
ՊԱՔՈՒ.- «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան խորհրդարանական համախմբումը, Յունուար 19ին որդեգրած է բանաձեւ մը, որ 51 երկիրներու կոչ կ՛ուղղէ Խոջալուի դէպքերը ճանչնալու իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր։
51 երկիրներէ երեսփոխաններուն կողմէ որդեգրուած բանաձեւը կը նշէ, թէ կազմակերպութիւնը «ատրպեճանական Խոջալու շրջանի քաղաքային բնակչութեան դէմ հայկական զինեալ ուժերու կողմէ գործուած ջարդը կը ճանչնայ իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր մը»։
Միջխորհրդարանական համախմբումի ներկայացուցիչները անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած են նաեւ՝ «ազգային մակարդակի վրայ այս ոճիրին պատշաճ գնահատական մը տալու»։
Բանաձեւը մաս կը կազմէր «Արդարութիւն Խոջալուի» արշաւին, որուն ձեռնարկած էր «Հայտար Ալիեւ» հիմնարկի փոխնախագահ, Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան երիտասարդական համախմբումի գործավար Լէյլա Ալիեւան. անոր աշխատանքը գովաբանուած է Իսլամական երկիրներու խորհրդարանական համախմբումի խորհուրդին կողմէ։
Նոյն համախմբումին անդամ են կազմակերպութեան անդամ 51 երկիրներէ երեսփոխաններ։ Համախմբումը երկու տարին անգամ մը ընդհանուր ժողով կը գումարէ, իսկ համախմբումին խորհուրդը՝ տարեկան դրութեամբ։