ԿՈՏԱՅՔ, «Նիուզ».- Յունուար 9ի գիշերը, անյայտ անձինք պայթուցիկ սարքի օգտագործումով վնասած են Աբովեան քաղաքին մէջ գործող եւ «Աբովեան Սիթի» ընկերութեան պատկանող խանութի մը ապակեայ ցուցափեղկերն ու մուտքի դուռը: Խանութը կը պատկանի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի փեսային՝ Աբովեանի քաղաքապետ Կարօ Գուլոյեանի:
Ըստ լրագրող Գագիկ Շամշեանի, դէպքին վայրը մեկնած են ՀՀ ոստիկանութեան Աբովեանի քննչական բաժանմունքի քննիչները, փորձագէտն ու քրէագէտը: Նոյն բաժանմունքին մէջ յարուցուած է քրէական գործ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.