ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մենք պիտի կարողանանք… ընդհանրապէս լինել շրջահայեացութեան, մարդասիրութեան եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան ջատագովները մեր երկրում: Մենք պիտի կարողանանք յորդորել՝ բակային քննարկումներում, թէ քաղաքական բանավէճերում, ձեռնպահ մնալ որեւէ անձի, նաեւ միմյանց, անձնական վիրաւորանքներ հասցնելուց. փորձել քննութեան առնել իրողութիւնները, ոչ թէ՝ մարդկանց: Չէ՞ որ ի վերջոյ մեր խնդիրը ոչ թէ դատելն է, այլ լուծումներ գտնելը. մեր նպատակը ոչ թէ միմյանց վանելն է, այլ յանուն դրական փոփոխութիւնների միմեանց գտ-նելը։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ (ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀ)
Լինենք հանդուրժող միմեանց տեսակէտների եւ կարծիքների հանդէպ, բայց ոչ երբեք՝ թերութիւնների։ Քանզի անաչառ քննադատութիւնը, իմ վստահ համոզմամբ, պետութեան գործունէութեանը խթանող պարտադիր եւ անհրաժեշտ պայման է։
ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ)
Քրիստոնէավայել այսօրինակ խրատներով ու յորդորներով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կանգնած պետական այրերը փակեցին 2010 թուականը։
Անշուշտ ողջունելի է երեւոյթը եւ միայն խրախուսական կրնան նկատուիլ հայոց պետականութեան բարձրագոյն դիրքերէն հնչած փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան կոչերը, տարակարծութեամբ ու քննադատութեամբ հանդերձ՝ համագործակցութեան ոգիով մեր պետականութեան հզօրացման գործին նուիրուելու հրաւէրները։
Հայաստանի մերօրեայ պետական այրերը վստահաբար պիտի նախընտրէին նաեւ ուղղակիօրէն արձագանգել Աստուածային պատգամին եւ, քրիստոնէական ներշնչումով, մեր ժողովուրդի զաւակներուն յորդորել՝ «Սիրեցէք զմիմեանց. աճէք, բազմացէք, իշխէք ողջ բնութեան վրայ»:
Բայց որովհետեւ բոլորէս առաջ ՀՀ իշխանութեանց գլխաւոր դէմքերը իրե՛նք քաջատեղեակ են ներազգային առումով եւ ներ–քաղաքական ճակատի վրայ յամեցող սուր տարակարծութեանց ու հասարակական բեւեռացումին, անվստահութեան մթնոլորտին եւ անհաշտ հակադրութեան անթեղուած կրակին, հասկնալիօրէն անոնք բաւարարուեցան միայն «զմիմեանց յարգելու» կոչերով։
Յայտնապէս Հայաստանն ու հայութիւնը դեռ պատրաստ չեն հետեւելու քրիստոնէական «Սիրեցէք զմիմեանց» պատուիրանին… նոյնիսկ եթէ քաղաքական մեր երթը եւ հաւաքական մեր կեանքը ղեկավարող այրերը կրնան պարբերաբար յոխորտալ, թէ բարձրացած են պետական մտածողութեան սանդուխէն եւ այլեւս կը գիտակցին, թէ չկան մնայուն բարեկամներ ու թշնամիներ, թէ ի հարկին կարելի է եւ պէտք է սեղմել ձեռքը անգամ հայասպանին…
Այսինքն՝ ներազգային ու ներ–քաղաքական ճակատի վրայ ունինք կարեւոր ուժեր, որոնք մեր ազգային–պետական հիմնական շահերն ու իրաւունքները վտանգելու գնով Թուրքիոյ հետ մերձեցման քաղաքականութեան կողմնակից կրնան ըլլալ, բայց որոնք ոչ մէկ գնով տրամադիր են համագործակցելու իրարու հետ՝ հայոց պետականութեան բանակցային դիրքերը ամրապնդելու առաջադրանքով։
Եւ երբ հիմնականին շուրջ գործակցութեան եզրեր գտնելու կամ ստեղծելու պատրաստակամութիւնը կը պակսի նման ուժերու, բնականաբար այլեւս անհեթեթ կը դառնայ խօսքը փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մասին։
Իսկ ծանրակշիռն ու ամէնէն մտահոգիչը այն իրողութիւնն է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանով եւ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր– Պետրոսեանով մարմնաւորուած ներազգային բեւեռացումը իրարու հակադիր, անհաշտ եւ թշնամական ճամբարներու բաժնած է ոչ միայն վերջին քսանամեակին մեր կեանքը ղեկավարած քաղաքական նորայայտ ուժերուն մեծ մասը, այլեւ՝ նոյնինքն մեր հասարակութեան լայն շերտերը, ներառեալ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք կազմաւորուած նորահաս սերունդին նկատառելի զանգուածը։
Ներքին բեւեռացման ա՛յս իրականութեան ծանր բեռը իր մտքին եւ սրտին վրայ զգացող ու շնչահեղձ դարձող հայ մարդը, բնականաբար, չի կրնար իբրեւ յաւուր պատշաճի արտասանուած, սոսկ ներքին շուկայի սպառման ծառայելու կոչուած եւ շուտով մոռացումի դատապարտուած խօսքերու ընկալել Նոր Տարուան առիթով ՀՀ իշխանութեանց կողմէ հրապարակուած կոչերը, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան յորդորները։
Ո՛չ, Նոր Տարուան առաջին օրերէն իսկ մտքեր ու տրամադրութիւններ պղտորելու նպատակը չունին, ոչ ալ թերահաւատութեան ոգիով կը կատարուին այս արձագանգ–յղումները ՀՀ իշխանաւորներու տարեվերջի ելոյթներուն։
Պարզապէս թելադրուած են իրողութիւնները տեսնելու եւ ազգային–պետական մեր իրականութիւնը առարկայականօրէն գնահատելու մղումէն. ներշնչուած են վաղուան՝ բաղձալի եւ առաջադրուած համագործակցութեան հաշւոյն յուսալի ենթահող պատրաստելու նախանձախնդրութենէն։
Իսկ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած ներազգային ու ներ–քաղաքական համագործակցութեան այդ ենթահողը կը ստեղծուի, երբ առաջին հերթին իշխանութեան ղեկին գտնուող ուժերու ճամբարը յարգանք կը դրսեւորէ իր ընդդիմախօսներուն նկատմամբ, «առողջ» քննադատներ ըլլան անոնք թէ «չարակամ» հակառակորդներ։ Աւելի՛ն. քաղաքացիական հասարակութեան աշխուժացման եւ ժողովրդավարական գործարկումի վրայ հիմնուած քաղաքական մշակոյթը կը պահանջէ, որ օրէնքի ամբողջ ուժով երաշխաւորուի ու պաշտպանուի յատկապէս իշխանութեանց սխալներուն եւ իշխանաւորներու չարաշահումներուն նկատմամբ հանրային կարծիքը ահազանգի մատնող եւ արթուն պահող, նաեւ ու մանաւանդ հասարակական ճնշում առաջացնող ընդդիմադրութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը անշուշտ դեռատի է տակաւին եւ նոր կը թեւակոխէ իր վերանկախացման ու քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական զարգացման քսանամեակը։ Զարգացման անհամեմատօրէն շատ աւելի երկար ճամբայ կտրած եւ ժողովրդավարական հասուն մշակոյթ ունեցող երկիրներն անգամ կը տառապին հասարակական–պետական այնպիսի ախտերէ, ինչպիսին են ստուերային իշխանութեան ճամբով չարաշահումներ կատարող եւ անպատիժ մնացող իշխանաւոր վարչախումբերու օրինազանցումներն ու առանձնաշնորհումները։ Բայց այդօրինակ բաղդատականները չեն կրնար իբրեւ ինքնարդարացման հիմք ծառայել Հայաստանի համար, որովհետեւ ամէնուր յառաջխաղացքի, զարգացման ու ինքնամաքրման մղիչ ուժն ու շարժիչը միեւնոյն օրինական պաշտպանութիւնն է ընդդիմադրութեան…
Ինչպէս այլուր, նաեւ Հայաստանի պարագային, իշխանութեանց մրցակից եւ մինչեւ անգամ հակառակորդ ուժերու օրինական եւ ժողովրդավարական ընդդիմադրութեան շնորհիւ է, որ առաջքը կ՛առնուի կամ վերջ կը տրուի իշխանութեան դիրքերէ կատարուող օրինազանցութեանց եւ պետական դիրքի չարաշահումներուն։
Հայաստանի իշխանաւոր ուժերու ճամբարին պարտաւորութեանց վրայ դրուած այս շեշտը ոչ մէկ պարագայի կը ծառայէ կամ պէտք է ծառայեցուի ընդդիմադիր ուժերու խայտաբղէտ ճամբարի անպարտ հռչակումին։ Մանաւանդ որ ընդդիմադրութեան այսպէս կոչուած կարծր կամ կոշտ թեւին մէջ համախմբուած են երկար ժամանակ իշխանութեան «բարիքները» յափշտակած ուժեր, որոնք շատոնց կորսնցուցած են բարոյական իրաւունքը՝ քարկոծելու այլոց խաթարուածութեան ցուցափեղկերը…
Բայց ընդդիմադրութեան «հաշիւները» կարելի է քննել նաեւ տարբեր առիթով։
Այսօրուան քննարկման առանցքային հարցը ՀՀ իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքերէն հնչող փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտի առաջացման ու զարգացման կոչերն են։ Աւելի՛ն. այդ կոչերուն հետ տողատակի հնչող՝ մէկ կողմէ «ազդարարութիւններ»ն են, ուղղուած «զրպարտի»չ քննադատներուն, իսկ միւս կողմէ «բարի վարուց» վկայագիրներն են, որոնք վերապահուած են այպէս կոչուած «անատամ» ընդդիմախօսներուն եւ քննադատներուն։
Շուտով կը լրանայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան երրորդ տարին, որ բաւարար ժամանակ է՝ առարկայական արժեւորումը կատարելու համար փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտի առաջացման ուղղութեամբ անոր ղեկավարած իշխանութեան ունեցած ներդրումին։
Մինչ այդ արժեւորումը՝ անպայման պէտք է նշել, որ մեր հասարակութեան մէջ դեռ սպիացած չեն 2008ի Մարտ մէկի ողբերգութեան բացած վէրքերը, որոնք տակաւին կը սպասեն, յատկապէս ՀՀ նախագահէն, վստահութեան դրամագլուխ ստեղծող հիմնական քայլերու։
Անձնական վիրաւորանքներու դէմ ՀՀ նախագահին հնչեցուցած ահազանգը անշուշտ տեղին է։
Քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական մշակոյթի արմատաւորման համար՝ անկասկած պէտք է ձեռնպահ մնալ փոխադարձ անուանարկումներէ եւ անձնական խծբծանքներէ։
Բայց ի վերջոյ մտահան պէտք չէ ընել, որ օրինական եւ օրինապահ իշխանութիւն կը հաստատուի միայն այն ժամանակ, երբ կառավարող ուժը, իր առաջին դէմքով մանաւանդ, իբրեւ անձնական վիրաւորանք չ՛ընկալեր իր վարած քաղաքականութեան դէմ հնչող քննդատութիւնները, որքան ալ արմատական բնոյթ ունենան անոնք եւ անձնաւորուած ըլլան։