Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Stratfor.com համացանցային կայքէջի հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն Ճորճ Ֆրիտման, 2009ին հրատարակած իր գրքին մէջ Թուրքիան կը նկատէ իսլամական աշխարհի այն երկիրը, որ ամէնէն աւելի լրջօրէն պէտք է նկատի ունենալ որպէս 21րդ դարու հզօր պետութիւններէն մէկը:
Աշխարհաքաղաքական տեսութեան սկզբունքներու հիման վրայ կատարած իր վերլուծումը նկատի կ՛առնէ Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա եւ Ասիա-Խաղաղական տարածաշրջանի իսլամական աշխարհի ներքին ու շարունակուող անկայունութիւնը, որ ըստ Ֆրիտմանի, թէեւ պիտի չյանգի իսլամական համատարած ըմբոստութեան, այնուամենայնիւ թոյլ պիտի տայ որ «իսլամ ազգ-պետութիւն մը այս անկայունութեան, եւ ուրեմն այլ պետութիւններու ներքին տկարութեան, ստեղծած առիթը օգտագործէ՝ ինքզինք հաստատելու համար որպէս շրջանային ուժ»:
Ֆրիտմանի համոզումով իսլամական աշխարհի երկու ամենամարդաշատ երկիրները՝ Ինտոնեզիա եւ Փաքիստան, չեն կրնար այդ դերը ստանձնել: Առաջինը՝ նման ձգտում չունի, իսկ երկրորդը՝ հակառակ կորիզային զէնք ունենալուն, ներքնապէս այնքան բաժանուած է եւ աշխարհագրականօրէն այնքան մեկուսացած է, որ դժուար թէ կարենայ վերածուիլ տարածաշրջանային ուժի:
Յաջորդ երեք իսլամ ամենէն բազմամարդ երկիրները՝ Եգիպտոսը, Թուրքիան եւ Իրանն են: Երեքին ալ տնտեսութիւնը 2005էն ի վեր տարեկան 5-8 տոկոսի աճ կ՛արձանագրէ, սակայն Թուրքիա ունի շարք մը առաւելութիւններ, որ միւս երկու երկիրները չունին: Նախ եւ առաջ, իր տնտեսութիւնը աւելի կանուխ ամուր հիմերու վրայ դրուած է եւ բաղդատած եւրոպական երկիրներու՝ եօթերորդ ամենազարգացածն է արդէն: Ապա, եւ ի մասնաւորի Իրանին հետ բաղդատած, Թուրքիա միջազգային բեմին վրայ մեկուսացած չէ, ոչ ալ հակադրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (ԱՄՆ): Վերջապէս, եւ ի մասնաւորի, աշխարհագրականօրէն կը գտնուի Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ռուսիոյ միջեւ, ինչ որ իրեն թոյլ կու տայ շարժիլ որեւէ ուղղութեամբ:
Վերլուծաբանը կը նշէ նաեւ, որ ներքին իմաստով Թուրքիա «բարդ հասարակութիւն մըն է», զինուորականութիւնը կը հսկէ քեմալական աշխարհիկ (secular) սահմանադրական կարգի պահպանման վրայ՝ ընդդէմ հետզհետէ զարգացող իսլամական շարժումի մը: «Տակաւին շատ յստակ չէ, թէ ի՞նչ տիպի ներքին կառավարութիւն մը պիտի ունենայ», սակայն կ՛եզրակացնէ, որ այնուամենայնիւ, նկատի ունենալով իսլամական աշխարհի իրավիճակը, Թուրքիա ամենայն հաւանականութեամբ վերատիրանայ տարածաշրջանի հզօր ուժի երբեմնի իր դիրքին:

2002ին իշխանութեան հասած եւ իրերայաջորդ ընտրութիւններով ինքզինք հաստատած իսլամական Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (ԱՔՓ-AKP թրքական անուանակոչման սկզբնատառերուն համաձայն) արտաքին քաղաքականութեան այսպէս կոչուած «նէօ-օսմանական» շրջադարձը 2008-2009ին, որ աւելի ամրագրուեցաւ 2010ին, կու գայ մասամբ առնուազն իրաւունք տալու Ֆրիտմանի վերլուծումին: Ի տարբերութիւն, սակայն, անոր էապէս աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնին, ուր գերադաս կշիռ ունին նիւթական «կարծր» տուեալները ինչպէս՝ բնակչութիւն, տնտեսական աճ, զինուորական հզօրանք ի միջի այլոց, Թուրքիոյ տարածաշրջանային ուժի վերածման այս գործընթացը կը բացատրուի ներքին ոլորտին մէջ քեմալական աշխարհային հասարակարգի թուլացման, եւ թերեւս նոյնիսկ իսլամական ինքնութեան վերահաստատման, քաղաքական ծրագրի հետ իր անմիջական առնչութեան տինամիքով: Այսինքն՝ նիւթական «կարծր» տուեալներու գործօններուն չափ եւ թերեւս անոնցմէ աւելի որոշիչ ազդակ է իսլամն ու անոր թելադրած քաղաքական գործունէութիւնը:
Աւելի՛ն, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան նէօ-օսմանական շրջադարձը, որ կ՛արտայայտուի դիւանագիտական աշխուժացմամբ դէպի հարաւ՝ Արաբական աշխարհ, ի տարբերութիւն աւանդական Արեւելք-Արեւմուտք գիծին, հետեւանք է ներքին ոլորտին մէջ իսլամի վերադարձի հաստատագրման, եւ ոչ թէ, ինչպէս կարելի է մտածել, արդիւնք է արտաքին քաղաքականութեան գործնապաշտութեան: Այս կը նշանակէ որ թրքական քաղաքականութիւնը արդէն մուտք գործած է յետ-քեմալական ժամանակաշրջան մը եւ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները շատ աւելի կառուցային բնոյթ ունին քան զուտ պայմանական: Հետեւաբար, որքան ալ որ փոփոխութիւններու գործընթացը ըլլայ դանդաղ, դժուար թէ ետդարձ կատարուի: Ճիշդ է, թրքական դիւանագիտութիւնը այնքան ճկուն է, որ նոյնիսկ արտաքին բախումները, ի մասնաւորի իր ռազմավարական երկու աւանդական դաշնակիցներուն՝ Իսրայէլի եւ ԱՄՆի հետ, հազիւ թէ անմիջականօրէն առաջնորդեն արմատական անմիջական խզումներու: Բայց այդ բախումները անպայմանօրէն կը թելադրեն Միջին Արեւելեան տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան պատկերի փոփոխութեան հեռանկար:
Թրքական քաղաքականութեան յետ-քեմալական այս հանգրուանին, իսլամի գործօնի առաջնային դերակատարութեան նկատառումը ե՛ւ ներքին փոփոխութիւններու, ե՛ւ արտաքին շրջադարձի հոլովոյթին մէջ, առիթ կու տայ երկու կարեւոր հարցադրումներու ի խնդիր նոյն այդ հոլովոյթի եւ անոր զարգացման ուղղութեան աւելի յստակ ընկալման:
Այդ հարցադրումներէն առաջինը կը վերաբերի թրքական հասարակարգի եւ պետութեան ապագային: Թրքական պետութիւնն ու հասարակարգը իսլամացման ուղին անդարձ կերպով բռնա՞ծ են արդէն, թէ՞ կրօնական ինքնութեան արտայայտութեան վրայ դրուած քեմալական արգելքներու աստիճանական վերացումը պիտի յանգի իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ժողովրդավարութեան մը, ուր աշխարհայինն ու կրօնականը պիտի գոյակցին ե՛ւ հասարակական, ե՛ւ պետական ոլորտներուն մէջ:
Երկրորդը՝ թրքական արտաքին քաղաքականութեան նէօ-օսմանական շրջադարձին մասին է: Թուրքիոյ աշխուժացումը իսլամական աշխարհի ուղղութեամբ եւ իր ձգտումը վերածուելու տարածաշրջանային ուժի պիտի յանգի՞ Հանթինկթընեան հետեւումով իսլամական «քաղաքակրթութեան» մէջ ցարդ ինքզինք չփաստած կեդրոնական պետութեան առաջացման, թէ՞ պիտի վերածուի ներ-իսլամական ուժային հաւասարակշռութեան ե՛ւ սահմանափակելու համար Իրանի հզօրացումն ու ազդեցութեան տարածումը ե՛ւ զսպիչ դեր կատարելու համար արմատական իսլամականութեան:

Այս զոյգ հարցադրումները իրենց անդրադարձը ունին նաեւ Հայաստանի ու հայութեան ապագային վրայ՝ ազգային անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման եւ նաեւ ու մանաւանդ յետ-խորհրդային ինքնութեան կազմաւորման ու հաստատագրման իմաստով: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները մտածուած, քննարկուած ու վերլուծումի ենթարկուած են յատկապէս տնտեսական զարգացման ու ազգային անվտանգութեան հասկնալիօրէն առաջնահերթային ոլորտներուն մէջ: Ինքնութեան խնդիրները դիտուած են որպէս հետեւում այս զոյգ ոլորտներու հրամայականներուն, եւ առհասարակ կապուած Ցեղասպանութեան հարցին: Այս իրողութիւնը շատ հաւանաբար բնական պէտք է նկատել ընդհանրապէս. ինքնութեան խնդիրները միջազգային օրակարգ կը մտնեն միայն երբ քաղաքական ու տնտեսական գործընթացները կամայ թէ ակամայ անոնց արծարծման միջոց կը ստեղծեն: Ի շարս թիւով շատ սահմանափակ այլ ժողովուրդներու սակայն, հայութեան գոյավիճակը կը պարտադրէ Ցեղասպանութեան հետ անմիջականօրէն առնչակից ազգային ինքնութեան հարցին տալ իր տեղը որպէս գործօն՝ կացութիւններու ստեղծման եւ անոնց զարգացման հոլովոյթին մէջ:
Հարցը աւելի յստակօրէն կը վերաբերի հայութեան Սփիւռք ունենալու իրողութեան, բայց նաեւ, ու հետզհետէ աւելի, Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքի եւ իսլամացած հայերու ու անոնց «զարթօնք»ին – եթէ այս յղացքը տակաւին կանուխ չէ գործածելու համար: Այլ խօսքով, ցարդ բացառաբար միջ-պետական բեմահարթակի վրայ եւ առաջնահերթային կերպով ա՛յդ տրամաբանութեամբ քննարկուած հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է վերատեսութեան եւ վերաքննարկումի ենթարկուին հասարակարգային շատ աւելի բարդ բեմահարթակին վրայ, ուր, ի տարբերութիւն պետական տրամաբանութեան սահմանափակումներուն, կարելի եւ անհրաժեշտ է մտահորիզոնը աւելի լայնցնել եւ ընդգրկել գործօններ, որոնց կարգին՝ կրօնքը, որ պետութիւնները կրնան անտեսել, եւ թերեւս ալ անհրաժեշտ է որ ընեն:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու հասարակարգային հայեցակարգով քննարկումի այս փորձը ոչ կը ժխտէ, ոչ ալ կը հակասէ պետական տրամաբանութեան: Ի դէպ, հասարակարգային հայեցակարգ չի նշանակեր աշխարհաքաղաքական թէ տնտեսական «կարծր» տուեալներու անտեսում: Ընդհակառակը, ներկայ վերլուծումը, ինչպէս աւելի անդին որպէս վարկած պիտի բանաձեւուի, յետ-քեմալական Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն ու Իսլամի դերը կը բացատրէ պետութեան վերասահմանումի քաղաքական պայքարին ընդմէջէն եւ Իսլամը կը հասկնայ մասնաւորաբար որպէս այդ պետութեան արտաքին-ուժային քաղաքականութեան գաղափարախօսական սատար հանդիսացող գործօն – ինչ որ պէտք չէ շփոթել գործնապաշտութեան հետ: Յօդուածը կը ձգտի ներ-հայկական իմաստով ինքնութեան եւ գոյավիճակի մասին ընդհանուր բանավէճին նոր ներդրում կատարելու առանց շրջանցելու կարգ մը «խանգարող» երեւոյթներու մատնանշումը առանց որ անոնք անպայմանօրէն արժէքային իմաստով ընդունելի կամ անփոփոխելի ըլլան: Ի վերջոյ, մտաւորական ճիգը պէ՛տք է նախ եւ առաջ քննադատական ըլլայ փոխանակ «լուծումներ» առաջարկելու. Այն դոյզն յոյսով, որ «լուծումներ»ը կը բանաձեւուին առաւելագոյն «ժողովրդավարական» ձեւով, ներազգային լայն մասշտապի համաձայնութեամբ, երբ անոնց ականջալուր ու ժողովրդավարութեան բարոյականին յանձնառու պետական անձնաւորութիւններ եւ քաղաքական ղեկավար ընտրանի մը գոյութիւն ունի:
ՔԵՄԱԼԱԿԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, ԿԱՄ՝ ԹՐՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԷԹՆԻՔԱՆԱՑՈՒՄ
Սեւրի Դաշնագրի տրամադրութիւններու իրաւական զօրութեան իր հանրային քարոզչական արշաւին ընթացքին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Արա Պապեան հրապարակային դասախօսութեան մը ժամանակ դիտել տուաւ, որ քեմալիզմն ու պոլշեւիզմը իրենք իրենց իրաւականօրէն հաստատած են 1924ին եւ իրենց աւարտին հասած են 1990ական թուականներուն: Օրին, պոլշեւիկ-քեմալական զուտ պայմաններէ թելադրուած այսպէս կոչուած «հակա-կայսերական» – իմա՝ ընդդէմ Առաջին Աշխարհամարտի Դաշնակիցներուն – դաշինքին հայութեան համար երեք յատկանշական երեւոյթները կրնան համարուիլ. առաջին՝ երկու «յեղափոխական» շարժումներու ոչ-պետական, հետեւաբար՝ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ ոչ-իրաւական բնոյթը, ինչ որ, Պապեանի թէզին հետեւումով, իրենց ստորագրած ամէն փաստաթուղթի օրինականութիւնը առնուազն հարցականի տակ կը դնէ: Երկրորդ՝ այդ դաշինքին ստեղծած հողատարածային սթաթուս քօ-ի երկարատեւ բնոյթը, որ թարգմանուեցաւ Մոսկուայի կողմէ «Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիայէն հողային պահանջատիրութիւն

չունի» յայտարարութեամբ, ի մասնաւորի Սթալինի յետ-Երկրորդ Աշխարհամարտի Կարսի ու Արտահանի վերատիրացման ձախող փորձէն ետք, եւ երրորդ՝ պոլշեւիկ-քեմալական դաշինքին զոհասեղանին դրուած Հայկական Հարցին լուծարումը Հայաստանի հողային անդամահատութեամբ, որուն մէջ պատասխանատուութեան, կամ անպատասխանատուութեան, մեծ բաժին ունին Լենինի հայ ծագումով ընկերները՝ ի դէմս Կասեանի եւ տխրահռչակ առաջին Յեղկոմի անդամներուն, որոնք, ի տարբերութիւն իրենց ազերի եւ վրացի գաղափարակիցներուն, համոզուած համայնավարներ էին, մոլեռանդ միջազգայնականներ, որոնց համար աւելի կարեւոր էր այսպէս կոչուած «համաշխարհային յեղափոխութեան» յաջողութիւնը քան Կարսը, Արտահանը, Անին, Արարատը, Արցախը, æաւախքը, եւ շատ աւելի նուազ՝ Արեւմտահայաստանը:
Կարեւոր է դիտել տալ, որ 1921էն ետք, խորհրդայնացած Հայաստանէն պարտադիր աքսորի հետեւանքով Սփիւռքի մէջ կազմաւորուած հայ քաղաքական մտածողութիւնը ռուս-թրքական կամ պոլշեւիկ-քեմալական ա՛յս սպառնալիքին դէմ է որ ծառացաւ:
Պոլշեւիկ-քեմալական դաշինքը նաեւ արդիւնք էր նախկին երկու կայսրութիւններու հասարակարգային ինքնութեան արմատական փոփոխութեան ծրագրի մը, որ առաջ տարուեցաւ պետական քաղաքականութեան ճամբով:
Նախկին ցարական կայսրութեան տարածքին պոլշեւիկներու եւ ցարական վարչակարգի պաշտպաններու միջեւ քաղաքացիական պատերազմի աւարտով եւ պոլշեւիկեան իշխանութեան տարածումով մինչեւ Հարաւային Կովկաս ու Կեդրոնական Ասիա, Լենինի յաջորդներուն միջեւ ծանօթ բանավէճը՝ յեղափոխութիւնը շարունակելո՞ւ, թէ՞ «մէկ երկրի մէջ սոցիալիզմ» կառուցելու այլընտրանքներուն միջեւ շահեցաւ երկրորդը, որուն ջատագովն էր Սթալին: Արդիւնքով՝ քաղաքական իր ընդդիմախօսը՝ Թրոցքի, աքսորուեցաւ Մեքսիքօ, ուր եւ հետագային սպանուեցաւ Սթալինի հրամանով, մինչ եւրասիական տարածքին վրայ, 1924ին, ծնունդ առաւ իւրայատուկ մեծապետական կառոյց մը, որ կոչուեցաւ Խորհրդային Սոցիալիստ Հանրապետութիւններու Միութիւն: Ծանօթ է, որ 1917ի յեղափոխութեան եւ նոյն տարուան Հոկտեմբերին պոլշեւիկներու կողմէ իշխանութեան տիրացումին յաջորդած եօթ տասնամեակներու պատմական փորձը նպատակ ունէր ազգային-մշակութային «ձեւային» կառոյցին ներքոյ կազմաւորել «խորքային» խորհրդային ժողովուրդի նորագոյն ինքնութիւնը, որպէս «սոցիալիզմի կառուցման» յառաջընթաց եւ ի խնդիր համայնավար համաշխարհայնական հասարակարգի ծնունդին:
Թուրքիոյ մէջ ինքզինք հաստատած քեմալական իշխանութիւնը, փրկելով այն ինչ որ կարողացած էր փրկել նախկին Օսմանեան Կայսրութենէն եւ ընդարձակել Անատոլուի այն հողատարածքը, որ Սեւրի Դաշնագիրը բաժին հանած էր պատերազմը կորսնցուցած թուրքերուն, նախաձեռնեց համամարդկային պատմութեան մէջ իւրայատուկ սոցիալական կառուցումի մը, որ իր էութեամբ նպատակ ունէր թուրք ազգային արդիական, այսինքն՝ աշխարհական, ինքնութիւն մը կերտել: Այս կը նշանակէր հիմնականօրէն տարբերիլ նախկին Օսմանեան կայսրութենէն որպէս պետական դիմագիծ եւ վարչակարգ՝ արտաքին գետնի վրայ հրաժարելով հողային ծաւալապաշտութենէն, իսկ ներքին ճակատին վրայ բազմազգ, բազմակրօն եւ բազմամշակութային հասարակութեան մը պարտադրել նոր ինքնութիւն մը՝ թրքականութիւնը: Այս իմաստով, 1924ը, այն տարին երբ պաշտօնապէս ջնջուեցաւ Խալիֆայութեան թէկուզ եւ արդէն լոկ խորհրդանշական հաստատութիւնը, կարելի է համարել շրջադարձային տարի:

Քեմալի քաղաքական ծրագրի էութիւնն ու արդիւնքը՝ արդի Թուրքիան, բազմաթիւ քննարկումներու նիւթ դարձած են: Մինչեւ շատ հաւանաբար Պաղ Պատերազմի աւարտն ու Խորհրդային Միութեան փլուզումը ոչ ոք իսկապէս հարցականի տակ կը դնէր այս ծրագրին հիմնական յաջողութիւնը որպէս արդիական ազգ-պետութեան կառուցման յանդուգն նախաձեռնութիւն: Օսմանեան անցեալի միայն մշակութային ժառանգութեան իրաւատիրութիւնը պահանջող, դէպի Կեդրոնական Ասիա տարածման ծրագրէն իրաւականօրէն, իրապաշտ կերպով եւ իրողապէս հրաժարած, 1952էն ի վեր ՆԱԹՕի անդամ եւ 1959ին արդէն եւրոպական հոլովոյթին մասնակից դառնալու դիմում կատարած Թուրքիոյ Արեւմտեան ինքնութիւնը կասկածի առիթ չէր տար: Ճիշդ է, բոլորին համար ծանօթ էր, որ քեմալական ժառանգութեան պահակի դերը ստանձնած էր երկրի զինուորականութիւնը, որ չորս առիթներով – 1960, 1971, 1980, 1997 – միջամտած էր տապալելու համար սահմանադրական կառավարութիւններ: Աւելի՛ն, քեմալական հասարակարգի ամբողջատիրական տարրերը բացայայտ էին շատոնց: Բայց ամբողջ Պաղ Պատերազմի տեւողութեան այս զոյգ երեւոյթներուն մասին այնքան ալ աղմուկ չէր բարձրանար Արեւմուտքի մէջ, տրուած ըլլալով Թուրքիոյ կարեւորութիւնը ՆԱԹՕի համար: Այլ խօսքով՝ ամբողջատիրական թէ ոչ, Թուրքիա Արեւմտեան ինքնութեամբ հասարակարգ մըն էր:
Խորքին մէջ, այն ինչ որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բնութագրուէր որպէս «թուրք ժողովուրդ», Մուսթաֆա Քեմալի 9 Ապրիլ 1923ին հրապարակած «Ինը Սկզբունքներ»ուն մէջ յաջորդ եօթ տասնամեակներուն կազմաւորուեցաւ կայսերական անցեալէն մնացած ե՛ւ ցեղային, ե՛ւ իսլամական տարրերու վրայ: Թրքական ազգայնականութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւնները, յատկապէս անոնք որոնք կատարուած են քննադատական մօտեցումով, լուսարձակի տակ կ՛առնեն առաջինները, ինչ որ հասկնալի է, նկատի ունենալով որ, առաջին, թրքական ազգայնականութիւնը կառուցուեցաւ իսլամութեան հետ նոյնացած օսմանեան ինքնութեան աւերակներուն վրայ, եւ, երկրորդ, քեմալականութեան գաղափարախօսները, ի մասնաւորի անոնք որոնց Աթաթուրք վստահեցաւ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան գրառումը, ուսումնական ծրագրերու պատրաստութիւնը, մշակութային կեանքի կազմակերպումը, մէկ խօսքով՝ գրեթէ բոլոր այն մարզերը ուր ազգայնականութիւնը որպէս պետական քաղաքականութիւն գործնականացնելու խնդիր կար, նախկին փանթրքութեան գաղափարախօսներն էին:
Պատմաբան Այշէ Հիւր թրքական Թարաֆ պարբերաթերթի 12 Յուլիս 2010ի թիւին մէջ հրապարակած իր ուսումնասիրութեամբ («Թուրքիա. Հանրապետութեան ցեղապաշտութիւնն ու անոր ծնունդը») ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Քեմալի բանաձեւած «ազգ» յղացքին մէջ կան երեք հանգրուաններ: 1919-1922ին այն ունի կրօնական հնչեղութիւն եւ կը վերաբերի բոլոր իսլամ տարրերուն, որոնք Անատոլուի եւ Պալքաններուն մէջ պայքարեցան մեծ պետութիւններուն դէմ եւ կազմեցին Ազգային Մեծ Ժողովը: Երկրորդ հանգրուանին այս կրօնական հասկացողութիւնը կամաց-կամաց տեղի պիտի տայ աւելի քաղաքական հասկացողութեան մը, երբ Քեմալ «թուրք» յղացքը առաջին անգամ կը գործածէ 21 Սեպտեմբեր 1922ին «Մեծ Յաղթանակ»ին նուիրուած իր ճառին մէջ, ապա, ինչպէս վերը նշուեցաւ, կը խօսի «թուրք ժողովուրդ»ի մասին իր «Ինը Սկզբունքներ»ուն մէջ: 24 Յուլիս 1923ին ստորագրուած Լօզանի դաշնագրէն սկսեալ, «ազգ» յղացքը կը դադրի կրօնական նշանակութիւն ունենալէ, բայց նաեւ այլեւս չունի զուտ քաղաքական իմաստ, այլ կը նուիրականացուի իր ցեղային եւ էթնիք իմաստով, որուն համաձայն 1924ի Սահմանադրութեան 88րդ յօդուածը կը հաստատէ, թէ «Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները «թուրք» կը կոչուին առանց կրօնական կամ ցեղային խտրականութեան», սակայն նոյն տարին հրատարակուած «Թուրքիոյ Պատմութիւն» գրքին մէջ կը նշուի «թուրք ցեղի բարձրագոյն որակներ»ուն մասին: Թրքական ինքնութեան այս յատուկ «էթնիքանացման» հոլովոյթը շատ բնականաբար իր տեսական ներշնչումը պիտի ստանար 19րդ դարուն ծնունդ առած եւ 1920-30 թուականներուն ֆաշիզմի եւ նացիզմի հետ մեծ տարածում ստացած գրութիւններէ եւ հեղինակներէ: Աւելի՛ն, երբ 1941ին նացիներու յարձակողականը Խորհրդային Միութեան դէմ յաջողութեամբ կը պսակուի, իշխանութիւնները լայն տեղ կու տան նախկին փանթուրքիստներու գրութիւններուն եւ գաղափարներուն, սակայն նացիներու պարտութենէն ետք, հանրածանօթ փանթուրքիստներ կը ձերբակալուին եւ դատի կը տրուին: Պատերազմէն ետք, կ՛եզրակացնէ Հիւր, Թուրքիան շրջադարձ կը կատարէ դէպի Արեւմուտք, հետեւաբար ոչ ոք բացայայտօրէն ցեղայնութիւնը պաշտ-պանելու փորձ կը կատարէր: Ոչ ոք, բացի բարձրաստիճան զինուորականներէն, որոնք ի մասնաւորի վերջին երեք-չորս տարիներուն, շատ հաւանաբար ի հակադրութիւն իսլամութեան, սկսած են թոյլ տալ թրքական ազգայնականութիւնը ցեղապաշտօրէն, ի մասնաւորի «արիւն»ի, յղացքներով բացայայտող հրապարակային արտայայտութիւններու, ինչպէս օրինակի համար տարբեր առիթներով ուսանողներու կողմէ իրենց արիւնով պատրաստուած թրքական դրօշակները:
ԻՍԼԱՄԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՈՒՂԻՆ
Նուազ ծանօթ է Թուրքիոյ մէջ քեմալականութեան տարիներուն իսկ հաստատ մնացած իսլամ ինքնութեան վերադարձի հոլովոյթը: Անոնք որոնք տեսած են յոյն բեմադրիչ Թասսոս Պուլմեթիսի 2008ի «Կեանքի աղը» ժապաւէնը, պիտի յիշեն այն տեսարանը, ուր, 1961ին, թուրք պետական պաշտօնեաներ Պոլսէն հեռանալու հրաման կուտան յոյն ընտանիքի մը: Նոյն այդ տեսարանին մէջ, թուրք ոստիկանապետը ընտանիքի հայրը մէկ կողմ քաշելով ցած ձայնով կ՛առաջարկէ, որ կրօնափոխ ըլլայ, իսլամը ընդունի, եւ այդ պայմանով կրնայ շարունակել իր կեանքը իր սիրած քաղաքին մէջ… Այլ խօսքով, քեմալականութեան ամենազօրեղ ժամանակներուն իսկ իսլամը տիրական ներկայութիւն մնացած է թրքական ինքնութեան մէջ, թէկուզ եւ գաղտնի կերպով:
Իր «Իսթամպուլ՝ քաղաքի մը յուշերը» գրքին մէջ Օրհան Փամուք դիտել կու տայ, որ Պոլսոյ Արեւմտականացած քաղքենիութիւնը 1960էն ի վեր զօրավիգ կանգնած է զինուորականներուն ոչ թէ վախնալով ձախակողմեաններու յաղթանակէն, այլ որպէս հիմնական մտահոգութիւն ունենալով, որ օր մը ցած դասակարգն ու երկրին ներքին նահանգներէն Պոլիս ժամանող նոր հարուստները ձեռք-ձեռքի տան եւ կրօնական ազդակի ճամբով ջնջեն քաղքենիութեան Արեւմտեան կառուցաձեւը:
Քեմալական Թուրքիոյ մէջ, աշխարհական գաղափարախօսութեան վարչակարգի ներքոյ, եւ թերեւս նոյնիսկ որպէս հետեւանք յաջորդական քեմալական վարչակարգերու երկիրը իրենց վերահսկողութեան տակ պահելու ձգտումին, կրօնքը՝ իսլամութիւնը, յատկապէս անոր սիւննի տարբերակը, իր զարգացումը այնուամենայնիւ ապրեցաւ:
Թրքական իսլամի զարգացման մտաւորական աղբիւրը շատերու համար Ֆեթհիւլլահ Կիւլէնի գրութիւններն ու իր հիմնած կրօնաբարոյական շարժումն է, որ տարածուած է աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ: Կիւլէնի հետեւորդները հրապարակային կերպով կ՛ընդդիմանան «արմատական աշխարհականութեան», սակայն միեւնոյն ժամանակ կը պաշտպանեն աշխարհական պետութեան Արեւմտեան տարբերակը, ուր կրօնքն ու քաղաքականութիւնը իրարմէ բաժնուած են, սակայն անհատի կրօնական պաշտամունքի ազատութիւնը կաշկանդուած չէ: Սակայն ինչ որ թրքական պահպանողական իսլամին թոյլ տուաւ յաջող կերպով մուտք գործել քաղաքական ասպարէզ 1980ական թուականներու կէսերէն սկսեալ, թրքական տնտեսական քաղաքականութեան ազատականացումն է Թուրկութ Օզալի հովանաւորութեան ներքոյ: Այդ ազատականացումն ու երկրին բացուիլը դէպի արտաքին աշխարհ առիթ տուաւ ներքին նահանգներուն մէջ ապրող եւ գաղափարախօսութեամբ աւանդապաշտ ամբողջ խաւի մը արագօրէն հարստանալուն եւ տեղ գրաւելուն քաղաքական շրջանակներու մէջ, այնպիսի պահու մը, երբ միջազգային բեմին վրայ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց անդրադարձը սկսած էին ունենալ նաեւ Թուրքիոյ ռազմավարական նշանակութեան վրայ: Թուրքիոյ այս տնտեսա-հասարակական ներքին փոփոխութիւնը ուսումնասիրած մէկ գիտաշխատութիւնը բանաձեւեց «իսլամ քալվինականներ» յղացքը, որ կը համապատասխանէ Փամուքի նկարագրած Արեւմտականացած քաղքենիութեան վախ պատճառող հատուածի մը ինքնահաստատման:
Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իսլամը դեռեւս 1960ական թուականներու աւարտին սկսած էր փորձեր կատարել կազմակերպուելու եւ որպէս առանձին հատուած մասնակցելու ընտրութիւններուն: Իրերայաջորդ նախաձեռնութիւնները, որոնք սկիզբ առին «Միլլի Կէօրիւս» կազմակերպութեան հիմնադրումով, սկզբնական շրջանին ունէին ազգային գունաւորում, սակայն աջակողմեան հատուածներէն կը տարբերէին անով, որ կը հետապնդէին իսլամական արժէքներու վերահաստատման նպատակ, եւ ուրեմն կը տարբերէին բոլոր աջ թէ ձախ կազմակերպութիւններէն, որոնք ծնունդ էին եւ հետեւորդ քեմալականութեան: Այդ նախաձեռնութիւններու ետին էր Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իսլամի վերածնունդի գլխաւոր գաղափարախօս եւ երբեմնի ղեկավար Նեճմէտտին Էրպաքան: «Միլլի Կէօրիւս»ին հետեւեցան միեւնոյն նպատակին համար պայքարող «Միլլի Նիզամ Փարթիսի» (հիմնուած 1970ին, լուծուած 1972ին), «Միլլի Սելամէթ Փարթիսի» (հիմնուած 1973ին, լուծուած 1980ին), «Ռէֆահ Փարթիսի» (հիմնուած 1983ին, լուծուած 1999ին), «Ֆազիլէթ Փարթիսի» (հիմնուած 1999ին, լուծուած 2001ին), «Սաատէթ Փարթիսի» (հիմնուած 2001ին): Քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելու իր առաջին փորձերէն սկսեալ, Էրպաքան խիստ գործնապաշտօրէն ընտրական դաշինքներ հաստատեց միւս կուսակցութիւններուն հետ եւ կամաց-կամաց ինքզինք հաստատեց: «Ռէֆահ»ը լայն տարածում սկսաւ գտնել 1990ականներու առաջին կէսին, Թուրկութ Օզալի «Անա Վաթան Փարթիսի»ի ընտրական ձախողութիւններէն ետք: 1994ին «Ռէֆահ» տիրացաւ Անգարայի եւ Պոլսոյ բնակչութեանց քուէներուն: Յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն «Ռէֆահ» շահեցաւ քուէներուն քսան տոկոսը, վերածուելով ամէնէն աւելի ձայն ստացած կուսակցութեան: 1996ին Էրպաքան Սիւլէյման Տեմիրէլի եւ Թանսու Չիլլէրի կեդրոն-աջ կուսակցութեան հետ կազմեց համաձայնական կառավարութիւն մը եւ ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը: Մէկ տարի ետք, զինեալ ուժերու հրամանատարութեան ճնշման ներքոյ, այն՝ ինչ քաղաքագիտութեան մէջ ծանօթ դարձաւ որպէս պատմութեան առաջին «յետարդիական պետական հարուածը» – Էրպաքան ստիպուեցաւ հրաժարիլ: Անոր նոյնիսկ արգիլուեցաւ քաղաքական կեանքին մասնակցիլ: Աւելի՛ն, իսլամական շարժման շարքերուն մէջ Էրպաքան առաջին անգամ ըլլալով դէմ յանդիման գտնուեցաւ ղեկավար նոր սերունդի մը, որ զինք քննադատեց կառավարական փորձառութեան ձախողութեամբ: Այդ հոսանքին գլխաւոր երկու դէմքերը, Ապտիւլլահ Կիւլ եւ Ռեչէպ Թայյիփ Էրտողան, նախաձեռնեցին ԱՔՓի հիմնադրութեան: Մէկ տարի ետք անոնք արդէն իշխանութեան հասած էին, մինչ շատ աւելի գաղափարախօսական «Սաատէթ»ը կը դատապարտուէր լուսանցքային մնալու:
ԱՔՓի ընտրական իրերայաջորդ յաջողութիւնները կը բացատրուին նախ եւ առաջ կուսակցութեան ղեկավարութեան եւ իր գլխաւորած կառավարութեան ճկուն քաղաքականութեամբ: Կասկած չկայ որ ԱՔՓի նպատակը առնուազն իսլամական արժէքներու գործնականացման վրայ քեմալական արգելքներու վերացումն է: Բայց այդ մէկը առաջ կը տարուի շատ զգոյշ կերպով, յարգելով ժողովրդավարութեան խաղի օրէնքները, զօրաշարժի մէջ պահելով կուսակցութեան հետեւորդները, բայց մանաւանդ լաւագոյնս օգտագործելով Եւրոպական Միութեան անդամագրութեան համար երկրի ժողովրդավարացման պայմանաւորումները: Փաստօրէն, ինքզինք ամէնէն աւելի Արեւմուտքին հետ նոյնացնող թրքական աշխարհականութիւնը, իմա՝ քեմալական գաղափարախօսութիւնն ու հասարակարգը, այսօր թիրախ է Եւրոպայի քննադատութիւններուն, մինչ քաղաքական իսլամը, որպէս ժողովրդավարութեան ջատագով ուժ, որպէս նեցուկ ունի Եւրոպան… Կացութիւնը, անշուշտ, մեծ երկսայրաբանութիւն (dillema) մըն է նոյնինքն Եւրոպայի համար, ուր քաղաքական իսլամի արագընթաց զարգացումը եւրոպական քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ամենահիմնական մտահոգութիւնն է, որքան ալ որ անոր մասին արտայայտուիլը քաղաքականօրէն վտանգաւոր ըլլայ:
Արդե՞օք այս կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ մէջ զարգանալ սկսած է քաղաքական իսլամ մը, որուն հաստատագրումը կրնայ օրինակելի ըլլալ իսլամական աշխարհի մէջ Արեւմտեան ժողովրդավարութեան կարելիութեան ու զարգացման եւ մինչեւ իսկ իսլամական աշխարհի մէջ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ աշխարհայնացման հոլովոյթի մը, որ փաստօրէն, ձախողեցան ամրագրել ե՛ւ քեմալականութեան, ե՛ւ Նասըրի համարաբական ազգայնականութեան, ե՛ւ «Պաաս» կուսակցութեան, ե՛ւ Իրանի Շահի վարչակարգի պետական նախաձեռնութիւնները: Կասկած չկայ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի պայմանաւորուածութիւնները իրենց խորին անդրադարձը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ թրքական քաղաքական իրաւակարգի բարեփոխութեան ուղղութեամբ: Այդ մասին կը վկայէ Ալի Ռէսուլ Ոսուլի մէկ աշխատասիրութիւնը, որ, սակայն, կ՛եզրակացնէ, որ ԵՄ-Թուրքիա բանակցութիւններու օրակարգի վրայ յատուկ խնդիրներ, ի մասնաւորի՝ Կիպրոսի հարցը, առաւել եւրոպացի կարգ մը ղեկավարներու թրքական անդամակցութեան նկատմամբ անբարեացակամ արտայայտութիւնները յանգած են Թուրքիոյ մէջ Եւրոպայի նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազման եւ ԵՄի պայմանաւորման քաղաքականութեան ազդեցիկութեան նուազումին:
Նման եզրակացութիւն, թէկուզ եւ ինչ որ չափով միտումնաւոր, թոյլ կու տայ մտածել, որ խորքին մէջ ԱՔՓի ներքին ծրագրին հետապնդած նպատակը շատ աւելի հետամուտ է ժողովրդավարութեան խաղաքարտը օգտագործել իսլամի արժէքներու հանրային կիրարկումի վրայ դրուած քեմալական արգելքներու վերացման եւ իսլամը որպէս քաղաքական ուղեգիծ հաստատելու ի խնդիր, քան պետական վարչակարգի ժողովրդավարացման: Այս մէկը չի նշանակեր, որ Թուրքիոյ իսլամացումը անխուսափելի է: Ընդհակառակը, ամենայն հաւանականութեամբ, եւ երկար ժամանակ, երկիրը շատ աւելի բացայայտ կերպով ըլլայ այն, ինչ խորքին մէջ արդէն էր քեմալականութեան ժամանակ. իսլամի ու աշխարհական ինքնութիւններու գոյակցութիւն փոխադարձ, թէկուզ եւ ստիպուած հանդուրժողականութեամբ, այն տարբերութեամբ, որ շատ հաւանաբար երթալէն աւելի աճի իսլամական ինքնութեան տեսանելիութիւնը, որ արտօնուած իսկ չէր քեմալականութեան ժամանակ: Այլ խօսքով, առնուազն կասկածելի է, որ ԱՔՓի քաղաքական ամրագրումը ընտրական հետեւողական հոլովոյթներով համազօր ըլլայ պետական-քաղաքական համակարգի ժողովրդավարացման: Աւելի՛ն, տակաւին հարցական է եթէ ԱՔՓի քաղաքական ամրագրումը զսպիչ դեր պիտի ունենայ արմատական իսլամի յառաջընթացին, կամ առիթ պիտի ստեղծէ, որ հակաքրիստոնէական եւ հակահրէական զգացումներն ու վայրագութեան արարքները բազմանան, ինչպէս պատահեցաւ անցնող տարիներուն:
ԴԷՊԻ «ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» ՎԵՐԱՀՍԿՈՒՄ
Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը կը նշանակէ ամէնէն առաջ «Խորքային պետութեան» (Deep state) կազմալուծումը: 2008ին «Էրկենեքոն» ցանցի բացայայտման եւ դատական ատեանի առաջ տանելու քաղաքական որոշումը օրին մեկնաբանուեցաւ որպէս «Խորքային պետութիւն»ը կազմալուծելու եւ թրքական հասարակարգը իսկապէս ժողովրդավար դարձնելու քայլ: ԱՔՓի ղեկավարները իրենք սակայն երբեք «Խորքային պետութեան» մասին չեն խօսած: Ոչ ալ «Էրկենեքոն» ցանցէն անդին «Խորքային պետութեան» այլ սադրանքները, օրինակի համար Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, դատապարտելու այնքան ալ տրամադրութիւն կայ: Աւելի՛ն, Հայոց Ցեղասպանութեան, քրտական հարցին, Կիպրոսի խնդրին եւ մինչեւ իսկ քրէական օրէնսդրութեան կարգ մը ոչ այնքան ժողովրդավարական յօդուածներու պահպանման շուրջ, ըստ երեւոյթին, այնքան ալ մեծ տարբերութիւն չկայ իսլամականներուն եւ քեմալականներուն միջեւ…
Իրականութեան մէջ, «Խորքային պետութիւն»ը Թուրքիոյ իսկական քաղաքական ուժն է, եթէ ոչ Քեմալի ստեղծած երկրին ու հասարակարգին ներքին կայունութեան միակ երաշխիքը: Այլ խօսքով, որքան ալ որ փորձ կատարուի «Խորքային պետութիւն»ը նոյնացնել զինուորականներուն հետ կամ այն տեղադրել Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ծիրին մէջ, «Խորքային պետութիւն» հասկացողութիւնը շատ աւելի իմաստալից է իր յղացքային ըմբռնումով. Թուրքիան եւ թրքական «ազգային շահ»ը գոյութիւն ունին շնորհիւ «Խորքային պետութեան»: Հետեւաբար, շատ աւելի իրապաշտ է ենթադրել որ ԱՔՓի նպատակը «Խորքային պետութեան» վրայ իր վերահսկողութիւնը հաստատել է եւ ոչ թէ այն կազմալուծել: Այդ նպատակին հասնելու համար ԱՔՓի իշխանութիւնը քաջ կը գիտակցի որ անհրաժեշտ է ներթափանցել կամ ներգրաւել քեմալականութեան վերջին երկու զօրակայանները՝ զինուորականութիւնը եւ դատական իշխանութիւնները:
Տավութօղլուի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակումով, նախապէս Կիւլի, բայց մանաւանդ Էրտողանի կողմէ սկիզբ առած դէպի Միջին Արեւելք շրջադարձը արդէն քաղաքական նոր ուղեգիծի վերածուեցաւ: Անկախ իր այլ նպատակներէն, Թուրքիոյ «նոր-օսմանական» շրջադարձը կ՛առաջադրէ երկիրը վերածել տարածաշրջանային ուժի: Նման մարտահրաւէրի հանդէպ անտարբեր չեն կրնար ըլլալ զինեալ ուժերը, որոնց, ուշ թէ կանուխ, դեր պիտի վստահուի: Այլ խօսքով՝ քեմալականութեան գլխաւոր պաշտպան զինուորականութիւնն ալ կրնայ ի վերջոյ համոզուիլ այս քաղաքականութեան եւ յարիլ ԱՔՓի քաղաքական ուղիին՝ ճամբայ բանալով քաղաքական իսլամին իր վերահսկողութիւնը հաստատելու «Խորքային պետութեան» վրայ:
ՇՐՋԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ. «ՆՈՐ ՕՍՄԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Իսլամի եւ թրքական ազգայնականութեան պայքարն ու գոյակցութիւնը յատկանշած են Օսմանեան

Կայսրութեան վերջին երեք տասնամեակները: 1908ի պետական հարուածն ու Օսմանեան Սահմանադրութիւնը եկան վերջակէտ դնելու Ապտիւլ Համիտ Բ.ի համիսլամական ցնորքներուն: Օսմանեան Սահմանադրութիւնը պատմութեան մէջ առաջին փորձն է կայսրութեան ժողովրդավարացման: Անոր յաջողութիւնը կրնար յանգիլ օսմանական քաղաքացիութեան յառաջդիմական հասկացողութեան, ուր քաղաքացիական ազատութիւններն ու իրաւունքները ինքնաբերաբար մշակութային բազմազանութեան երաշխիք պիտի ըլլային կայսրութեան տարբեր ազգութիւններուն եւ կրօնքներուն համար: Մնացեալը ծանօթ պատմութիւն է: Օսմանեան հասարակարգին մէջ դարերու ընթացքին նուիրականացած իսլամ եւ ոչ-իսլամ ուժական անհաւասարակշռութիւնը համահունչ ընթացաւ փանթուրանական ձգտումներուն եւ ծրագրին հաստատման հետ եւ յանգեցաւ Առաջին Աշխարհամարտին Օսմանեան Կայսրութեան մասնակցութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, ասորիներու բնաջնջման…
Փանթրքական ծրագիրը կը ձգտէր դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ ծաւալապաշտական-կայսերական էր իր ամբողջ էութեամբ: Քեմալականութիւնը, ինչպէս ըսուեցաւ աւելի առաջ, հեռաւորութիւն պահեց ե՛ւ Օսմանեան Կայսրութենէն, ե՛ւ փանթրքական ծրագրէն: Այդ հեռաւորութիւնը այն գինն էր, որ պէտք էր վճարուէր ի խնդիր ազգ-պետութեան ծրագրի կառուցման եւ անոր հողային ամբողջականութեան, իմա՝ յատկապէս հայապատկան հողերու իւրացման, պահպանման: Հակառակ քեմալականութեան եօթ տասնամեակներուն Յունաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ հողային հարցերով առաջացած լարուածութեան, բացի Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումէն, Թուրքիա ծաւալապաշտական այլ ծրագիրներ չունեցաւ: ՆԱԹՕի իր անդամակցութիւնը բացառեց նաեւ շրջանային ուժի վերածուելու ամէն հեռանկար այնպէս, ինչպէս ունեցաւ Շահի վարչակարգի Իրանը, որ օրին վերածուած էր Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆի ոստիկանին եւ ունեցաւ այն վախճանը, որ բոլորիս ծանօթ է:
Միայն Պաղ Պատերազմէն ետք եւ Խորհրդային Միութեան փլուզման իրողութեան հետեւանքով, Թուրքիա շատ զգոյշ կերպով պահ մը փայփայեց նորարար փանթրքականութիւն մը, կրկին նայելով դէպի Կեդրոնական Ասիա: Բայց 1990ական թուականներու առաջին կէսի այդ փորձերը ե՛ւ ներքին պատճառներով, ե՛ւ ռուսական գործօնի բերումով եղան սահմանափակ եւ, փաստօրէն, Ատրպէյճանէն անդին չանցան: Մինչեւ 2008-2009 Թուրքիա, նոյնիսկ ԱՔՓի իշխանութեան առաջին տարիներուն, կեդրոնացաւ ԵՄի անդամակցութեան ծրագրին վրայ: Կը մնայ, որ 2003ին, ԱՄՆի Իրաք զինուորական միջամտութեան օրերուն, Ազգային Ժողովի մերժումը թոյլ տալու, որ Ուաշինկթընն ու իր դաշնակիցները թրքական հողը գործածեն զինուորական գործողութիւններու համար, առաջին նախանշանն էր Արեւմուտքէն հեռաւորութիւն պահելու, որ այն ժամանակ շատ աւելի կը համապատասխանէր ներքին հաշիւներու, ընդ որում ԱՔՓն ինքզինք պարտադրեց ԱՄՆի հետ համագործակցելու պատրաստ թուրք զինուորականներուն վրայ, քան արտաքին ռազմավարութեան:
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան նոր օսմանեան շրջադարձը կը բացատրուի հետեւեալ գործօններով.
