
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Փոլիթիքօ», «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 25ի երեկոյեան իր արտասանած «Միութեան վիճակը» տարեկան ճառին ընթացքին, Նոյեմբերի ընտրութիւններուն հետեւանքով քաղաքականապէս տկարացած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շեշտեց Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն ապահոված հանրապետականներուն եւ դեմոկրատներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ազդարարելով, թէ ճակատագրական այս օրերուն երկիրը առաջ կրնայ երթալ միայն, երբ միասնաբար աշխատանք կը տարուի անոր հարցերը լուծելու, այլապէս երկիրը դատապարտուած է տեղքայլի կամ նահանջի:
Հակառակ հանրապետականներուն կոչերուն, թէ այս հանգրուանին շեշտը պէտք է դրուի պետութեան ծախսերը կրճատելու աշխատանքներուն վրայ, Օպամա յայտնեց, թէ այս հանգրուանին սխալ է նման առաջարկներ կատարել: Ան ըսաւ, թէ երկիրը կը նմանի օդանաւի մը եւ զայն աւելի արագ առաջ մղելու նպատակով անոր ծանրութիւնը նուազեցնելու համար շարժակը վար նետելու առաջարկները շատ խելամիտ չեն:
Իր կարգին, Օպամա յայտարարեց, թէ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու եւ միաժամանակ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ զարկ տալ նորարութեանց, յատկապէս՝ ուժանիւթի մարզէն ներս, ինչ որ Միացեալ Նահանգները աւելի մրցունակ պիտի դարձնէ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ: Այս նպատակին հասնելու համար, Օպամա շեշտեց, թէ կրթական մարզին մէջ յաւելեալ ներդրումներ պէտք է կատարուին:
Նախագահը միաժամանակ առաջարկեց աւելի ազդու դարձնել տուրքերու համակարգը, որպէսզի հսկայ ընկերութիւնները տուրքերէ խուսափելու նուազագոյն կարելիութիւնը ունենան, եւ խոստացաւ պետութեան ոչ կենսական ծախսերը յառաջիկայ հինգ տարիներուն պահել այս տարուան մակարդակին վրայ, ինչ որ 400 միլիառ տոլարի խնայողութեան կրնայ թարգմանուիլ:
Օպամա նաեւ քննադատեց առողջապահութեան մարզը բարեկարգելու նպատակով նախորդ Քոնկրեսին վաւերացուցած օրէնքը բեկանելու կամ զգալիօրէն տկարացնելու համար տարուող աշխատանքները, սակայն միաժամանակ յայտնեց, թէ այդ օրէնքին կարգ մը պայմանները փոխելու համար, պատրաստ է գործակցելու հանրապետական ընդդիմութեան հետ: