ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Եթէ մենք ունենք ազգային իմաստութիւն, հոգու արիութիւն եւ առողջ բնազդներ, անկարելի է աչքներս փակենք մեր էս ծանր հիւանդութեան առաջ եւ չզգանք, որ մեր հոգին շատ է դառնացած, մեր ներքին մարդը շատ է փչացած. եւ դրա դէմ կռուելու, առողջանալու առաջին պայմանը էն է, որ մենք ե՛ւ մեր սրտերում, ե՛ւ աշխարհքի առաջ անկեղծ խոստովանենք ու ճանաչենք մեր դժբախտութիւնը։ Ապա էդ փրկարար գիտակցութեանը կը հետեւեն ինքնակատարելագործութեան բարձր ցանկութիւնն ու ազնիւ գործը։ Ուրիշ ճանապարհ չկայ, ներսից է լինելու հաստատ փրկութիւնը, որովհետեւ ներսից ենք փչացած»։
Յովհաննէս Թումանեան
Ամավերջը միշտ ալ – եւ աշխարհի չորս ծագերուն – խոկումի եւ խոհականութեան իր իւրայատուկ մթնոլորտը կը պարտադրէ ամէն սեռի, տարիքի կամ գոյնի մարդոց։
Աւարտին մօտեցած տարին ճամբու դնելու եւ ժամանող նորը դիմաւորելու իրենց փոյթին՝ յոյզերուն ու յոյսերուն մէջ, ամէնուր մարդիկ անձնատուր կ՛ըլլան նաեւ ներհայեցողութեան. կամովին թէ ենթագիտակցաբար՝ քննութեան կ՛ենթարկեն իրենց կտրած միամեայ ճանապարհը, հաշուեկշիռը կը կազմեն իրենց անձնական թէ հաւաքական ձեռքբերումներուն եւ կորուստներուն, որպէսզի նոր տարուան հաշւոյն բանան մաքուր էջ մը…
Բացառութիւն չի կազմեր նաեւ ու մանաւանդ Հայը, որ յատուկ պատճառներ ալ ունի տարեվերջի իր մտորումներու կիզակէտին պահելու ամէնամեայ հաշուեյարդարը ազգային–պետական իր վերականգնման՝ մարդկութեան մեծ ընտանիքէն ներս իր ինքնահաստատման երթին։
Անշուշտ մեր հաւաքական անցեալին ու ազգային յիշողութեան կը պատկանին այլեւս այն ժամանակները, երբ ամէն տարեվերջ առիթ մը կ՛ըլլար, որպէսզի ընդհանրապէս ողբայինք Հայուն դաժան Բախտը՝ յուսադրիչ շատ բան չտեսնելով ինչպէս «գացող» հինին, նոյնպէս եւ «եկող» նորին մէջ…
Այո՛, այլեւս ցաւագին ցասումով չենք կրկներ, թէ «Հայուն համար չկայ Նոր Տարի»։
Արդէն սկսած ենք մեր կարգին, աշխարհի բոլոր մահկանացուներուն եւ ազգերուն պէս, հաշուեկշիռը կազմել աւարտին մօտեցած տարուան՝ քննարկելով եւ արժեւորելով արձանագրուած թէ՛ յառաջխաղացքը, թէ՛ տեղքայլը եւ թէ ընկրկումը։
Տարեվերջին բնորոշ այս մթնոլորտին մէջ, օրուան մտածումը իր վրայ կը կեդրոնացնէ Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ 1910ին գրուած եւ վերջերս համացանցի վրայ յաճախակի երեւցող՝ այժմէական հնչեղութեամբ յօդուած մը, որ կը կրէ «Դառնացած ժողովուրդ» խորագիրը (http://armenianhouse.org/tumanyan/nonfiction-am/people.html)։
Ամենայն Հայոց Բանաստեղծի համոզումով՝ «Էն մարդիկ, որ երկար ու լուրջ զբաղուել են մեր ժողովրդով, մեր մարդով, միշտ եկել են մի ծանր եզրակացութեան, թէ շատ չարութիւն կայ մեր հոգում։ Էսպէս են ասում նրանք եւ ասում են խորը ցաւով, ինչ ցաւով որ կարելի էր ասել, թէ բարակացաւի բացիլներ կան իմ կրծքում։ Բայց քիչ են էս տեսակ ազնիւ ու քաջ մարդիկը։ Մեծ մասամբ ախտի գոյութիւնը ընդունելով հանդերձ, իրենց առողջ են համարում ու միշտ ուրիշներին են հռչակում հիւանդ։ Ամէն մինը ինքը չար չի, կեղծաւոր չի, հայհոյող չի, ստախօս չի, թայֆայական չի, էդ ամէնը իրենից դուրս ուրիշներն են։ Բայց, իհարկէ, սրանց չպէտք է հաւատալ, ոչ էլ ականջ դնել։ Ճշմարիտը էն է, որ մեր ամբողջութիւնը տառապում է մի ծանր ու խոր բարոյական հիւանդութիւնով»։
Թումանեան անմիջապէս հարց կու տայ, թէ «Ինչո՞ւ է էսպէս» եւ պատասխանը կը գտնէ հանճարեղ լոռեցիի իր գտած հետեւեալ ախտաճանաչումին մէջ.
«Պարզ հասկանալու համար, երեւոյթի վրայ պէտք է նայել բնութեան ու պատմութեան օրէնքների բարձրութիւնից, էն լայն, խաղաղ ու խոր հայեացքով, որ նրանք միայն կարող են տալ։ Ուրիշ ընդհանուր հանգամանքների հետ զարհուրելի ծնող է եղել մեզ համար մեր պատմութիւնը։ Նա երկար դարերով մեզ դրել է բարբարոս ժողովուրդների ոտների տակ։ Իսկ ամէն կենդանի գոյութիւն, որ ոտնատակ է ընկնում, եթէ չի մեռնում, այլանդակւում է, դառնանում ու փչանում։ Էսպէ՛ս է բնութեան օրէնքը։ Էն հասարակ վարունկի թուփն ի՜նչ է, յայտնի է, որ եթէ նա էլ ոտի տակ է ընկնում՝ էլ նրա պտուղը չի ուտւում. էնքա՜ն է դառնանում։ Նրա համար էլ ձեզ թոյլ չեն տայ, որ նրա թուփը ոտի տակով անէք։
«Էնպէս դառնանում ու դաժանանում է եւ մարդը, նրա հոգին, սիրտը, միտքը. ու ներքին դառնութիւնը դուրս է տալի, յայտնւում է ե՛ւ աչքերում, ե՛ւ դէմքին, ե՛ւ խօսքերում, ե՛ւ գործերում, ամէն տեղ, ամէն ասպարէզում, ու ամբողջ կեանքը դարձնում է դառն ու դաժան։ Եւ էս տեսակ կեանքը կ՚ունենայ, այո՛, շատ բան. ե՛ւ «յառաջադիմութիւն», ե՛ւ «կուլտուրա», ե՛ւ «մամուլ», ե՛ւ «գրականութիւն», ե՛ւ «դպրոց», ե՛ւ «բարեգործութիւն», բայց էդ բոլորը ներսից ճիճուի կերած պտուղի նման են, եւ տառապում են հիմնական պակասութիւններով, մի ընդհանուր ցաւով, որի ճարը դրսից անել չի կարելի։ Էդ տեսակ կեանքը կը տայ տաղանդաւոր մարդիկ, սակայն նրանք էլ կը լինեն դառն ու դաժան։ Բայց նա չի կարող ծնել ազնիւ մարդիկ, բարի սրտեր ու բարձր ոգիներ. հէնց է՛ն, ինչը որ դարձնում է մի կեանք գեղեցիկ ու հրապուրիչ եւ մի ժողովուրդ թանկ ու համակրելի»։
Իսկ մեծարժէք հայուն առաջադրած լուծումը եւ դարմանը պարզ ու մեկին են՝ ինքնամաքրում։ Հարկ է յաղթահարել պատմական ծանրագոյն հարուածներու տակ եւ դարաւոր դառնութեանց հետեւանքով ազգային մեր ինքնութիւնը վարակած ներքին փճացումի հիւանդութիւնը՝ «հոգու չարութիւն»ը, փոխարէնը զարկ տալով Հայու ինքնակատարելագործման ձգտումին։
Հարիւր տարի անցած է Թումանեանի կատարած ախտորոշումէն ասդին։ Այդ ժամանակամիջոցին, թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեամբ, հայ ժողովուրդի ստացած դարաւոր հարուածները իրենց գագաթնակէտին յանգեցան։ Աւելի՛ն. թէեւ կրցանք ազգովին նուաճել յարութեան մեր իրաւունքը եւ կերտեցինք Հայաստանի անկախութիւնը՝ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով, այսուհանդերձ՝ «հոգու չարութեամբ» լեցուած հայու ձեռքերով «սատարեցինք» այդ բոլորին՝ «հրաշափառ յարութեան»… խորտակումին։
Բայց ինչո՞ւ երթալ այդքան հեռու խորերը մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակին, երբ մեր իսկ աչքերուն առջեւ ամէն քայլափոխի զգալի է բորբոքումը «դառնացած ժողովուրդ»ի հոգիին մէջ ծուարած չարութեան։
Երբ Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան վերականգնումի ուղղութեամբ նետուած յաղթական ամէն քայլի, յատկապէս Հայաստան–Սփիւռք կամրջումի եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան պետական հզօրացումին կը հետեւի «հոգու չարութեան» նորօրեայ վարակը, ազգային մեր վճռականութիւնն ու միասնականութիւնը կրծող ներքին ցեցերու փճացնող ներգործութիւնը։
Պատմական չարիքի վերածուած «հոգու չարութեան» այդ ազգային հիւանդութիւնը յաղթահարելու դեղատոմսեր շատ չունինք։ Որքան ալ խրատական, բարոյախօսական ու վերացական հնչեն Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին առաջադրած ինքնամաքրումն ու ինքնակատարելագործումը, ըստ ամենայնի կը շարունակեն մնալ բնութեան օրէնքներուն համահունչ միակ դարմանը։
Ի վերջոյ հիւանդութեանց դիմագրաւման համար կարեւորագոյնը ճիշդ ու ճշգրիտ ախտորոշումն է։ Իսկ ազգային ինքնահաստատման մեր երթը ներքնապէս տկարացնող վարակներու շարքին ամէնէն մահացուն մեր մէջ ծուարած «հոգու չարութիւն»ն է, որ ճիշդ է, «Դառնացած ժողովուրդ»ի մեր կենսափորձէն կու գայ, բայց նոյնպէս ու աւելիով ճիշդ է, որ ի վերջոյ պէտք է յաղթահարուի եւ կրնայ յաղթահարուիլ միայն ինքնամաքրման ու ինքնակատարելագործման ճանապարհով։
Տարեվերջի մեր խոհերուն եւ մտորումներուն մէջ արժանի իր տեղը տանք նաեւ ու մանաւա՛նդ «Հանճարեղ Լոռեցու» ախտորոշումին։