
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.», «Ազդակ».- Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին ու քանի մը այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններէն մէկ օր ետք, Չորեքշաբթի, Յունուար 26ին, համեմատական խաղաղութիւն տիրեց Լիբանանի տարածքին, մինչ իշխանութենէն հեռանալ պատրաստուող քաղաքական ուժերուն՝ «Մարտ 14»ի ուժերուն, ներկայացուցիչները կը յայտարարէին, թէ Պէյրութի քաղաքամէջը օրական նստացոյցեր պէտք է կատարուին՝ դէմ դնելու համար, ըստ իրենց, երկիրը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առնելու «Հըզպալլա»ի ջանքերուն:
«Մուրապիթուն» շարժումի ղեկավար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Սաատ Հարիրիի «Մուսթաքպալ» հոսանքի համակիրներուն կողմէ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած անկարգութիւնները կազմակերպուած էին եւ կանխամտածուած, սակայն «Մարտ 8»ի քաղաքական ուժերը հեռու մնացած են այդ խուլիկանութիւններուն հակադարձելու փորձութենէն:
Ըստ «Սաֆիր» թերթին, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ նոր բողոքի ցոյցեր կազմակերպուին:
Ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ բանակը Երեքշաբթի օր բաւարարուած է յարձակումներ գործող կողմերուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելով: Բանակին աղբիւրները վստահեցուցած են, թէ բանակը առիթ պիտի չտայ երկրին մէջ բռնարարքներ գործադրելու, եւ ըստ այնմ՝ պիտի որդեգրէ յարկ եղած ապահովական միջոցառումները:
Քաղաքական գետնի վրայ, վարչապետ նշանակուած Նեժիպ Միքաթի Հինգշաբթի օր խորհրդարանին մէջ կը սկսի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն: Ան Չորեքշաբթի օր հանդիպումներ ունեցաւ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի, Ֆուատ Սինիորայի, Օմար Քարամէի, Ռաշիտ Սոլհի եւ զօր. Միշել Աունի հետ, նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ, նկատի ունենալով, որ ան կը գտնուի Ռիատ:
Իր կարգին, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, թէ «Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերուն համար միջազգային ատեանի հետ գործակցութիւնը շարունակելը հիմնական պայման մըն է՝ մասնակցելու համար յաջորդ կառավարութեան աշխատանքներուն:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի անկայունութիւնը մտահոգիչ ազդակ նկատեց՝ ամբողջ շրջանին ապահովական կայունութիւնը խախտելու առումով, իսկ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ:
Նաեւ, Իսրայէլի փոխվարչապետ Սիլվան Շալոմ անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային հանրութիւնը հարկ եղած միջոցառումներուն դիմէ, Լիբանանի վրայ «Հըզպալլա»ի հակակշիռը թեթեւցնելու նպատակով:
Ամերիկացի լրագրող Սիմուր Հըրշ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութենէն ետք, Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ պիտի չբռնկի: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա աշխատանք կը տանի այդ ամբաստանութեան արձակումը յետաձգել տալու, եւ այս առումով, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կը խորհրդակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: