ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Երեքշաբթի, Փետրուար 1ին, հրէական ողջակիզման ընթացքին գործածուած իր կեդրոնացման ճամբարներով ծանօթ Լեհաստանի Աուշվից քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ զոհերու յիշատակին համար կազմակերպուած արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 40 երկիրներէ ու կազմակերպութիւններէ աւելի քան 200 պատուիրակներ: Ոգեկոչման ներկայ գտնուելու հրաւիրուած էին հրեայ, իսլամ ու քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր:
Մասնակիցներուն մէջ կային Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ պետական նախարար եւ Եւրոմիութեան հետ բանակցութեանց աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ:
Անցեալ շաբաթ եւս պետական ներկայացուցիչներ պաշտօնապէս մասնակցեցան Պոլսոյ «Նեվէ Շալոմ» սինակոկին մէջ կայացած ոգեկոչման հանդիսութեան:
Այս օրերուն, երբ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են, նման քայլեր բացայայտօրէն հրեաները սիրաշահելու նպատակ ունին:
Նման արարքներ ոչ միայն զոհերուն յարգանքի արտայայտութիւն չեն, այլ նաեւ կ՛անարգեն այդ զոհերը, որոնք այսպիսով կը շահագործուին իբրեւ քաղաքական գործիք պետութեան մը կողմէ, որ հրէական ողջակիզման նախատիպարը իրագործելէ ետք, կը շարունակէ ուրանալ այդ ահաւոր ոճիրը:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ այս օրերուն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը փորձէ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ ժողովրդավարութեան առաջնորդ, ու վերջերս, նոյնիսկ, «ժողովուրդին ականջ տալու» խրատներ սկսած է բաժնելու աջ ու ձախ, մինչ միւս կողմէ կը շարունակէ ոտնակոխել ոչ միայն քիւրտերուն, այլ նոյնիսկ թուրք այլախոհներուն ժողովրդավարական տարրական իրաւունքները: