին այս անարդար որոշումին գործունէութեան դէմ սկսած իրաւական արշաւին մէջ առաջին յաղթանակը համարեց ատեանին որոշումը:
Քաղաքի որոշումին դէմ ցոյցեր կազմակերպելու եւ քաղաքապետական խորհուրդի ժողովներուն ընթացքին հայկական կողմին իրաւունքները պաշտանելու նպատակով կարեւոր ներդրում ունեցեր էին թէ՛ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ թէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն, որոնք բացայայտ խտրականութեան այս երեւոյթը անընդունելի կը նկատեն եւ կը շեշտեն, թէ անոր հետեւանքով մօտաւորապէս 300 հայ ընտանիք իր եկամուտը կրնայ կորսնցնել: