Յիսուսի Ծնունդը՝ Դէպի Աստուած Ուղեգծող Կեանքի Ճանապարհը

Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը Աստուծոյ անսահման սիրոյն ներգործումն է աշխարհի մարդկանց կեանքին մէջ, որուն հետ հաղորդակցութեամբ մարդը իր էութեանը մէջ կը զգայ նոր կեանքին ծնունդը, իր կեանքի ընթացքը ուղեգծելով դէպի Աստուած եւ աստուածային սիրով դէպի ժողովուրդը վերադառնալու ծառայութեան գիտակցութեամբ։
Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը փիլիսոփայութիւն չի պահանջէր, այլ այն պարզ բացատրութիւնը, որն արդէն իսկ արձանագրուած է Յովհաննէս Աւետարանչի կողմէ. «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»։
Ուրեմն, Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը, Աստուածորդու Մարդեղութեան Խորհուրդին Մարմնաւորումն է, որով հաղորդակցութեան ենք հրաւիրուած որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ, ոչ միայն խորապէս ըմբռնելու Մեծ Հրաշքին՝ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդին իմաստը, այլեւ ապրելու Յիսուսանման կեանքով, կեանք մը լեցուն Աստուծոյ սիրով, կեանք մը արժեւորուած ծառայութեամբ մարդկութեան, եւ մեր Մայր Հայրենիքի ու Ս. Էջմիածնի Խորանին ի սպաս բերուած։
– Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը տօնախմբել Եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին մէջ կը պատգամէ ապրիլ ու վերապրիլ Քրիստոսի ներկայութիւնը, կեանքի կոչել ու գործադրել Քրիստոսի Աւետարանի պատգամներն ու դասերը, որոնք մարդուն կեանքը կ՛առաջնորդեն դէպի կատարելութիւն։
Ծննդեան Խորհուրդը ահրաժեշտօրէն պէտք է կապել մեր առօրեայ կեանքին հետ եւ ընկերութեան հետ առընչուած հարցերուն։ Որովհետեւ երբ կը տօնախմբենք Քրիստոսի Սուրբ եւ հրաշալի Ծնունդը, բնականօրէն նախ կ՛ըմբռնենք աստուածային սիրոյ բացայայտումը եւ աւելին՝ Անոր մէջէն մեզի կը հասնի հրաւէրը նոր կեանքի։ Նոր կեանքը քրիստնեային համար կատարեալին ձգտող կեանքն է։ Նոր կեանքը՝ իր ողջ էութեամբ մարմնաւորողը պիտի ըլլայ աւետարանական պատգամներուն։ Նոր կեանքը՝ ստեղծագործ կեանքի ընթացքն է։ Նոր կեանքի արտայայտութիւնն է նաեւ աշխարհի պատմութեան մէջ գիտութեան զարգացումը բազմերանգ ճիւղաւորումներով. Նոր կեանքը քրիստոնեային համար ի Քրիստոս ապրուած կեանքն է, որ կը մերժէ ժամանակին հետ ծնունդ առնող այն բոլոր երեւոյթները, որոնք կը խախտեն հասարակութեան բարոյականութեան հիմունքները։ Եւ ինչքա՜ն ժամանակները նոր երեւոյթներու տեղիք կու տան, այնքա՜ն եւս խոր իմաստ մը պիտի գտնենք Քրիստոսի Ծնունդին մէջ, որուն մէջ է ամրագրուած քրիստոնէութեան հաւատքի փիլիսոփայութիւնը, որ յստակօրէն կ՚ուղեգծէ մարդուն համար բարոյական կեանքի ճշմարիտ ընթացքը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին անշեղօրէն կառչած պիտի մնայ հայրերու հաւատքին եւ ընտանեկան սրբութիւնը պիտի ըմբռնէ միայն Ս. Պսակի խորհուրդով նուիրականացած միութեան մէջ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հաստատօրէն պիտի քարոզէ իր հաւատացեալներուն Աւետարանի ամբողջ պատգամները, առանց փորձել անոնց տալու նոր իմաստներ կամ մեկնաբանութիւններ հասարակութեան ճնշումին տակ։ Ուրեմն Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր մէջ վերահաստատելու ճշմարիտ Աւանդութիւնը, որն Աստուածադիրն է եւ ոչ թէ մարդկանց կողմէ առաջադրուած բարոյական նոր տեսութիւններ, որոնք արմատներ չունին Աւետարաններուն մէջ։
Արդարեւ, կ՛ապրինք նիւթականացած աշխարհի մը մէջ։ Բայց չլուծենք մեր կեանքը նիւթական արժէքներու մէջ, ընդհակառակը հաւատքի կեանքն ու հոգեւոր արժէքներով կեանք մը մշակելու փափաքով յաղթենք ժամանցելին, որ նիւթականն է։ Նիւթին գերին դառնալով մեր կեանքը վտանգի մը առջեւ կը դնենք։ Համայնքային մեր կեանքին մէջ անցնող տարիներուն բազում բարի գործերու առընթեր ունեցանք նաեւ երեւոյթներ, որոնք կը բացատրեն նոյն այն իրավիճակը, որուն մասին արդէն իսկ վերի տողերուն մէջ արտայայտուեցանք։ Նիւթին գերին դարձանք, նիւթը եւ ոսկին սիրեցինք եւ բարոյական արժէքներու հանդէպ մնացինք կոյր։
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, տօնախմբեցէք Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը եւ ձեր զաւակաց կեանքը օրհնեցէք աւետարանական պատգամներով ու աղօթքի կեանքի օրինակով զգուշացնելով ու դաստիարակելով անոնց որ սեռական կեանքը դուրս չբերեն բարոյական կեանքի սահմաններէն։
Տօնախմբեցէք Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը եւ օրհնեցէք ձեր զաւակաց կեանքը մարդասիրական, հայրենասիրական ջերմ ու վեհ գաղափարներով։ Որովհետեւ հասարակական կեանքին մէջ մենք իրաւունք չունինք կղզիանալու եւ ծառայութեան ոգին գործնականացնելու միայն մեր համայնքի սահմաններէն ներս։ Այնպէս ընենք, որ բարեսիրական եւ ընկերային կառոյցներու մէջ փայլի հայուն անունը։ Մասնակցութիւն բերենք բարոյապէս ու տնտեսապէս այն բոլոր հաստատութիւններէն ներս, որոնք մարդուն կեանքը կը բարելաւեն։ Կեանքը ապրինք նաեւ այս ոգով ու եղանակով, որ դուրս գանք կղզիացումէն, միայն մերը համարուող կառոյցներէն ու տեսնենք թէ ինչպիսի ծառայութիւններ կը մատուցուին մեզի ոչ հայ կազմակերպութիւններէն։
Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը տօնախմբենք հոգեկան այնպիսի ուրախ տրամադրութեամբ ու հաւատքի եռանդով մը, որ անոր հետ նոր ծնունդ մը արձանագրէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս կեանքը։
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։ Ամէն։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Առաջնորդ
Ս. ԾՆՈՒՆԴ 2011