Առաջին՝ երկրէն ներս քաղաքական իսլամի յառաջընթաց, որով եւ հասարակութեան մէջ աւելցաւ այլ իսլամ ժողովուրդներու, յատկապէս պաղեստինցիներու նկատմամբ համակրանքը, որ հետզհետէ աւելի հրապարակային ձեւով արտայայտուեցաւ զանգուածային ցոյցերու եւ հակահրէական տրամադրութիւններու աճով:
Երկրորդ՝ աճ արձանագրող թրքական տնտեսութեան յայտնաբերած տարածման առիթները դէպի Միջին Արեւելք, ուր Թուրքիան միակ երկիրն է, որ մրցունակ ճարտարարուեստ ունի:
Երրորդ՝ իսլամական աշխարհի ղեկավարութեան պարապը:
Չորրորդ՝ իսլամական աշխարհի սիւննի տարրին աճող մտահոգութիւնը շիա Իրանի հզօրացումէն:
Հինգերորդ՝ ԱՄՆի Միջին Արեւելեան քաղաքականութեան անհրաժեշտ շրջադարձը Ճորճ Պուշի գերիշխանական ձգտումներէն դէպի ուժային հաւասարակշռութեան քաղաքականութեան:
Նոր օսմանեան քաղաքականութիւնը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ծրագիր մըն է թրքական գործօնը Միջին Արեւելքի մէջ հաստատելու որպէս տարածաշրջանային ուժ: Նման շրջադարձի մէկ բացատրութիւնը կրնայ ըլլալ ԵՄի անդամակցութեան գործընթացի դանդաղեցումը կամ նոյնիսկ լճացումը, ընդ որում, Թուրքիա այլեւս այնքան ալ խանդավառ չէ այդ հեռանկարով: Նման բացատրութիւն, որ լուռ կ՛ենթադրէ եւրոպական որպէս թէ անհասկացողութիւն եւ սխալ, ոչ միայն կողմնակալ է այլ պարզապէս կ՛անտեսէ Թուրքիոյ մէջ աճող իսլամական գործօնին կարեւորութիւնը: Այդ գործօնը եթէ մէկ կողմէ կը բացառէ թրքական հասարակութեան զգայնութեան զարգացումը կրօնակից ժողովուրդներու նկատմամբ, միւս կողմէ սակայն, ինչպէս ԱՔՓ ճիշդ անդրադարձած է, պատմական առիթ կու տայ Թուրքիոյ ինքզինք իսլամական աշխարհին, առնուազն Միջին Արեւելքի մէջ հաստատելու որպէս ղեկավար ուժ, ինչ որ իր դիրքերը պիտի զօրացնէ ե՛ւ ԵՄի հետ բանակցութիւններու ընթացքին, ե՛ւ ԱՄՆի հետ իր ռազմավարական դաշինքին նոր որակ պիտի տայ:
Իսրայէլի հետ ԱՔՓի ղեկավարներուն հրապարակային բախումները եւ, մանաւանդ, դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւի արիւնոտ միջադէպը, միաժամանակ կ՛արտայայտէ իսլամական աշխարհին հետ աւելի մօտ ըլլալու թրքական հանրային կարծիքին ընդառաջ երթալու պատրաստակամութիւն եւ մարտավարական քայլ՝ արաբական աշխարհի մէջ ժողովրդականութիւն շահելու, ինչ որ, փաստօրէն, եղաւ ի հետեւանք նաեւ արաբական վարչակարգերու անկարողութեան՝ ի նպաստ Կազայի ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու յանդուգն քայլեր առնելու:
Մինչ թրքական նախաձեռնութիւնը, Իրանը, Ահմատինեժատի նախագահութեամբ, իսլամական աշխարհի ղեկավարի եւ Պաղեստինեան դատի պաշտպանի դերը ստանձնած էր: Սակայն Իրանի նախաձեռնութիւնները ունէին յստակ սահմանափակումներ թէ՛ Ուաշինկթըն-Թեհրան հակամարտութեան պատճառով, թէ՛ ալ նախագահ Ահմատինէժատի Ողջակիզումը եւ Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքը հարցականի տակ դնող ճառերուն պատճառով: Իրան, օրինակի համար, բնաւ պիտի չհամարձակէր հրապարակայնօրէն հովանաւորել դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն տանող նաւ մը առանց Իսրայէլի հետ պատերազմի ռիսկի: Հետեւաբար, Իսրայէլի հետ ԱՔՓի կառավարութեան այս բախումը ոչ միայն ներքին պահանջի կը համապատասխանէր, այլ առիթ էր որ Թուրքիա Իրանին տեղը առնէր որպէս Պաղեստինի դատին պաշտպան իսլամ պետութիւն: Այդ քայլը միաժամանակ Իրանի հզօրացմամբ մտահոգ արաբական սիւննի պահպանողական վարչակարգերուն վստահութիւն կը ներշնչէ: Կը մնայ նաեւ, որ իսլամական աշխարհին մէջ ինքզինք ղեկավար դիրքի վրայ հաստատելով Անգարա միջոց կը ստեղծէ Ուաշինկթընի հետ իր ռազմավարական դաշինքը վերատեսութեան ենթարկելու եւ շրջանային ուժի կարգավիճակին տիրանալու:
Իրաքի գրաւումէն եւ առաջին երեք տարիներու կայունացման փորձի ձախողութենէն ետք, երբ Փետրուար 2006էն սկսեալ խորացաւ երկրի մէջ սիւննի-շիի բաժանումը եւ Ուաշինկթըն փաստօրէն այդ հարթակին վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւն վարելու սկսաւ, պարզ դարձաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ միջազգային քաղաքականութեան տինամիզմը միայն միջ-պետական հակամարտութիւն-մրցակցութիւն-համագործակցութիւն տինամիզմի տրամաբանութեան չի համապատասխաներ, այլ ունի բաժանման այլ գիծեր, որոնց մէջ ամէնէն առաջնայինը՝ իսլամական աշխարհի սիւննի-շիի բաժանման գիծն է: Թրքական գործօնի զարգացումը եւ Իրանի հետ համագործակցութեան պայմանական յայտագիրը, Ուաշինկթընին ուղղուած հրաւէր է Թուրքիոյ շրջանային ուժի սթաթուսը ճանչնալու ե՛ւ նախ եւ առաջ Իրանին հետ ուժային հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւնը առաջ տանելու, ե՛ւ, միաժամանակ, սիւննի տարրը հեռու պահելու ցարդ խօսքով եւ գործով Ումմային ղեկավարութեան ձգտող «Քայիտայ»ի արմատականութենէն:
ՆՈՐ ՕՍՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ. ՔԱՆԻ ՄԸ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ, ԵԶՐԱՅԱՆԳՈՒՄԻ ԿԱՐԳՈՎ
Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իսլամի առաջացումն ու յետ-քեմալական հանգրուանի սկիզբը լայն անդրադարձ պիտի ունենայ հայութեան եւ Հայաստանի վրայ: Յստակ չէ, թէ որքանով այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» պատասխանատուները նկատի ունեցան այս գործօնը: Ամէն պարագայի, այդ դիւանագիտութեան «փրոթոքոլային» ձախողութեան լոյսին տակ անհրաժեշտ է սկսիլ ներազգային բանավէճ՝ Թուրքիոյ մէջ իսլամական գործօնի ամրագրման ու զարգացման անդրադարձը գնահատելու նպատակով:
Ցեղասպանութենէն ի վեր իսլամը մեծ թապու մը եղած է Հայկական Հարցին մասին խօսելու ժամանակ: Փանթրքական ցեղապաշտութիւնը գլխաւոր պատճառ նկատուած է հայութեան բնաջնջումի պետական ծրագրի առաջացման ժամանակ, ոչ՝ իսլամը: Բայց իսլամը դեր ունեցաւ Ցեղասպանութեան ծրագրի գործնականացման մէջ… Իսլամը թապու էր նաեւ միջին-արեւելեան երկիրներու մէջ հայահոծ համայնքներու ներկայութեան պատճառով: Բայց այդ ներկայութիւնը այսօր դէմ յանդիման կու գայ իսլամի ճամբով թրքական ազդեցութեան տարածման արաբական երկիրներէն ներս եւ զգալու սկսած է քաղաքական ճնշման սպառնալիքը: Իսլամին մասին ընդհանրապէս լուռ մնացած ենք նաեւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու կենսական կարեւորութեան քաջ գիտակցելով: Սակայն Թուրքիոյ նոր օսմանեան շրջադարձը անհրաժեշտ կը դարձնէ դուրս գալ հայ-թրքական յարաբերութիւնները ցարդ զուտ միջ-պետական կամ փանթրքական-էթնիք տեսանկիւնի տրամաբանութեամբ վերլուծումի սահմանափակումէն եւ նկատի ունենալ նաեւ իսլամի գործօնը:
Այս, ո՛չ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրօնական ոլորտ փոխանցելու հրաւէր է, ո՛չ ալ, կամ աւելի ճիշդը՝ նուազ, իսլամը ամբաստանելու փորձ: Պարզ է, որ Թուրքիոյ յետ-քեմալական հանգրուանը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար մեծ մարտահրաւէրներու դուռ կը բանայ, սակայն այդ մարտահրաւէրներուն յաջող դիմագրաւման մէկ պայմանաւորումը արտաքին քաղաքականութեան մէջ սփիւռքեան եւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայութեան ազդակներու ներառումն է: Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իսլամի զարգացումը, թէկուզ եւ սահմանափակ միջոց ստեղծեց հասարակարգի ժողովրդավարացման: Առաւել, քաղաքական իսլամի կառավարութիւնը աւելի զգայնութիւն ցուցաբերեց հայկական եկեղեցիներու պահպանման ի խնդիր, մինչ քեմալականութիւնը անոնց փճացման, եթէ ոչ ուղղակի բնաջնջման վրայ գրաւ դրած էր: Անշուշտ, Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, գմբէթին խաչ զետեղելու կամ չզետեղելու բանավէճը եւ Անիի տաճարին մէջ թուրք ազգայնական ճակատին կազմակերպած նամազին հետագայ յայտագիրը եկան ցոյց տալու թրքական դիւանագիտութեան նրբագոյն սադրանքները այնպիսի պահու մը, երբ ո՛չ հայրենի պետութիւնը, ո՛չ Եկեղեցին, ո՛չ ալ Սփիւռքը իսկապէս գիտէին ինչպէս հակազդել. նոյնիսկ չէր մտածուած այդ խնդրով համազգային մէկ դիրքորոշում ճշդելու մասին: Բայց իրողութիւն է նաեւ, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով առիթ կը ստեղծուի խնամքի առարկայ դարձնելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Պարզ է, որ թրքական կառավարութեան նախաձեռնութեան ետին հայասիրութիւն պէտք չէ տեսնել: Կան տնտեսական ու քաղաքական յստակ շահեր, որոնց կարգին՝ զբօսաշրջիկութեան զարկ տալ, բայց նաեւ՝ Ցեղասպանութեան հարցը մոռացութեան տալու ճիգ:
Բնականաբար հոլովոյթը շատ աւելի բարդ է քան ըսենք՝ հայոց հազարամեայ մշակոյթի ժառանգութեան պահպանում փոխան Ցեղասպանութեան մոռացումի հաւասարութեան պարզամտութիւնը: Կան թրքական հասարակարգի ներքին զարգացման ազդակներ, որոնց կարգին քրտական գործօնը, որոնք կրնան անսպասելի անդրադարձեր ունենալ հոլովոյթին վրայ: Այս բոլորը, վերջապէս, իր անդրադարձը պիտի ունենայ հայութեան ինքնութեան զարգացման վրայ, սկսելով Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ համայնքէն եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնի իսլամացած հայերու ժառանգորդներէն: Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իսլամի հաստատագրումը եւ նոր օսմանութիւնը պիտի յանգի՞ նաեւ երկրի փոքրամասնութիւններու, ընդ որում՝ հայ համայնքի, իրողական վիճակի փոփոխութեան դէպի այն, ինչ կրնանք բնութագրել որպէս նոր միլլէթականութիւն…
Այս հարցադրումները ցարդ պատասխան չունին, ոչ ալ հաւակնութիւն կայ անոնց ի սկզբանէ պատասխան մը գտնելու: Ի վերջոյ քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ կը յանգի դիրքորոշման մը, անոր հիման վրայ ուղեգիծի որդեգրման, արդիւնքը հակամարտութիւն-համագործակցութիւն տինամիզմն է որ պիտի ճշդէ:
Հարցը, ինչպէս միշտ, առնուած որոշումին լայն համախոհութեան գոյացումն է, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ անոր օրինականութիւնը: Թուրքիոյ յետ-քեմալական հանգրուանի ամէն վերլուծում լաւագոյն պարագային հետաքրքրական մտամարզանք է միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտներուն համար, եթէ ներազգային իմաստով քաղաքական ուղեգիծի շուրջ համախոհութեան հասնելու բանավէճ եւ մասնակցական մեքանիզմ չստեղծուի: «Փրոթոքոլներ»ու ամբողջ հոլովոյթը բացայայտեց մեր ներազգային իրականութեան մէջ ազգային հիմնախնդիրներու շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու կոչուած մասնակցական մեքանիզմներու պակասորդը (deficit): «Փրոթոքոլային» գործընթացի սառեցումը այդ պակասորդին հարցը չլուծեց: Թրքական կողմը անցնող տարուան ընթացքին շարունակեց բազմացնել իր նախաձեռնութիւնները եւ հասաւ անոր, որ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ ստեղծուելու սկսի այն համոզումը, որ Անգարա ամէն ինչ ըրաւ «դրացիներուն հետ (ներառեալ Հայաստան) զէրօ խնդիրներ»ու քաղաքականութիւնը յաջողեցնելու համար, բայց ոչ ԵՄ, ոչ ԱՄՆը, ոչ ալ «դրացիներ»ը ընդառաջ գացին: «Ֆութպոլային դիւանագիտութենէն» Հայաստանին չմնաց ոչ իսկ «հեղինակային իրաւունք» որպէս «հարեւաններու հետ բարի-դրացիական յարաբերութիւններ»ու խաղաղակերտ պետութիւն…
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին հայութեան համար մեծագոյն մարտահրաւէր է ազգային հիմնախնդիրներու շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու կոչուած մասնակցական մեքանիզմի ստեղծումը: «Փրոթոքոլներ»ու յառաջացուցած արդար յուզականութենէն ետք, ժամանակը պիտի գա՞յ հասուն բանավէճին: